İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆԸ «ԿԱՊՈՅՏ ԵՐԱԶ» ՄԸ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԷ ԸՆԹԵՐՑԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր եւ իսկապէս յատկանշական գիրք մը, որ կը կոչուի «Կապոյտ երազ»։ Պատմուածքներու ժողովածոյ մըն է այս մէկը, որ կողքի մը տակ կը համախմբէ իսթանպուլահայ գրողներու ծովու, կղզիի, նաւու եւ նաւամատոյցի վերաբերեալ պատմուածքները, գրականութեան բաւիղներուն մէջ կը հետապնդէ Պոլսոյ ու պոլսեցիներու այս մեծ սիրոյն հետքերը։ Պոլսահայ պատմուածքի ծովաբոյր այս ընտրանին քաղած եւ հրատարակութեան պատրաստած է բանասէր ու գրականագէտ Սեւան Տէյիրմենճեան։ Ծրագիրը կեանքի կոչուած է Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ։

Հայ գրականութեան ծալքերէն ներս Սեւան Տէյիրմենճեանի կատարած մանրակրկիտ աշխատութեամբ ի յայտ եկած է այս հատընտիրը, որ կը ներկայացնէ մէկը միւսէն արժէքաւոր տասնինն հեղինակէ պատմուածքներ՝ քաղաքի, ծովու, ծովեզերքի, Իսթանպուլի կեանքի ու հարկաւ այս գեղեցիկ քաղաքի բնակիչներուն մասին։ Այդ հեղինակներն են՝ Արայ Կիւլէր, Եղիշէ Այվազեան, Արաքսի Նաթանեան, Սօնա Տէր-Մարգարեան-Թնկըրեան, Անահիտ Վան, Վ. Ս. Ծովակ, Ռաֆֆի Քէպապճեան, Վարդան Կոմիկեան, Զաւէն Պիպեռեան, Երուանդ Կոպէլեան, Կարօ Էլակէօզ, Ատրինէ Տատրեան, Գեղամ Սեւան, Սեդա Թեւեան, Վարուժան Աճէմեան, Օննիկ Ֆըչըճեան, Անդան Էօզեր, Յակոբ Մնձուրի, Վարդ Հազըրեան եւ Քրիստիան Բատիկեան։

Հնագոյն Կոստանդնուպոլսոյ, ինչպէս հայերը կ՚անուանեն Պոլսոյ ու վերջապէս Իսթանպուլի բազկերակը գրողի զգայնութեամբ արտայայտած այս անունները կ՚արձանագրեն տեղի ունեցած փոփոխութիւնները, կորուստներն ու նորութիւնները՝ միաժամանակ ճոխացնելով Իսթանպուլի զգացումներու աշխարհագրութիւնը։ «Կապոյտ երազ» կը խոստանայ ընթերցանութեան անյագուրդ ախորժակ մը, միւս կողմէ մատուցելով արժանին Պոլսոյ ծովերուն, որ անկասկած միլիոնաւորներու հասարակաց կապոյտ երազն է։ «Կապոյտ երազ»ը գովք մըն է մեր իսկ ձեռքով բրտօրէն դէպի ոչնչացում թաւալող պատմական քաղաքին, իր մշակոյթին ու բնակիչներուն…

Այս հատորը առիթ մը կը համարուի իսթանպուլահայ գրականութիւնը նոր հայեացքով մը սեւեռելու, ինչպէս նաեւ նոր աչքով դիտելու այն սիրելի վայրերը, զորս մաշեցուած են ամէնօրեայ հայեացքով։ Պատմուածքները տեղադրուած են անկախ իրենց հեղինակէն կամ թուականէն, հատորը պատրաստած գրականագէտի հայեցողութեամբ, որոշ յաջորդականութիւնով մը, որ ներքին կապ մը կը ստեղծէ անոնց միջեւ։

«Կապոյտ երազ»ը կը պարփակէ նաեւ քանի մը յատկանշական լուսանկար՝ մանաւանդ, որ գլուխները իրարմէ բաժնուած են մեծաւ մասամբ անմոռանալի վարպետ Արայ Կիւլէրի ոսպնեակի որսած դրուագներով։ 

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F16-02-2022-«արաս%C2%BB-հրատարակչատունը-«կապոյտ-երազ»-մը-կը-պարգեւէ-ընթերցասէրներուն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın