İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 31 Յունուար 2022, Երկուշաբթի, ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէն եւ անդամներէն Մէլիսա Սիւմէն։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Քաղաքավարական սոյն այցելութեան ընթացքին, այցելուները եկեղեցւոյ նորոգութեան ու բարեզարդման աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ Թաղային Խորհուրդի գործունէութեանց ու ծրագիրներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին։

Առաջին հերթին անոնք յայտնեցին, թէ եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատութիւնները հասած են վերջին փուլին եւ եկած էին Նորին Ամենապատուութեան տնօրինութիւնը խնդրելու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ։

Մեր Հոգեւոր Պետը հետեւեցաւ տրուած տեղեկութիւններուն եւ գնահատեց արուարձանային Ս. Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ համար եղած աշխատանքները։ Պատրիարք Հայրը տնօրինեց յառաջիկայ 25 Փետրուար 2022, Ուրբաթ, կատարել օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը։

Հանդիպման աւարտին, Պատրիարք Հայրը բարեմաղթութիւններ կատարեց։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın