İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԷՆ ՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս ծանօթ է, թագաժահրի համավարակի, ապա Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր անհանգստութեան պատճառաւ, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական շնորհաւորութեան փոխադարձ այցելութիւնները յետաձգուած էին։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 14 Փետրուար 2022, Երկուշաբթի, ընդունեց Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպիսկոպոսի շնորհաւորական այցելութիւնը։

Հիւր Փոխանորդին կ’ընկերանար Բրշ. Ճիմի Սրկ. Սէրքէք, Ասորի Կաթոլիկ Վաքըֆի Վարչութեան Ատենապետ Միւնիր Իւչքարտէշ եւ անդամներէն Ալէն Շէլհաթ։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Պատրիարքական Աթոռոյս Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց Տեսուչ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Մոնս. Չանլը յայտնեց, որ ակամայ ուշացումով եկած էր իր եւ Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ անունով շնորհաւորելու Հայոց Պատրիարքին եւ Նորին Ամենապատուութեան անձին մէջ Հայ համայնքին նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը։

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց եղբայրական սոյն այցելութեան համար, շեշտեց երկու եկեղեցիներու միջեւ առկայ յարաբերութիւնը, մաղթելով որ մանկացեալ Տէրը խաղաղութիւն բերէ աշխարհիս եւ սպառի թագաժահրը, որպէսզի մարդկութիւնը կարենայ դառնալ իր բնականոն կեանքին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın