Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի գահակալութեան երեսնամեակը կը նշուի։Նոյն առթիւ պատրաստուած է վաւերագրական ժապաւէն մը։
Յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան 10 Փետրուար 2022, Հինգշաբթի իրիկուն, Առնավուտգիւղի Այիոս Թաքսիարխիս (Ս. Հրեշտակապետ) Եկեղեցւոյ սրահինմէջ մասնակցեցաւ ժապաւէնի ցուցադրութեան։
Հանդիսութիւնը, թագաժահրի համավարակի պատճառաւ կազմակերպուած էր սահմանափակտարողութեամբ։ Ներկայ էին Ասորւոց Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր ՖիլիւքսինոսՄետրոպոլիտը, Լատին Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Եպիսկոպոսը, Հրէից Խախամապետ Ռավ Իզհաք Հալէվան, Ա.Մ.Ն.ու Աւագ Հիւպատոսը, Ստանպուլի ՄայրՔաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու եւ կողակիցը, մետրոպոլիտներ, ակադեմականներ եւ այլն։
Բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկան շրջանի մետրոպոլիտ Աթենակորաս Սրբազանը եւԵկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետը եւ նշեցին որ ուրախութիւնը ունին Նորին Սրբութեանգահակալութեան երեսնամեակը նշելու։
Ապա կատարուեցաւ ցուցադրութիւնը այն ժապաւէնին, որով ներկաներ համառօտակի կերպովվկաները դարձան ծերունազարդ հովուապետին անցեալ երեսուն տարիներու ընթացքինկատարած ընդարձակ գործունէութեան։
Ցուցադրութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք եւ զգացուածոճով շնորհակալական խօսք արտասանեց բոլոր ներկաներուն։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Անցնողերեսուն տարիներու ընթացքին բաներ մը ընելու ջանացի։ Գահակալութեանս շրջանին գրեթէ ողջաշխարհ շրջեցայ։ Աշխատեցայ ծառայել եւ Աթոռին վարկը բարձր պահել։ Տեսայ որ մեր 1700-ամեայ Աթոռը իր ուրոյն տեղը ունի։ Ես պարզապէս ջանացի ծառայել»։ Ապա սրտանցշնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին։
Հանդիսութեան աւարտին Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան Նորին Սրբութեան փոխանցեց մերՀոգեւոր Պետին շնորհաւորութիւններն ու եղբայրական խնդակցութիւնները, որուն փոխարէնՊարթոլոմէոս Պատրիարք ջերմապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեանբարեմաղթանքներուն եւ իր ներկայացուցիչին միջոցաւ մասնակցութեան համար։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun