Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 2 Փետրուար 2022, Չորեքշաբթի, ընդունեց Հալըճըօղլուի Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Խորհուրդի իրաւաբան Էօմէր Քանթիք։
Սոյն այցելութեան ընթացքին, այցելուները յայտնեցին որ եկած էին քաղաքավարական այցելութիւն մը տալու Նորին Ամենապատուութեան, ինչպէս նաեւ Թաղային Խորհուրդի գործունէութեանց ու ծրագիրներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու։
Հանդիպման աւարտին, Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Թաղային Խորհուրդին իրենց Հոգեւոր Պետին ու կեդրոնին հանդէպ ցուցաբերած զգայնութեան համար եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun