Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 8 Փետրուար 2022, Երեքշաբթի, ժամը 10ին այցելեց Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք Հօր։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանային Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց Վարիչ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը նախ իր հետեւորդներուն հետ այցելեց Սուրբ Գէորգ Աթոռանիստ Տաճար եւ կատարեց իր ուխտի աղօթքը։
Մեր Հոգեւոր Պետը հիւանդութեանց պատճառներով յետաձգուած շնորհաւորական փոխադարձ այցելութիւններէն յետոյ շնորհաւորեց Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը։ Երկու հոգեւոր պետեր այս առթիւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց շուրջ ունեցան գաղափարի փոխանակումներ։
Նորին Սրբութիւնը ի յիշատակ այս այցելութեան Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց պատրիարքական գեղեցիկ ասա մը։ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններ ըրաւ Հայ համայնքին։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ հրաժեշտ առաւ Նորին Սրբութենէն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun