İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Սեղանն է առատ, դիմացն Արարատ …» Երգչուհի Սիպիլը հայ երգի տարերքով

80 Միլիոն հաշուող մեծ Թուրքիոյ մէջ, Սիպիլը մեր դեսպաններէն է, մեր հերոսուհիներէն, որ հակառակ ամէն տեսակի եղանակներու, հակառակ թանձր ու մառախուղ կապած երկնակամարին կը շարունակէ արձակել իր ձայնը, որ խորքին մէջ մեր ալ ձայնն է։

 Մեր հաւաքականութեան, մեր միասնութեան, մեր երազներու ու գալիք արշալոյսներուն ձայնը։

 

 Փոքր ու կարճ տողերով փորձեցինք ողջոյն մը տալ՝ Սիպիլին, հարիւրերու անունով, հազարներու սրտէն բխող խօսքով եւ ձայնով ըսելու համար, որ զինք շատ կը սիրենք, բարձր կը գնահատենք իր գործը եւ կը հաւատանք իր առաքելութեան։

Եղած են ժամանակներ, երբ մեր ազգը չէ ունեցած լիարժէք պետութիւն։

 Չենք ունեցած նախարարներ, նախագահ, վարչապետ ու դեսպաններ։

 Չենք ունեցած հաւատարմագրուած եւ արտակարգ, լիազօրուած ու ընդունուած դիւանակալներ, բայց ունեցած են մեր արուեստը աշխարհին հասցնող երգիչներ։

 Ունեցած են նուիրեալ, հայու ուխտին արժանի անուններ, որոնք ինչ-ինչ դժուարութիւններ հարթելով կարողացած են, ոչ միայն իրենց անունը  ճանաչելի դարձնել, այլ իրենց միջոցաւ ալ մեր ազգի անցեալը, մեր հզօր ու դժնդակ պատութիւնը աշխարհին տալ, աշխարհին մեր ձայնը լսելի դարձնել։ Գուցէ այդ պատճառով, որ մեր ազգը մեռնիլ չէ ճանչցած, անցած է այո մահուան տափաստաններէն, սակայն միշտ ալ մնացած է կանգուն ու վերապրած։

 Այսօր այն նուիրական գործին է պոլսահայ երգի աստղերէն՝ Սիպիլը, որ կը շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը եւ միշտ ալ բարձր կը պահէ մեր անունն ու ինքնութիւնը։

80 Միլիոն հաշուող մեծ Թուրքիոյ մէջ, Սիպիլը մեր դեսպաններէն է, մեր հերոսուհիներէն, որ հակառակ ամէն տեսակի եղանակներու, հակառակ թանձր ու մառախուղ կապած երկնակամարին կը շարունակէ արձակել իր ձայնը, որ խորքին մէջ մեր ալ ձայնն է։

 Մեր հաւաքականութեան, մեր միասնութեան, մեր երազներու ու գալիք արշալոյսներուն ձայնը։

 Փոքր ու կարճ տողերով փորձեցինք ողջոյն մը տալ՝ Սիպիլին, հարիւրերու անունով, հազարներու սրտէն բխող խօսքով եւ ձայնով ըսելու համար, որ զինք շատ կը սիրենք, բարձր կը գնահատենք իր գործը եւ կը հաւատանք իր առաքելութեան։

Տեսանիւթը՝ Սիպիլի դիմատետրի էջէն, երբ վերջերս տօնական օրերու ընթացքին կը կատարէ՝ «Սեղանն է առատ» երգը։

Նիւթը՝  Arevelk.am-ի 

https://arevelk.am/articles/seghann-e-arat-dimacn-ararat-ergchvouhi-sipily-hay-ergi-tarerqvov?fbclid=IwAR1V0GNnAtZ4_ltd3ICkJrhJEEvzhSjWPvbLFtYODbwrJYmtsJZLO1LSPM8#.YfcJRQN187l.facebook

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın