ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Պատմականին քիչ մը եւս հմտանալէ յետոյ, արդէն իսկ տեսքով խօսուն վանական համալիրը, այլեւս կը զմայլէր նաեւ հազարամեայ պատմութենէն բխած շունչով։ Այս ցուրտին, առաջին հերթին կը մտածեմ Կեչառիսի երբեմնի վանականներուն մասին եւ կը խորհիմ, թէ՝ նման ցուրտին անոնք ինչպէ՞ս կը դիմանային։ Մեր մօտ գոնէ կար ջերմացուցիչ, իսկ անոնք արդեօք ի՞նչ կ՚ընէին։ Այս մտածումներով ողողուած, ի վերջոյ մուտք գործեցի վանքէ ներս ըսելով. «Ուրախացայ, երբ ինծի ըսին. ՏԻՐՈՋ տունը երթանք» (Սղմ. 122.1):
Եկեղեցին հետաքրքրական կառուցուածքով կը ներկայանար, քանի ունէր շատ բարձր խորան մը, որուն ճակատը կը գտնուէին տասնըերկու առաքեալներուն սրբապատկերտները։ Մեր եկեղեցեաց մէջ ընդհանրապէս վարժ ենք որ դէպի խորան առաջնորդող աջակողմեան եւ ձախակողմեան աստիճաններ գտնուին, իսկ այստեղ խորանի կեդրոնը կար անցքը մը, որուն աստիճանները եւս բարձր էին։ Բաց աստի ատենի ժամագիրքի գրակալը եւս կանգնած կը մնար այս աստիճաններուն վրայ։ Եկեղեցւոյ աջակողմը եւ ձախակողմը կային երկու խորշեր, որոնցմէ մին կը գործածուէր որպէս սարկաւագատուն։
Բարձր խորանին վրայ կանգնած էր նաեւ քարեղէն հսկայ Ս. Սեղան մը, որ իր գոյնով ու ճարտարով եկեղեցւոյ կառուցուածքին ամփոփիչ տարրերէն միոյն կը վերածուէր։ Խորանի շուրջբոլորը կը գտնուէին սիւներ, որոնք կարծէք ալիքի տեսքով իրարու կցուած էին։ Սակայն հիանալի էր դէպի վերեւ նայիլ եւ ներսիդիէն տեսնել եկեղեցւոյ հսկայ կաթողիկէ գմբէթը։
Իսկ գաւիթի բաժնին մէջ կը գտնուէր զանգակատուն մը, որ կառուցուած էր կաթողիկէ գմբէթի տեսքով եւ հետաքրքրական էր վարէն դէպի վեր նայիլ ու դիտել զայն։ Կանոնաւորապէս պատրաստուած այս կառուցուածքին մէջ անշուշտ, թէ՝ տեսանելի էր նաեւ պատերու մէջ թաղուած խաչքարեր ու արձանագրութիւններ։
Եկեղեցին մօտէն տեսնելէ յետոյ այլեւս պատրաստ էինք հսկման արարողութեան։ Լուսարարապետ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ հայր սուրբերս եւ սարկաւագներ դասին մէջ համախմբուելէ յետոյ սկսաւ Հսկման արարողութիւնը։
Պոլսոյ մէջ յատկապէս Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մեր կատարած խորհրդաւոր արարողութիւններէն միոյն նմանողութիւնը ունէր այս մէկը, սակայն անշուշտ աւելի կը տարբերէր նախապէս կատարուածներէն։ Այս արարողութիւնը բառին բուն իմաստով «խորհրդաւոր» էր, որովհետեւ արարողութեան ժամանակ բացի մեզմէ ո՛չ մէկը կար. Սրբազան Հայրը, վեղարաւորներ, սարկաւագներ եւ ժողովի մասնակիցներ։ Ձմրան խիստ պայմաններու ներքեւ, մութին մէջ կը պլպլային տաճարի մոմերը եւ բոլորս կամայ եւ ակամայ կը վերանայինք այս եզակի մթնոլորտին մէջ։ Անձ մը զգայազուրկ պէտք է ըլլայ, որ չհիանայ Կեչառիսի գիշերային պաշտամունքի պայմաններուն եւ մթնոլորտին։ Զգալի էր երբեմնի վանականաց շունչը, խրատող էր եկեղեցւոյ մէջ արձագանգող շարականին ու աղօթքին ելեւէջը…
Ահա այստեղ բոլոր ներկաներս սիրտ սրտի տուած երգեցինք Ս. Նարեկացիին «ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ» աղօթքը եւ մաղթեցինք ի Տեառնէ որ հեռանայ մութը աշխահէն եւ յատկապէս մեր ազգային-եկեղեցական համակարգէն։ Իսկ անբացատրելի պահ էր, երբ բոլորս ծնկաչոք երգեցինք Կոմիտասեան «Տէր Ողորմեա»ն միասիրտ եւ միախորհուրդ։
Տակաւին մինչեւ այսօր երբ վերյիշեմ այդ օրը, ականչիս մէջ կ՚արձագանգէ երկձայն երգուած այս հիանալի աղօթախառն պաղատանքը։ Այս այն պահն էր, որ բառերը կ՚ելլէին ուխտաւորացս բերնէն, իսկ ուխտապահ հոգին էր որ կը պարուրէր այն բառերը, զանոնք վերածելով պայծառազարդուած մեղեդիին ու նման փայլած արծաթեայ ընտիր անօթի մը կը ներկայցնէր առ Աստուած։ «Արի՛ Աստուած հարցն մերոց, Որ ապաւէնդ ես նեղելոց: Հա՛ս յօգնութիւն ծառայից քոց Լեր օգնական ազգիս Հայոց: Տէր, ողորմեա՛. Տէր, ողորմեա՛. Յիսուս Փրկիչ, մեզ ողորմեա՛»:
Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօքով եւ հուսկ՝ փառաբանողական «Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր» մաղթանքով աւարտին հասաւ ուխտաւորացս հսկման արարողութիւնը։ Մաղթանքի տողերը կը համընկնին նաեւ բոլորիս աղօթքին «Փառք քեզի ո՜վ Տէր, մեզի պարգեւած այս օրը, բարութեամբ եւ խաղաղութեամբ անցնելու արժանացանք։ Քու սուրբ եւ պատուական Խաչիդ նշանաւոր հալածէ երեւելի եւ աներեւոյթ բոլոր չարութիւնները, որոնք մեր առօրեայէն ներս ներթափանցել կը փորձեն. Ամէն»։
Հսկման արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զիս հրաւիրեց խոկման արարողութեան առթիւ սարկաւագաց դասու անդամներուն հոգեւոր պատգամ մը փոխանցելու։ Այս մէկը առիթ եղած էր, որ անկեղծ սրտով ու վերացեալ հոգւով խոնարհաբար դիմեմ ներկաներուն։ Այստեղ կ՚ուզեմ պահ մը դառնալ ուխտաւոր ներկաներէն միոյն եւ իրենց բերնով ներկայացնել քարոզի պահը։
Հայր Սուրբը յայտնեց, թէ՝ Ս. Ստեփաննոսի Տօնին նախօրեակին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէ ներս տարբեր երուզեռ մը կը ստեղծուէր այս տարի եւ ինք ուրախ էր որ անձնապէս որպէս ջնջին ներկայութիւն կը վկայէր այս եռուզերին։ Հայր Սուրբը, յաջորդաբար անդրադարձաւ օրուան քննարկումներուն եւ յայտնեց, թէ՝ սարկաւագութեան խորհրդանիշն է ուրարը։ Այս առումով յայտնեց, թէ՝ սարկաւագութիւնը եկեղեցւոյ առաջին մեծ աստիճանն է եւ սարկաւագներ եւս պէտք է կոչուին հոգեւորականներ, որոնք պարզապէս օծման հանգրուանին չեն հասած։ Ուրարը, քահանայութեան պարագային կը փոխուի փորուրարի եւ եպիսկոպոսի պարագային եմիփորոնի, հետեւաբար ուրարի ծառայութեան խորհուրդը միշտ մնայուն ներկայութիւն է հոգեւորականաց կեանքէն ներս։ «Զի լուծ իմ քաղցր է, եւ բեռն իմ փոքրոգի» (Մատթ. 11.30)։
Եկեղեցական կեանքէ ներս հոգեւոր բառը բաւականին մեծ նշանակութիւն ունի, հետեւաբար նման մարտնչման մէջ անհրաժեշտ է Քրիստոսի օգնականութիւնը խնդրել։ Ուրարի նշանակութիւնն է նաեւ Աստուծոյ վստահութեան արժանացած ըլլալ, հետեւաբար իւրաքանչիւր սպասաւոր պէտք է արդարացնէ այս վստահութիւնը։ Եկեղեցւոյ մթնոլորտէն օրինակ բերելով ըսաւ, թէ՝ եկեղեցին իր ժողովուրդին սիրտը ջերմացնելու զօրութիւնը ունի Տիրոջ խօսքով։
Իր խօսքերու աւարտին մաղթեց որ Աստուած եկեղեցական նուիրապետութիւնը անսասան պահէ եւ այդ կառոյցէն դուրս ելլեն բարի պտուղներ։ Մաղթեց, որ Աստուած յատկապէս անսասան պահէ Հայ Եկեղեցին, իր բարձրաբերդը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, կարողութիւն պարգեւէ այս հիանալի կառոյցին գագաթը՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ օգնականութիւն պարգեւէ բոլոր սպասաւորներուն ու մասնիկներուն Հայ Եկեղեցւոյ։
Այս խօսքերէն յետոյ, բոլորս պահ մը անձայնութեան մէջ մնալով, անհատական անձայն աղօթք մատուցանեցինք մեր Տիրոջ, աւետարանական պատգամին հետեւելով. «երբ կ՝աղօթես, մտիր քու սենեակդ, փակէ դուռը եւ աղօթէ Հօր, որ գաղտնիքի մէջ է եւ քու հայրդ որ պիտի տեսնէ գաղտնիքին մէջ, քեզ պիտի վարձատրէ» (Մտթ. 6.5)։
Սրբազան Հօր վերջին օրհնութեան աւարտին, բոլոր ներկաներս արդէն իսկ փառք տուած էինք նման մթնոլորտի մասնակիցները ըլլալով։ Յաջորդաբար երբ տաճարէն դուրս ելանք, արդէն իսկ օդը խաւարած էր եւ մեր շուրջը կը լուսաւորուէր լուսարձակիչներով։ Այս ոգեւոր մթնոլորտին մէջ արագօրէն շրջեցանք համալիրը եւ ցուրտին կ՚արժէր ձիւնապատ կամարին լոյսով ճաճանչումը տեսնել մութին մէջ։
Ապա, հանդերձ սարկաւագօք վերադարձանք դէպի հիւրանոց ու միատեղ ընթրեցինք։ Երբ սենեակս գացի, փորձեցի անգամ մը եւս դիտել վանքը, ինչպէս ցերեկին կատարած էի։ Այս անգամ աւելի տարբեր գեղեցկութիւն մը աչքիս զարկաւ, ըստ որում անտառին մէջ կանգնած էր հսկայ խաչ մը եւ գիշերը կը լուսաւորուէր։ Լուսաւորեալ խաչը այնպէս մը կը կենար որ, կարծէք վանքի կամարներուն վերեւ կը հսկէր Ս. Խաչը։ Ցերեկէն տարբերած այս տեսարանին զմայլած, քիչ մը դիտեցի եւ պատրաստուեցայ յաջորդ օրուան։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
28 Յունուար 2022, Ուրբաթ
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին
————————–
ՄԱՍ 1: https://hyetert.org/2022/01/29/կեչառիսի-պատմական-վանական-համալիրին/
ՄԱՍ 2: https://hyetert.org/2022/01/29/ողջո՜յն-ծաղկաձորին-մաս-2/
ՄԱՍ 3: https://hyetert.org/2022/01/31/հազարամեայ-վանքը՝-կեչառիսը-մաս-3-6/
İlk yorum yapan siz olun