Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու շուրջ երկուքուկէս տարուայ ընդհատումէ մը վերջ վերսկսումը այս օրերուն հանրային կարծիքի առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դարձած է՝ մանաւանդ, որ այս իրադարձութիւնը տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի համայնապատկերին վրայ։ Թուրքիայէն «Pegasus» եւ Հայաստանէն «Fly One Armenia» ընկերութիւնները կ՚իրականացնեն չուերթները։
«Fly One Armenia»ի Երեւան-Իսթանպուլ առաջին թռիչքով քաղաքս ժամանած ընկերութեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը երէկ օրուան տեւողութեան ունեցաւ զանազան շփումներ։ Այսպէս, ընկերութեան վարչական խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեան եւ իր ընկերակիցները երէկ օրուան սկիզբին Պատրիարքարան այցելելէ վերջ ուղեւորուեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ, որ, միեւնոյն ժամանակ, Թրքահայ վաքըֆներու միութեան գլուխը կը գտնուի։ Ներկայ էին նաեւ հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէք եւ մեր ազգայիններէն Նազար Պինաթլը։ Պետրոս Շիրինօղլու հիւանդանոցի վարչական բաժանմունքէն ներս ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Արամ Անանեանը եւ ընկերակիցները։ Ան ուրախութիւն յայտնեց Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսման կապակցութեամբ։ Շիրինօղլու նշեց, որ մեր համայնքային շրջանակները կ՚ակնկալեն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ ուղիղ թռիչքներու վերսկսումը կ՚արժեւորեն այս համատեսքին մէջ։ Իր կարգին, Արամ Անանեանն ալ յայտնեց, որ «Fly One Armenia» ընկերութիւնը այս գործին ձեռնարկած է՝ գիտակցելով, թէ առեւտրական նշանակութեան առընթեր սա կ՚ենթադրէ մասնաւոր առաքելութիւն մը։ Անմիջական կարծիքի փոխանակումներով շարունակուած զրոյցի աւարտին, Մկրտիչ Սերթշիմշէքի ուղեկցութեամբ, Անանեանի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները շրջայց մը կատարեցին հիւանդանոցի համալիրէն ներս եւ հրաժեշտ առին վառ տպաւորութիւններով։
Արամ Անանեան եւ ընկերակիցները յետմիջօրէին ժամանեցին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը, ուր կազմակերպուած էր մամլոյ ասուլիս մը։ Արամ Անանեանի եւ պոլսահայ մամլոյ սպասաւորներու հանդիպումը եւս անցաւ անմիջական մթնոլորտի մէջ։ Թէ՛ հիւրերը եւ թէ մամլոյ սպասաւորները ջերմօրէն ողջունուեցան ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանի, ներկայացուցչական խորհրդական Նաղաշ Յակոբեանի եւ իրենց օգնականին՝ Էրլին Իսփիրօղլուի կողմէ։ Անոնց ապահոված հիւրընկալութեան մթնոլորտին մէջ Արամ Անանեան ջերմօրէն ողջունեց պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչները՝ յիշեցնելով, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը կը համարուէին պաշտօնակից։ Արդարեւ, Արամ Անանեան երկար տարիներ եղած էր «Արմէնփրէս» գործակալութեան ընդհանուր տնօրէնը եւ այդ առաքելութիւնը իրականացնելու ժամանակ սերտօրէն համագործակցած՝ պոլսահայ մամուլին հետ։
Երէկուան մամլոյ ասուլիսին ժամանակ ան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ «Fly One Armenia» ընկերութեան եւ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսման խոստացած հեռանկարներուն շուրջ։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Արամ Անանեան ողջունելի համարեց Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսումը։ Այս ծիրին մէջ ան յաջողութեան մաղթանքներ ալ յղեց «Pegasus» ընկերութեան, որ Թուրքիոյ կողմէ կ՚իրականացնէ թռիչքները։ Անանեան յայտնեց, որ «Fly One Armenia» կը ձգտի դառնալ ուժեղ օդային ընկերութիւն մը եւ ամուր դիրք մը ապահովել օդագնացութեան շուկայէն ներս։ Այս բոլորը կարելի է կեանքի կոչել՝ ընկերութեան գործունէութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, առաքելութեան մը ձեւով ըմբռնելով։ Արդարեւ, «Fly One Armenia»ն որդեգրած է արժէքներ, որոնցմով մեծապէս կը կարեւորէ մարդասիրական կապերու մշակումը եւ Հայաստանը բոլորին ճանաչելի դարձնելու հանգամանքը։ Այս նորաստեղծ ընկերութիւնը ցայսօր չուերթներ կ՚իրականացնէր Երեւան-Լիոն ուղղութեան վրայ եւ Երեւան-Իսթանպուլ ուղղութիւնը եկած է երկրորդել։ Սա թէեւ համեստ, բայց ինքնավստահ մեկնարկ մըն է այս ընկերութեան տեսակէտէ, որ իր չուերթները կ՚իրականացնէ երկու շատ նոր օդանաւերով ու կը նախատեսէ շուտով ձեռք բերել՝ նոյնպէս նոր եւ աւելի մեծ երրորդ օդանաւ մը։ «Fly One Armenia»ի տեսակէտէ վստահութիւնը կը նկատուի ամենամեծ պաշարը, ուստի ընկերութիւնը կը նախատեսէ սերտօրէն աշխատիլ լրատուամիջոցներուն հետ։ Ցայսօր թռիչքի համար ընդգրկուած երկու ուղղութիւններու պարագային ալ ընկերութիւնը մեծապէս կը կարեւորէ տեղւոյն հայկական համայնքներու եւ Հայաստանի միջեւ կապերու ամրապնդումը։ Արամ Անանեան յայտնեց, որ այս մօտեցումին հետ ուղիղ համեմատութիւն կը կազմեն Իսթանպուլի իր կարճ կեցութեան ժամանակ համայնքային շրջանակներուն հետ ունեցած շփումները՝ մանաւանդ, պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումը։ Ան ընդգծեց, որ պոլսահայ մամուլը ինքնութեան սիւներու շարքին կը դասէ։
Աւելի վերջ Արամ Անանեան զանազան բացատրութիւններ տուաւ Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքներուն շուրջ։ Ներկայիս թռիչքներու համար տոմսերը պէտք է առցանց ապահովուին՝ ընկերութեան կայքէջին միջոցաւ։ Այդ մէկը միջազգային նման բոլոր համակարգերուն հետ համարկուած է։ Մէկ ուղղութեան համար նախատեսուած գինը 39 եւրօ է։ Միակողմանի թռիչքի համար սահմանուած այս սակագինը չ՚ընդգրկեր ճամպրուկները։ Առցանց տոմսերը ձեռքբերելու ժամանակ համապատասխան ընտրութիւնները պէտք է կատարուին՝ ըստ պայուսակներու թիւին։ Արամ Անանեան նշեց, որ առցանց հարթակի վրայ թռիչքներու սակագիները պահանջարկի եւ առաջարկի յարաբերակցութեան համաձայն կը ձեւաւորուին։ Առայժմ թռիչքները շաբաթը երկու օր պիտի ըլլան եւ ամենայն հաւանականութեամբ մօտաւոր ապագային կրնան դառնալ աւելի յաճախակի։
Առաջին թռիչքի ուղեւորներու ընդհանուր դիմագիծին անդրադառնալով՝ Արամ Անանեան նշեց, որ անոնք զանազան խմբաւորումներէ կամ հասարակական շերտերէ կու գային։ Թռիչքի ճամբորդներու շարքին կը գտնուէին գործարարներ, զբօսաշրջիկներ, մեր համայնքէն դէմքեր, երրորդ երկիրներու քաղաքացիներ եւ այլն։ Այդ զանազանութիւնը կու գար ապացուցանել, որ բոլոր խաւերու տեսակէտէ յարմար կը նկատուի այս թռիչքը եւ իրենք կը փափաքին շատ աւելի լայն ընդգրկում մը ապահովել չուերթներուն։
Հաւաքոյթի տեւողութեան Արամ Անանեան բացատրեց, որ Հայաստանի գտնուած տարածաշրջանէն ներս օդագնացութիւնը եղած է միշտ պահանջուած եւ այդպէս ալ պիտի մնայ։ «Fly One Armenia» ընկերութիւնն ալ այս մեկնակէտով կը պատկերացնէ իր գործունէութեան ապագան։ «Մեր փիլիսոփայութիւնն է անվտանգ ծառայութիւնը հասանելի դարձնել բոլորին։ Մեր ընկերութիւնը կը ձգտի որակեալ ու յաւակնոտներու շարքին դաս-ուիլ եւ իր կարողութիւններով ըլլալ պահանջուած, զարգացնել ենթակառուցուածքները, պայմանաւորել հայկական օդագնացութեան ապագան՝ ընդհուպ մինչեւ լաւ ազգային փոխադրող մը դառնալը», ըսաւ Արամ Անանեան։ Հուսկ, ան մատնանշեց, որ համապատասխան կարողութիւններով օժտուած օդային ընկերութիւն մը՝ Հայաստանի նման աճող շուկայէ մը ներս բազմապատկիչ ազդեցութիւն կրնայ գործել նաեւ այլ յարակից ոլորտներու տեսակէտէ։
Արամ Անանեան մի առ մի պատասխանեց նաեւ մամլոյ ասուլիսի մասնակից բոլոր լրագրողներու հարցումներուն՝ ընդգծելով, որ «Fly One Armenia» ի գործ պիտի դնէ իր բոլոր կարելիութիւնները՝ նպաստելու համար պոլսահայ մամուլի գործունէութեան։
Մամլոյ սպասաւորները արձակուելէ առաջ Արամ Անանեանի եւ ընկերակիցներու նկատառման յանձնեցին, որ «Fly One Armenia» ընկերութեան տեսակէտէ լուրջ առաւելութիւն մը կը համարուի՝ անոր սաւառնակներուն ուղղակիօրէն Իսթանպուլի օդակայանը վայրէջք կատարելը՝ մինչ «Pegasus» ընկերութեան թռիչքները կ՚իրականացուին «Սապիհա Կէօքչէն» օդակայանէն։
ԸՆԹՐԻՔ
Այս բոլորէն վերջ օրուայ աւարտին Ճիհանկիրի «Ճաշ» նշանաւոր ճաշարանին մէջ ընթրիք մը սարքուեցաւ ի պատիւ Արամ Անանեանի եւ ընկերակիցներուն։ Ինչպէս ծանօթ է, «Ճաշ»ի սեփականատէրն է մեր համակրելի համայնքային գործիչներէն Տայք Միրիճանեան, որ «Ճաշակ» անունով ճաշարան մըն ալ ունի Երեւանի մէջ։ Ան օրէն ի վեր հետամուտ եղած է իր ճաշարաններու երդիքին տակ մշակութային ակումբի միջավայր մըն ալ ստեղծելու։ Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքներու կազմակերպման Տայք Միրիճանեան եզակի նպաստ մը բերած է։ Արդարեւ, առաջին թռիչքին առթիւ «Fly One Armenia» ընկերութիւնը Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն ներս կազմակերպած է աշխարհահռչակ անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի դրուագներով ցուցահանդէս մը՝ «Իսթանպուլի աչքը» վերնագրով։ Արամ Անանեանի խնդրանքին ընդառաջ այդ ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Տայք Միրիճանեանի արխիւէն յատկացուած Արա Կիւլէրի զանազան լուսանկարներով։ Ուստի, ի շարունակութիւն այդ համագործակցութեան՝ Տայք Միրիճանեան փափաքած է քաղաքիս մէջ ընթրիքի սեղանով մը պատուել Արամ Անանեանը եւ ընկերակիցները։ Ինչպէս օրուան տեւողութեան, աւարտին ալ անմիջական ու ոգեւոր մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ հիւր պատուիրակութեան ներկայութեամբ։ Տայք Միրիճանեան իր գործըկերոջ՝ Արեգ Էրզրումլուօղլուի հետ ողջունեց բոլոր ներկաները, որոնք հաւաքուած էին ճաշասեղանի շուրջ։ Իսկապէս ընտանեկան մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ երեկոյթի ընթացքին, մինչ Հայկ Քէչէճեանն ալ գործադրեց երաժշտական յայտագիր մը։ Բացի հիւրերէն այս ընթրիքին հրաւիրուած էին Սահակ Սարգսեան, Նաղաշ Յակոբեան, Թուրքիա-Հայաստան գործարարներու միութեան համանախագահ Նոյան Սոյաք, Կարսէն հասարակական գործիչ եւ Անիի աւերակներու վերաբերեալ գիրքի հեղինակ Վետաթ Աքչայէօզ, «Հայճար»էն Գէորգ Էօզգարակէօզ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ «Ակօս»ի հայերէն բաժնի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։ Ընթրիքի սեղանի շուրջ արտասանուեցան բաժակաճառեր՝ մինչ բոլորի հասարակաց մաղթանքն էր, որ ուղիղ թռիչքներու վերսկսումը նախադրեալ մը հանդիսանայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ այլեւս բեկում մը ապահովելու համար։
«Fly One Armenia» ընկերութիւնը այսօր արդէն երկրորդ ուղիղ թռիչքը կ՚իրականացնէ Երեւան-Իսթանպուլ ուղղութեան վրայ։ Երեկոյեան ժամերուն նախատեսուած վերադարձի թռիչքով քաղաքէս հրաժեշտ կ՚առնեն նաեւ Արամ Անանեան եւ ընկերակիցները։
ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ
Միւս կողմէ, տեղական մամուլն ալ կը շարունակէ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերաբերեալ հրապարակումներ ընել։ Հաղորդումներուն մէջ տեղ կը գտնեն Երեւան մեկնած զանազան թուրք գործարարներու կամ օտար ուղեւորներու մեկնաբանութիւնները կամ տպաւորութիւնները։ Հրապարակումներուն մէջ կը յիշեցուի նաեւ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները վիզա ստանալու ստիպողութիւն ունին Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտք գործելու համար։ Ներկայիս Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, տեղւոյն վրայ մուտքի թոյլտուութիւն ստանալու հնարաւորութիւն գոյութիւն չունի։ Վիզաները պէտք է նախօրօք ապահովուին առցանց դիմումով։
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F4-02-2022-ինքնավստահ-մեկնարկ
İlk yorum yapan siz olun