İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 31 Յունուար 2022, Երկուշաբթի, ընդունեց Պատրիարքական Աթոռոյ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի ներկայացուցիչները։ Խաչիկ Ճանէլ, Մանուկ Քալայճեան, Վարդան Մարանճըօղլու եւ Հերման Քավաֆեան եկած էին ներկայացնելու Յանձնախումբի 2021 տարւոյ գործունէութեան տեղեկագիրը։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Մարթա Ժոսլին Տինչքայըքճը։

Հանդիպումի ընթացքին մանրամասն տեղեկութիւններ տրուեցան 2021ի գործունէութեանց, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտութեան պարագային կազմուած 11 ենթայանձնախումբերու միջոցաւ տարուած աշխատանքներու եւ 11 Հոկտեմբեր 2021ին Պատրիարքարանի մէջ հաստատուած Յանձնախումբի գրասենեակի արդիւնաբեր գործունէութեան մասին։ Այցելուներ պարզեցին, որ պարենի եւ առեւտուրի քարտի օժանդակութեան առընթեր, տեղեկութիւններ տուին առողջապահական, իրաւաբանական եւ գաղթականական նիւթերու հետ առընչուած խորհրդատուական օժանդակութեանց, ինչպէս նաեւ երիտասարդներու ուղղեալ ապագայասլաց աշխատանքներու մասին։ Անոնք խօսեցան նաեւ հասարակական հաստատութիւններու հետ հաստատուած կանոնաւոր երկխօսութեան եւ շարունակական շահոյթներու մասին։

Յիշեալ Յանձնախումբը, բացի 803 ընտանիքի կատարուած պարենի եւ  սահմանափակ նիւթական օժանդակութենէն, յատկացուցած է 255 համակարգիչ որպէս օժանդակութիւն։ Իսկ հանգանակուած 1.261.373 ԹԼ նուիրատուութեան փոխարէն, կարօտեալներուն բաշխած է 1.400.556 ԹԼ-ի օժանդակութիւն։

Յանձնախումբի անդամները իրենց պարտականութեան գիտակցութեամբ եւ Յանձնախումբի նկատմամբ յառաջացած վստահութեան համար իրենց երախտիքը յայտնեցին բոլոր օժանդակողներուն, եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններուն, վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, կամաւորներուն ինչպէս նաեւ ենթայանձնախումբերուն եւ ի մասնաւորի Նորին Ամենապատուութեան, որ 2020 թուականէն սկսեալ երբեք չի զլանար իր աղօթքները։

Մեր Հոգեւոր Պետը տարուած աշխատանքներու համար տուաւ իր հայրական օրհնութիւնները եւ ապագայի ուղղեալ ծրագիրներու մասին իր կարծիքը պարզեց։ Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնեց նուիրատուները, սիրողական ոգիով աշխատողներն ու գործակցող բոլոր անհատներն ու ընկերութիւնները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın