İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

Յակոբ Չոլաքեան

Գարեգին եպս․ Սրուանձտեանց մեր մէջ առաջին անգամ յայտնաբերեց արեւմտահայ գաւառի բառն ու բանը։ Անոր «Գրոց ու բրոց»ը (1874)՝ «Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ» յաւելուածով, «Մանանա»ն (1876), «Թորոս Աղբար»ը (Ա․ գիրք՝ 1879, Բ․ գիրք՝ 1884), «Համով-հոտով»ը (1884) հետաքրքրութիւն եւ սէր ստեղծեցին հայ ժողովուրդի «անգիր գրականութեան» նկատմամբ։ Արեւմտահայ մամուլը լրջօրէն սկսաւ հետաքրքրուիլ ժողովրդական բառ ու բանով, գաւառաբարբառներով ու հայերէնի տարբեր խօսուածքներով` տեղ տալով Մշոյ, Սասունի, Հազրոյի, Քղիի, Խարբերդի, Արաբկիրի, Մարաշի, Զէյթունի, Հաճընի եւ այլ շատ տեղերու բարբառներով գրի առնուած բանահիւսական նիւթերու, բառային ցանկերու, բարբառներու քերականական նկարագրութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւններու։ Գարեգին եպս․ Սրուանձտեանցի գործը շարունակութիւն ունեցաւ։ Արեւմտահայ գաւառներէն բաւականին նիւթ հասաւ մամուլին։ Կ․ Պոլսոյ «Բիւրակն» հանդէսը փաստօրէն շտեմարան մը եղաւ նման հաւաքագրումներու եւ ուսումնասիրութիւններու։

Հոս կ՛արժէ գիտնալ, թէ հոն ի՛նչ տեղ գրաւեցին հայաշխարհի ծայր հարաւարեւմտեան շրջաններու կամ Անտիոքի շրջանին մէջ գտնուող Պէյլանի, Սուէտիոյ, Քեսապի․ Արամո-Ղնէմիէի խօսուածքները։

Ահաւասիկ առաջին փշրանքները այս խօսուածքներուն մասին․

1․- Հալէպի «գաւառ»ի մէջ խօսուող բարբառի մասին մեզի ծանօթ առաջին անդրադարձը կու գայ 1879-էն։ Հալէպէն *** ստորագրութեամբ նամակ մըն է Իզմիրի Արեւելեան մամուլի խմբագրութեան (Արեւելեան մամուլ, Թ․ տարի, 1879, Օգոստոս, էջ 174։)։ Նամակագիրը սահմանադրական կարգերու կողմնակից եւ յայտնի ճանապարհորդ Կիրակոս Ս. Ղազանճեանն է՝ «Խառն նամակներ ուղեւորութեան» (Կ. Պոլիս, 1886) գիրքին հեղինակը: Ան խօսելով Հալէպի «գաւառին մէջ գտնուած տաս գիւղերու» հայոց մասին կը գրէ․ «Իրենց լեզուն ու դիմադրութիւնն, որ Հաճնոյ, Զէյթունի ու Մարաշի հայոցը կ՛նմանին, կը հաստատեն իրենց ծագումը։ Այս հայերէնը բուն Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ ուրիշ հայ գաղթականաց բարբառին չնմանիր։ Ձայնաւոր տառերու կանոնաւոր փոփոխութեամբ բոլորովին նոր ճիւղ մը կը կազմէ։ Միավանկ բառերու ա տառը եւ բազմավանկ բառերու վերջին վանկի նոյն տառը ո-ի փոխուած է, ինչպէս հաց՝ հոց, մարդ՝ մորդ, ճամբայ՝ ճամբոնք, բանալ՝ բանոլ եւ այլն։ Բառին սկիզբը ե-ը ի տառին փոխուած է, ինչպէս երկաթ՝ իրկոթ, երկինքէ իրկինք, երես՝ իրես եւ այլն։ Միավանկ բառերու եւ տառերը օ-ի փոխուած է․ ջուր՝ ջօր, դուռ՝ դօռ, թէեւ այս տառափոխութիւն բացառութիւններ ունի, ինչպէս՝ սուր, թուր, խուլ եւ այլն»։ Բերիոյ առաջնորդարանի շրջանակներուն մէջ «գաւառ» արտայայտութեամբ կը հասկնային Անտիոքի շրջանը՝ Պէյլանի, Սուէտիոյ, Քեսապի, Տերիւս լեռան եւ Ճսըր Շուղուրի հայկական գիւղերով, սակայն հեղինակը հոս չի նշեր, թէ ո՛ր գիւղերուն մասին է խօսքը։ Բերուած օրինակներէն շատերը կը կրկնուին Անտիոքի շրջանի տարբեր խօսուածքներուն մէջ, բայց ու ձայնաւորի անհնչիւնափոխ ըլլալու հանգամանքը մեզ կը մղէ կարծելու, որ խօսքը Պէյլանի բարբառին մասին է։ Իսկ «տասը գիւղերն են Պէյլան, Աթըգ, Սովուք Օլուք, Ֆարթըսլի, Հովուտ, Գանլը Տէրէ, Գըշլա Տէրէսի, Կիւզելլի, Նարկիզլիք եւ այլն։

2․- Յաջորդ ակնարկութիւնը կու գայ այս անգամ Կ․ Պոլսոյ Մասիսի խմբագրութեան ուղղուած նամակէ մը․ նամակագիրը դարձեալ Կիրակոս Ղազանճեանն է՝ այս անգամ իր անուան ստորագրութեամբ (Մասիս, թիւ 2523, 12 Յունուար 1880)։ Կը գրէ․ «Ունի (Անտիոք) շատ մը գիւղեր, որոց գլխաւորներն են Պիթազ (Պէսիթէա), Հաճի Հապապ, Եօղուն Օլուխ, Խտըրբէկ եւ Քէպուսի․ այս հինգ գիւղին մէջ 1200 տուն հայ կայ, որոնք հին հայերէն մը կը խօսին գրաբարի ոճով, օրինակ՝ կ՛ըսեն գոցէ զդուռն, բեր զհացն եւ այլն։ Բայց ձայնաւոր գրերի հնչմունքը փոխած են․ ա գիրը ո կը կարդան, ու գիրը օ կը կարդան, հացին՝ հոց, ջուրին՝ ջոր կ՛ըսեն, նաեւ բոլոր ձայնաւորները՝ փոխուած» ։ Նոյն տեղը կը խօսի Ճսըր Շուղուրի Եագոպի (եագուպիէ) եւ Կընիա (Ղընեայ) գիւղերուն մասին․ «Ասոնք հայերէն բնաւ չեն գիտեր, թէեւ եկեղեցին հայերէն կը կարդան եւ ասացմունքը գիտեն եւ կը հասկնան, կրնան թարգմանել, բայց արաբերէն լեզուաւ» ։ Ակնարկութիւն կայ Քեսապ գիւղին (Կասիոս) մասին, «երկրագործ եւ հին արհեստաւոր․ կը խօսին հայերէն եւ տաճկերէն, բայց արաբերէնը յարգի է»։

3․- Զ․ Կէնճեան (Հալէպէն), «Անտիոքի (=Անթաքիոյ) մօտակայ հայաբնակ գիւղերու գաւառաբարբառէն նմոյշ մը» (Բիւրակն, ԺԷ․ տարի, 7 Յուլիս 1899, թիւ 28, էջ 443)։ Հոս կը տրուի Յովհաննու աւետարանի ԺԲ․ գլուխի 24 համարի բնագիրը եւ անոր թարգմանութիւնը։ Բարբառագէտ Գաղթուհի Կ․ Հանանեան կը յայտնէ, որ ան «Հաջի-Հաբիբլիի խօսուածքով է (Սվեդիայի բարբառը (Խտրբեկի խօսուածք), Երեւան, 1995, էջ 12) ։

4․- Սսական Վարդ․, «Լեզուաբանական – Անտիոքայ Քէսապ գիւղի հայոց լեզուով ըսուած «Հայր մեր»ը» (Բիւրակն, ԺԸ․ տարի, 12 Դեկտեմբեր 1900, թիւ 46, էջ 731)։ Յետ թարգմանութեան՝ կու տայ 4 բառի բացատրութիւն․ պիւպ՝ հայր, չիւցըրքի՝ ինչպէս որ, թըրզէն՝ այնպէս, Խալըսօ՛՝ ազատէ։

5․- Արամոյի բարբառով կը հանդիպինք երկու նիւթերու․ առաջինը գրաբար երեք աղօթքներէ քաղուած 8 տողանի վերածում մըն է, զոր կու տայ Բերիոյ Թղթակիցը՝ Արսէն քահանայ Յարութիւնեան («Կիլիկեան մոռցուած անկիւններ», Արեւելեան մամուլ, 1906, էջ 1203), իսկ երկրորդը՝ Այծեամն, «Թղթակցութիւն – Նմոյշ մը Արամո գիւղին հայ լեզուէն» (Հանդէս ամսօրեայ, Վիեննա, ԻԱ տարի, 1 Յունուար 1907, էջ 27). Հոս թարգմանաբար կը տրուի «Հայր մեր»ը եւ հատուած մը սաղմոսերգուէն՝ «Սաղմոս եւ մաղթանք»։

Այս օրինակներով փաստօրէն յայտնի կը դառնան արեւմտեան հայաշխարհի ծայր հարաւարեւմտեան մեր 4 բարբառախօս շրջանակները՝ Սուէտիա, Քեսապ, Արամո եւ Պէյլան։

20-րդ դարու սկիզբը, թէ՛ արեւելահայ եւ թէ արեւմտահայ իրականութեան մէջ, մամուլի մէջ թէ առանձին գիրքերով ներկայացուած բարբառագիտական նիւթը հայագէտներուն մտածել տուաւ հայ բարբառները աշխարհագրական տեղաբաշխումէն անկախ՝ դասակարգել լեզուական ընդհանուր յատկանիշի մը հիման վրայ։ Այդ բանին ձեռնարկեց Հրաչեայ Աճառեան 1911-ին հրատարակած իր «Հայ բարբառագիտութիւն (ուրուագիծ եւ դասաւորութիւն)» աշխատասիրութեամբ, որով ան, հիմնուելով սահմանական եղանակի ներկայ ժամանակի կազմութեան տարբերութիւններուն վրայ, հայ բարբառները ձեւաբանօրէն դրաւ երեք ճիւղերու մէջ՝ ում, կը եւ ել։ Ան փաստօրէն հիմը կը դնէր հայ բարբառագիտութեան՝ բարբառներու գիտական նկարագրութեան եւ դասակարգումին։

Հր․ Աճառեան Անտիոքի շրջանի վերաբերող նիւթերէն ոմանց ծանօթ ըլլալով եւ այլ միջոցներով հայթայթած մասնակի տուեալներու հիման վրայ կիլիկեան բարբառներու մէջ կ’առանձնացնէ Սուրիոյ բարբառը՝ նկատի ունենալով Արամոյի եւ շրջակայ գիւղերու խօսուածքները, սակայն ան կիլիկեան բարբառախումբին մէջ «Անթաքայի բարբառ» անունին տակ կը դնէ Սուէտիոյ, Քեսապի, Արամոյի, Քիլիսի, Պէյլանի եւ Ճսըր Շուղուրի գիւղերու խօսուածքները։ Բոլորը կը դնէ կը ճիւղին մէջ։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ մեծ գիտնականը իր այս եզրայանգումները կատարած է բարբառային եւ աշխարհագրական խիստ սահմանափակ ու յաճախ ոչ ճիշդ տեղեկութիւններու վրայ․ օրինակ՝ բարբառներու այդ շրջանակին մէջ կը յիշատակէ Քիլիսը, որ արդէն թրքախօս էր այդ ատեն, իսկ Ճսըր Շուղուրի գիւղերը (նկատի ունենալ Եագուպիէ եւ Գնիէ գիւղերը) արաբախօս էին։

Yerakouyn.com


Batı Ermenistan Ve Batı Ermenileri Sorunları Araştırma Merkezi

Yorumlar kapatıldı.