Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ երկար ատեն առաջ պաշտամունքի փակուած էր, 18 Փետրուար 2022, Ուրբաթ, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։
Արարողութեան մասնակցեցան Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, քահանայից դասու անդամներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ դպիրները։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Ատենապետ Սիմոն Չէքէմի գլխաւորած Թաղային Խորհուրդի անդամները։ Քորոնա համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ արարողութիւնը կատարուեցաւ փոքրաթիւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։
Ժամը 16.00-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը, ժամանեց Պէյօղլու եւ դիմաւորուեցաւ հոգեւորականաց եւ եկեղեցւոյ պատասխանատուներու կողմէ։ Ապա, եկեղեցւոյ մուտքին կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն, որմէ յետոյ ներկաներ մուտք գործեցին բարեզարդեալ եկեղեցին։ Արարողութեանց երգեցողութիւնները կատարուեցաւ ներկայ հոգեւորականներու եւ դպիրներու կողմէ։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ աւագ խորանի, քովնտի խորաններու եւ պահարաններու Ս. Սեղանները, ինչպէս նաեւ մկրտութեան աւազանը, Ս. Մինաս Մատրան Սեղանը։
Օծման արարողութենէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։
Արարողութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ ուրախութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարեզարդման աշխատանքին կապակցութեամբ։ Պատրիարք Հայրը նախ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ պատմութեան, շեշտեց հայերուս եկեղեցասիրութիւնը, յատկապէս Պոլսահայերուն այս մասին իւրայատկութիւնը։ Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց Թաղային Խորհուրդը, որ իրականացուց սոյն հոյակապ աղօթատան բարեզարդման ամբողջ աշխատանքը։
Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, որ Տիրոջ տունը աղօթքի տուն պէտք է ըլլայ եւ այսօր այս հանդիսութեամբ Ս. Երրորդութիւն հոյակապ եկեղեցին կրկին կը նուիրուի աղօթքի ու պաշտամունքի։
Իր խօսքերու աւարտին, Պատրիարք Հայրը յայտնեց թէ՝ յառաջիկայ կիրակի պիտի մատուցուի անդրանիկ Ս. Պատարագը բարեզարդուած այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ եւ կրկին լսելի պիտի դառնան աղօթքը, շարականը եւ փառաբանութիւնը։
Արարողութիւնը, իր աւարտին հասաւ, միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։
Ապա Թաղային Խորհուրդը ընթրիքի սեղանով հիւրասիրեց հոգեւորականաց դասը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun