İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԵՐԿՈՒ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 16 Փետրուար 2022, Չորեքշաբթի, ընդունեց Երուսաղէմի Պատրիարքական Աթոռոյ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան երկու անդամները՝ Հոգշ. Տ. Արշակ Աբղ. Ղազարեանը եւ Հոգշ. Տ. Արտակ Աբղ. Տիւշէնեանը։

Հայր Սուրբերը, որոնք քաղաքս կը գտնուէին տարեկան արձակուրդով, այցելեցին Նորին Ամենապատուութեան։ Անոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեան տակ կը գտնուէին եւ Նորին Ամենապատուութեան փոխանցեցին Հայ Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հօր եղբայրական ողջոյնները։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Երուսաղէմի Նուրհան Պատրիարքի ողջոյններուն համար եւ եղբայրական սիրով փոխադարձեց, ապա բարի գալուստ մաղթեց Հայր Սուրբերուն եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց երկու երիտասարդ միաբաններու ներկայութեան համար։ Տուաւ իր հայրական օրհնութիւնները եւ բարի արձակուրդ մաղթեց իրենց։

Մեր Հոգեւոր Պետը ի յիշատակ սոյն այցելութեան, հիւր հոգեւորականներուն նուիրեց Աթոռոյս հրատարակութիւններէն։

Հայր Արշակ եւ Հայր Արտակ աբեղաներ Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնելէ եւ օրհնութիւնը ստանալէ ետք, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի առաջնորդութեամբ շրջեցան Պատրիարքարանը ինչպէս նաեւ Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանն ու Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարն ու համալիրը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın