İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՖԼԱՅ ՈՒԱՆ ԱՐՄԵՆԻԱ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Փետրուար 2022, Հինգշաբթի, ընդունեց Ֆլայ Ուան Արմենիա (Fly One Armenia) օդային ընկերութեան վարչական խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեանը։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Ինչպէս ծանօթ է, Երեւանի եւ Ստանպուլի միջեւ վերահաստատուած օդային ուղիի թռիչքի Հայաստանի պատասխանատու ընկերութիւնը երեկ անդրանիկ թռիչքը կատարելով հասաւ քաղաքս։ Եւ նոյն առթիւ Արամ Անանեան այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան։

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթելէ ետք, պարզեց իր ուրախութիւնը եւ ըսաւ թէ յոյս ունի, որ օդային այս կապի վերահաստատումը առիթ պիտի ըլլայ դրացի երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու փոխյարաբերութեան բնականոնացման։

Իսկ Արամ Անանեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրասիրութեան, ապա բարեմաղթանքներուն համար եւ ըսաւ թէ ինք եւս կը ձայնակցի Նորին Ամենապատուութեան խօսքերուն։ Իրենց ընկերութիւնը կարելին պիտի ընէ, որպէսզի լաւագոյնս ընթանան սոյն թռիչքները, որոնց արդիւնքը պիտի ըլլան դրական դրացի  երկու երկիրներու համար եւս։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın