İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը,16 Փետրուար 2022, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի գլխաւորութեամբ, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Իրաւաբան Սիմոն Չէքէմը, Խորհուրդի անդամ Պէրրին Տայանը եւ Իրաւաբան Լառա Մեծատուրեանը։ Այցելութեան ներկայ էին Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Աթոռոյս Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Այցելուներ Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնեցին, որ աւարտին հասած էր Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատանքները եւ եկած էին խնդրելու եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման համար Հոգեւոր Պետին տնօրինութիւնը։

Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց տարուած աշխատանքին համար եւ յետ խորհրդակցութեան որոշեց յառաջիկայ 18 Փետրուար 2022, Ուրբաթ երեկոյեան կատարել օծման ու պաշտամունքի վերաբացման հանդիսութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը բարեմաղթանքներ կատարեց եւ տուաւ իր օրհնութիւնը։

Օծման հանդիսութիւնը նոյն պահուն պիտի տեսասփռուի Պատրիարքական Աթոռոյս դիմատետրի էջէն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın