İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ԴՈԿՏ. ՀՈՒՏԱ ՍԷԼԼՈՒՄԻՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ԻՐ ՊԱՏՐԱՍՏԱԾ ԴՈԿՏՈՐԱԿԱՆ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 30 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց դոկտ. Հուտա Սէլլում, ընկերակցութեամբ դոկտ. Սալէհ Զահրըտտինին: Լիբանանի շիիթ համայնքին պատկանող դոկտ. ՍԷլլում վերջերս դոկտորայի աստիճան ստացած է եւ այդ առիթով պատրաստած է «հայ-թրքական ինքնութեան հարցը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» նիւթով աւարտաճառ մը:

Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց դոկտ. Սէլլումին եւ ընդառաջելով անոր եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ դոկտ. Սալէհին փափաքին, համաձայն գտնուեցաւ որ յարմար առիթով աւարտաճառը տպուի Կաթողիկոսարանին կողմէ:

Աղբիւր։  His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI  

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın