ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ըստ ժամանակացուցակի կը գտնուէինք այստեղ, որպէսզի մութ գիշերին միանայինք պատմական վանքի խորախորհուրդ մթնոլորտին եւ աղօթական միջավայրէն տարուած խոկայինք Ս. Ստեփաննոսի Տօնի նախօրեակին։ Ուստի լաւ կ՚ըլլայ իմանալ այս պատմականին մասին, որպէսզի «պատմական» բառը սոսկ ածական մը չդառնայ մեր մօտ ու իմաստաւորէ մեր կեցութիւնը։
Համալիրը գիրկընդխառնուած է բնութեան հետ եւ կը բաղկանայ չորս եկեղեցիներէ. Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի, Ս. Նշան Եկեղեցի, Ս. Կաթուղիկէ Եկեղեցի եւ Ս. Յարութիւն Եկեղեցի։ Գլխաւոր Եկեղեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին է, որ ըստ նախնական աղբիւրներու 1003ին կառուցուած է Գրիգոր Մագիստրոս Պահլավունիի կողմէ, որ նման համալիրի միւս եկեղեցիներուն կառուցուած է սեւ ու սրբատաշ քարերով։
Եկեղեցին ունի երկու մուտք, արեւմտեան եւ հարաւային, սակայն հարաւային մուտքը իր վերեւի յիշատակարանով ու ընդարձակ ու ճոխ դուռով աւելի ուշագրաւ կը դառնայ։ Նոյն դրան վրան կանգնած է արդէն այն յիշատակարանը, ուր կը ներկայացուին՝ Գագիկ Ա. Բագրատունին որպէս թագաւոր, Սարգիս Ա. Սեւանցին որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ հիմնադիր՝ Գրիգոր Մագիստրոս Պահլավունին։ Բաց աստի, նորաշէն յիշատակարան մը եւս կցուած է այստեղ ուր կը յիշատակուին եկեղեցւոյ վերջին վերաշինութեան բարերար՝ Վլատիմիր Յարութիւնեանի, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Առաջնորդ՝ Առաքել Եպս. Քարամեանի անունները։
Կողքի Ս. Նշան Եկեղեցին եւս կառուցուած է Գրիգոր Մագիստրոսի կողմէ, 1051 թուականին։ Իշխան Վասակ Խաղբակեանի աջակցութեամբ 1203-1214ին կը կառուցուի Ս. Կաթողիկէ Եկեղեցին։ Իսկ քիչ մը վերեւ կը գտնուի Ս. Յարութիւն Եկեղեցին, որ եւս կառուցուած է Վասակ Խաղբակեանի ջանքերով։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Ս. Նշան Եկեղեցոյ միջեւն է այն փոքրիկ մատուռիկը, զոր կրնայ հիւրընկալել միայն քանի մը հոգի։
19րդ դարու սկիզբը վանական համալիրը երկրաշարժէ յետոյ բաւական վնասուած է եւ երկար տարիներ մնացած՝ աւերակի նման։ Սակայն 21րդ դարու մերձաւոր շրջանին Մայր Աթոռոյ նախաձեռնութեամբ Վլատիմիր Յարութիւնեան անուն բարերար մը կը ստանձնէ վանքի բոլորովին վերակառուցման ծախսերը եւ հսկայ աշխատութենէ մը յետոյ վանքը իր զարդարանքներով, գմբէթներով ու համալիրով վերածնունդ կ՚ապրի եւ նոր հազարամեակի յաջորդող ամիսներուն ձեռամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի պաշտամունքի կը վերաբացուի։ Իսկ 2003 թուին, վանքի հաստատման 1000 ամեակին առթիւ հանդիսաւոր տօնախմբութիւններ տեղի կ՚ունենան։
Վանքը ներկայիս կը ծառայէ, որպէս Առաջնորդանիստ Տաճար Կոտայքի Թեմին։
Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ թաղուած են՝ եկեղեցիներու երկու հիմնադիրներ Գրիգոր Մագիստրոս Պահլավունին եւ Վասակ Խաղբակեան իշխանը։ Բաց աստի 13րդ դարու նշանաւոր բանաստեղծ ու մշակութային գործիչ Խաչատուր Կեչառեցին եւս թաղուած է այս վանական համալիրին մէջ։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
28 Յունուար 2022, Ուրբաթ
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին
ՄԱՍ 1: https://hyetert.org/2022/01/29/կեչառիսի-պատմական-վանական-համալիրին/
ՄԱՍ 2: https://hyetert.org/2022/01/29/ողջո՜յն-ծաղկաձորին-մաս-2/
İlk yorum yapan siz olun