Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 5 Փետրուար 2022 թուակիր նամակով Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանին եւ կողակցին արագ ապաքինում մաղթեց։
Ինչպէս ծանօթ է, Վսեմաշուք Նախագահն ու Տիկինը վարակուած են թագաժահրի համավարակէն, սակայն հիւանդութեան ազդեցութիւնը բարեբախտաբար թեթեւ եղած է իրենց վրայ։
Մեր Հոգեւոր Պետը իր գրութեան մէջ յանուն Իր անձին, Պատկառելի Կրօնական Ժողովի եւ Թուրքիոյ Հայ համայնքի արագ ապաքինում մաղթեց Նորին Վսեմութեան եւ կողակցին, յայտնելով թէ աղօթք կ՚առաքուէր առ Աստուած իրենց առողջութեան համար։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun