İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ ՅՍՏԱԿ ՉԷ ԵՐԿՐԻՆ ՎԻՃԱԿԸ»

Քէպէքէ ներս, Գանատա, Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Լեւոն Աֆէեան համոզուած է, թէ շուտով պիտի վերականգնուի սփիւռքի հետաքրքրութիւնը Հայաստանի նկատմամբ, սա ժամանակի հարց է։ Հայ իրականութեան հրատապ նիւթերուն շուրջ առիթն ունեցանք շօշափելու իր կարծիքը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Լեւոն Աֆէեանի տեսակէտները։ 

*

-Պր. Աֆէեան, ի՞նչ է Հայաստան ձեր այցելութեան նպատակը:

-Այցելութեան բուն նպատակն էր տեսակցութիւն ունենալ արտաքին գործոց փոխ-նախարարին հետ, որպէսզի ինծի յանձնէ պաշտօնական ծրարը իմ նշանակումին, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսը Գանատայի Քէպէք նահանգին մօտ։ Այստեղ փոխ-նախարարը յանձնեց ինծի պաշտօնական բոլոր վկայագրերը, որոնք երբ վերադառնամ պիտի ներկայացնեմ տեղի կառավարութեան:

-Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք այս մէկը ձեր առաջին այցելութիւնն է Հայաստան: Ինչպէ՞ս գտաք հայրենիքը:

-Իրականութեան մէջ, երբ միայն քաղաքին մէջ մնաս (նկատի ունի Երեւանի մէջ) առանց մարդոց հետ խօսելու, չես նկատեր, որ խնդիր մը կայ երկրին մէջ։ Ամէն ինչ բնականոն կ՚ընթանայ, կեանքը սովորական է, ժողովուրդը առաւօտուն գործի կ՚երթայ, խանութները բաց են, եւ այլն, եւ այլն… Այս անգամ իմ խօսակցութիւննները մարդոց հետ շատ նեղ շրջանակի մէջ էին, որովհետեւ շատ տեղեր չկրցայ այցելել։ Ես յաճախ Դիլիջան, Իջեւան եւ տարբեր շրջաններ կ՚այցելէի, բայց այս այցս սահմանափակուած էր միայն Երեւանով։ Ըսեմ նաեւ, որ երբ կը խօսէի մարդոց հետ, անոնց մօտ նկատեցի մտահոգութիւն, անորոշութիւն՝ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ վաղուան օրը եւ դէպի ո՞ւր կ՚երթանք: Ես միշտ ալ կը փորձեմ իրատեսօրէն նայիլ հարցերուն, ոչ թէ զգացական: Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի ժողովուրդին համար յստակ չէ երկրին վիճակը, ես գոնէ այդ տպաւորութինը ստացայ, մարդիկ անհանգիստ են, որովհետեւ չեն հասկնար, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ: Այստեղ ժողովուրդը աւելի հարցեր ունի իր կառավարութեան հետ, քան մենք Գանատայի մէջ մեր կառավարութեան, որ ինծի համար ձեւով մը անհասկնալի է…։ Գանատայի ժողովուրդը իր կեանքով կ՚ապրի, շատ հարցեր չի տար իր կառավարութեան, նաեւ միջամուխ չ՚ըլլար կառավարութեան կողմէ առնուելիք քայլերուն։ Սա համակարգային խնդիր է, կը կարծեմ, որ Հայաստանի մէջ պէտք է անպայման լուծումներ գտնուին։

-Ձեր կարծիքով՝ Հայաստանի ժողովուրդի այս կեցուածքը հետեւա՞նքն է պատահած դէպքերուն, կամ միշտ այսպէ՞ս եղած է, կամ արդեօք ժողովուրդի բնա՞զդի հարցն է: Ի՞նչ է գաղտնիքը:

-Ըստ երեւոյթին, անվստահութեան խնդիր կայ, հաւանաբար Սովետական Միութեան օրերէն սկսեալ։ Լիբանանի մէջ ալ, ուր ծնած եմ, ոչ թէ վստահութիւն չկայ, այլ անվստահութիւն կայ, անշուշտ, երկուքը տարբեր բաներ են։ Անվստահութիւն ըսելով գիտեն, որ դիմացինը սուտ կը խօսի: Հոս այսօր անվստահութիւն կայ ոչ միայն ժողովուրդի կողմէ կառավարութեան հանդէպ, այլ նաեւ անվստահութիւն կայ կառավարութեան կողմէ ժողովուրդի նկատմամբ, այսինքն ոչ ոք ոչ մէկուն կը վստահի: Անվստահութեան մթնոլորտի մէջ շատ դժուար է յառաջանալ եւ ունենալ բոլորի համագործակցութիւնը: Իմ կարծիքով՝ եթէ այս անվստահութեան մասով երկիրը քիչ մը լաւանայ, յետագային համագործակցութիւնը դիւրին կ՚ըլլայ եւ ժողովուրդը աւելի հանգիստ կրնայ ապրիլ:

-Այս պատերազմը իր մեծ ազդեցութիւնը ունեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի վրայ: Դուք կ՚ապրիք Գանատա, ուր կայ մեծ հայկական գաղութ մը, ձեր կարծիքով, այս անվստահութիւնը, որուն մասին խօսեցաք, արդեօք փոխանցուեցա՞ւ դէպի սփիւռք: Ի՞նչ է վիճակը այսօր սփիւռքի մէջ:

-Ցաւօք սրտի, ժողովուրդը շատ յուսախաբուեցաւ: Իմ խօսքս անշուշտ կը վերաբերի Մոնթրէալ քաղաքին, որ շատ հայաշատ, հայախօս եւ լաւ կազմակերպուած գաղութ մըն է: Թերեւս Մոնթրէալի մէջ շուրջ 30-40 հազար հայ կայ, բայց աւելի աշխոյժ ու արդիւնաւէտ է, քան 100 հազարնոց այլ գաղութ մը: Չորս հայկական եկեղեցի ունինք, երկուքը՝ Առաքելական, իսկ միւս երկուքը՝ Աւետարանական եւ Կաթողիկէ հայոց համար: Հայերը, որոնք իրենք զիրենք հայ պահած են ու մօտ են հայրենիքին, զգացին, թէ պատերազմի ժամանակ իրենց ներդրումը անպէտ էր, ոչինչ կրցան ընել, նաեւ լրատուական գրութիւնները, լրահոսը, որոնք մեծամասնութեամբ ճիշդ դուրս չեկան։ Վիճակները յաճախ սխալ ներկայացուեցան եւ չափազանցուած էին, իսկ մարդոց ակնկալիքները բարձրացուցած էին։ Այդ բոլորէն ետք վնասը շատ մեծ ձեւով ազդեց հազարաւոր հայերու հոգեկանին վրայ…։ Չեմ խօսիր նիւթականին մասին, որովհետեւ այն այլեւս այնքան ալ կարեւոր չէր. ի վերջոյ յուսախաբութիւնը հոգեկան մեծ հարուած էր: Ես ասոր մէջ կը մեղադրեմ այն, որ ժողովուրդը մեծ յոյսեր կապեց յաղթելու գաղափարին հետ, նաեւ այդ յաղթելու մասին արշաւը քիչ մը չափազանցուած էր: Հիմա երբ յետադարձ հայեացք մը նետենք, աւելի յստակ պիտի երեւի ամէն ինչ, իսկ այն ատեն չէինք գիտեր, որ այդքան վատ պիտի ըլլայ պատերազմի աւարտը: Հիմա բոլորը անորոշ վիճակ ունին, չեն գիտեր, թէ ինչպէս պիտի վարուին, շատեր կան նոյնիսկ կ՚ըսեն, որ այլեւս Հայաստան չենք երթար, բայց այդ միայն իբրեւ խօսք կը մնայ: Ես երբ Հայաստան եկայ ու նկարս դրի դիմատետրի էջիս Երեւանի շատ յայտնի թաղամասէ մը առնուած, մեծ թիւով հայրենակիցներ մեկնաբանութիւններ ըրին ու գրեցին՝ «Երանի՜ քեզի, կարօտցած ենք Հայաստանը»: Ուրեմն այդ բոլոր խօսքերը, որ Հայաստանէն կ՚ուզեմ կտրուիլ եւ այլն, թերեւս րոպէական պոռթկումներ են, ես լաւատեսօրէն կ՚ուզեմ հաւատալ, որ կարճ ժամանակ մը ետք սփիւռքը կրկին պիտի դառնայ ու կարօտը զգայ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ վստահ եմ, որ Հայաստանի հանդէպ սփիւռքի հետաքրքրութիւնը շուտով պիտի վերականգնուի, այդ մէկը ժամանակի հարց է։

-Դուք ամենածանր օրերուն պաշտօն մը կը ստանձնէք, պատուոյ հիւպատոս ըլլալը պատասխանատու գործ է մանաւանդ՝ կարեւոր բարեկամ երկրի մը մէջ: Ապագայի հետ կապուած ծրագիրներ կա՞ն, ի՞նչ ընթացքով պիտի գործէք:

-Իմ պաշտօնս իբր պատուոյ հիւպատոս պետութեան ներկայութիւնն է Քէպէք նահանգին մէջ: Մեր նպատակն է, որ Մոնթրէալի հիւպատոսական շրջանակներուն մէջ հայերը ներկայութիւն ունենան, նոյնպէս կառավարութեան հետ լոպիի հարցերով պիտի ընկերակցիմ մեր դեսպանին: Իմ պաշտօնս նոյնպէս ինձմէ կը պահանջէ, որ կարենամ ներկայ ըլլալ գաղութային բոլոր միջոցառումներուն, ուր կը հրաւիրուիմ իբր Հայաստանի պաշտօնական ներկայացուցիչ։ Նաեւ ձեւով մը կապ հաստատել եւ առիթներ ստեղծել Հայաստանի մէջ ներդրումներու, լաւ մթնոլորտ ստեղծել Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ:

-Այսօր կարեւոր խնդիրներէն մէկը, որ Հայաստանի հասարակութիւնը եւ ընդհանրապէս հայութիւնը կը յուզէ, Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններն են։ Գիտենք, որ բաւականին փշոտ նիւթ մըն է, դուք ալ սփիւռքահայ էք, ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին:

-Յստակ է, որ միջազգային դիւանագիտական շրջանակներու համար, եթէ Թուրքիան եւ Հայաստանը համաձայնութեան մը գան, սա ի շահ բոլորին է, տնտեսապէս եւ տեսականօրէն: Այն որ համաշխարհային բոլոր երկիրները կը քաջալերեն, որ այս տեղի ունենայ, բնական է, ո՞ր երկիրը չ՚ուզեր որ Իսրայէլը եւ Պաղեստինը հաշտուին: Պատկերացուցէք, որ ինչքան ծանր ճնշում կայ պաղեստինցիին վրայ, որպէսզի հաշտուի իսրայէլացիներուն հետ, այսօր նոյնքան ճնշում կայ հայերուն վրայ, որպէսզի թուրքերուն հետ խօսի: Վիճակը կը նմանի երկու կատուազգիներու յարաբերութեան, մէկը՝ կատու եւ միւսը վագր, բնական է, որ կատուն պիտի վախնայ վագրէն, բայց այդ ըսել չէ, որ բան մը պիտի չընէ: Հայաստանը ունի մտահոգութիւններ, որովհետեւ Թուրքիան հզօր տնտեսութիւն ունի, մեծ գիւղատնտեսական եւ արդիւնաբերական ուժ, ուրեմն ան պիտի կարենա՞յ մրցակցիլ այդ բոլորին հետ: Միւս կողմէ, որպէս գանատացի օրինակ մը տամ, Գանատայի հարեւանը հզօրագոյն Ամերիկան է, ուր արդիւնաբերական հզօրութիւնը անսահման է. այստեղ հարց կը ծագի՝ Գանատան կրնա՞յ մրցակցիլ Ամերիկայի հետ, երբ ժողովուրդի տուած հարկերով միայն պէտք է պահուի երկիր մը, որ Ամերիկայէն տասն անգամ մեծ է: Հետեւաբար, Գանատան ինչպէ՞ս պիտի կարողանայ «մրցակցիլ» կամ առնուազն խաղին մէջ ըլլալ։ Այո, Ամերիկա-Գանատա սահմանները բաց են ու Գանատան կղզիացած երկիր մը չէ, թերեւս ատոր համար է, որ պէտք է սորվի մրցիլ ու պայքարիլ։ Հետեւաբար Հայաստանն ալ ստիպուած պիտի ըլլայ կանգուն մնալ եւ հզօրացնել իր տնտեսութիւնը։ Ուրեմն, այս երկիրները պէտք է համաձայնին եւ սահմանները բանան։ Պէտք է նաեւ հաշուի առնել, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ նման բարդ յարաբերութիւններ եւ նոյնիսկ թշնամութիւն ունեցող երկիրներ շատ եղած են։ Օրինակ՝ Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ առկայ թշնամութիւնը եւ ատելութիւնը, վերափոխուեցաւ եւ բարեկամութեան յանգեցաւ։ Շատ երկիրներ կան, որոնք թէ՛ ատած են եւ թէ՛ սիրած են զիրար: Պէտք է հաւատանք, որ օրինակներ շատ կան, որ այսպիսի հարցեր ճիշդ ձեւով կրնան լուծուիլ: Եթէ այսօր ճիշդ պատկերացում ունենանք, արդեօք ճիշդ ռազմավարութիւն ունի՞նք հոն հասնելու։ Ես կը կարծեմ, որ այդ հարցով է, որ ժողովուրդը քիչ մը մտահոգ է:

-Ուրեմն կարեւոր է հիմա ռազմավարութիւն մշակել: Արդեօք հեշտ պիտի ըլլա՞յ այդ մէկը։

-Ես գործարար եմ, նոյնիսկ գործին մէջ ռազմավարութեան ու դիւանագիտութեան գործօնը կայ։ Տարիներու ընթացքին, երբ կարեւոր որոշումներու ժամանակը կու գար եւ նկատէի, որ սեղանիս եղած նիւթը իմ մասնագիտութիւնս չէ, անմիջապէս կը դիմէի խորհրդատուներու: Հետեւաբար մեզի համար ալ, իբրեւ ազգ եւ հայրենիք, երբեք ուշ չէ դիմել մասնագէտ-խորհրդատուներու, որպէսզի կարողանանք հանգիստ ձեւով այս դժուար վիճակէն դուրս գալ։ Այսօր շատ հարցեր ունինք, իսկ ժողովուրդը միայն վերջին երկու տարիներու վրայ կը կեդրոնանայ, բայց իրականութեան մէջ ստեղծուած դժուար վիճակը անցնող երեսուն տարիներու արդիւնք է, կրնայինք աւելի լաւ ըլլալ, բայց հիմա անոր մասին մտածելու ժամանակը չէ, հիմա ժամանակն է, որ ճի՛շդ հեռանկարը ու ճիշդ ռազմավարութիւնը գտնենք հասնելու այդ հեռանկարին: Ասկէ քսան տարի առաջ երբ մենք «Armenia 2020»ով սկսանք աշխատիլ, կ՚ըսէինք, թէ եթէ կամուրջ պիտի սարքես՝ նախ եւ առաջ պէտք է պատկերացում ունենաս, թէ մինչեւ ուր պիտի հասնի այդ կամուրջը…։ Եթէ հեռանկարը յստակ է՝ համերաշխութիւն պէտք է այս տարածաշրջանին մէջ եւ համաշխարհային փափաքն ալ այս է, ուրեմն եկէք ճիշդ ռազմավարութիւն որդեգրենք, ճիշդ մասնագէտները հրաւիրենք, կամուրջը ճիշդ կառուցենք ու մենք ալ մեր շահերը ունենանք անոր մէջ: Այս բոլորը որքան ալ լաւատեսութեամբ կ՚ըսեմ, բայց վտանգը բարձր է, որովհետեւ մենք կը մնանք կատու, իսկ մեր հարեւանները՝ վագր։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

http://www.jamanak.com/content/հարթակ/12-02-2022-«ժողովուրդին-համար-յստակ-չէ-երկրին-վիճակը»

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın