Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 31 Յունուար 2022, Երկուշաբթի, ընդունեց Էսաեան Սանուց Միութեան ներկայացուցիչները։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Այցելուները եկած էին յայտնելու, որ Սանուց Միութեան կազմութեան 75ամեակն էր եւ այս մասին խնդրելու Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնը։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեանց ու ծրագիրներու մասին։
Մեր Հոգեւոր Պետը իր ուրախութիւնը յայտնեց այս տարեդարձին առթիւ եւ սիրով ընդառաջեց եղած հրաւէրին՝ հովանաւորութեան կապակցութեամբ։
Հանդիպման աւարտին, Պատրիարք Հայրը այժմէն շնորհաւորեց 75ամեակը եւ նորանոր նուաճումներու բարեմաղթութիւններ կատարեց։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun