İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՂՋՈ՜ՅՆ ԾԱՂԿԱՁՈՐԻՆ (ՄԱՍ 2/6)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Երբ Հրազդան քաղաքէ ներս մտանք, դարձանք դէպի ձախ եւ ուղիղ ձեւով ուղղուելով հասանք ի վերջոյ Ծաղկաձոր։ Այստեղ բաւականին ցուրտ էր եւ ջերմութիւնը կը չափուէր -10 աստիճանով։ Կառքը կանգ առաւ շրջանի կեդրոնը, որ ձիւնապատ վայրին մէջ ամենուրէք «Կեչառիս» անունը տեսանելի կը դառնար։ 

Կոտայքի մարզի մէջի այս քաղաքը, ծանօթ էր նաեւ Կեչառիս անունով, նկատի ունենալով, թէ՝ քաղաքի հնագոյն արժէքն էր Կեչառիսի վանական համալիրը։ Քաղաքին անունը արդէն իսկ առընչուած է ծաղիկներով, քանի բառացի իմաստով կը նշանակէ ծաղիկներու ձոր։ Իսկ միւս կողմէ, քաղաքի մասին կը փոխանցուի աւանդութիւն մը, ըստ որում Պահլաւունեաց տոհմէն օրիորդի մը փափաքով ձորահովիտին կառուցուած է ամրոց մը, ուր կ՚աճեցնէին գեղեցիկ ծաղիկներ։ Օր մը սաստիկ քամի մը աւերած է ծաղիկները եւ անոնք՝ բոլորովին ցրուած։ Օրիորդը իր հօրմէ խնդրած է որ կառուցէ վանք մը, ուր վանահայրեր գիշեր ու ցերեկ աղօթեն ու վերադառնան ցրուած ծաղիկները։ Այլապէս շրջանը կը կոչուի «Ծաղկաձոր» եւ կամ «Ծաղկոցաձոր»։  

Կառքէն դուրս ելանք եւ ուղղուիլ փորձեցինք դէպի Գրողներու Միութեան Տունը, ուր պիտի իջեւանէինք։ Այս հիւրանոցը ծանօթ է նաեւ «Ծաղկաձոր Ստեղծագործական Տուն» անունով, որ 1930-ական թուականներուն գործել սկսած է եւ հիւրընկալ դարձած՝ Հայ Գրականութեան յայտնի դէմքերէն Եղիշէ Չարենցի, Աւետիք Իսահակեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ տակաւին բազում ստեղծագործիչներու։

Իջեւանի մէջ ուղղակիօրէն գրական պատմութիւն կը բուրէր, քանի գրողներու ապրած սենեակներուն կից կը գտնուէին ցուցատախտակներ, որոնց վրայ գրուած էր «Այս սենեակին մէջ ապրած եւ ստեղծագործած է…»։ Բաց աստի, իջեւանի արտաքին պատերու վրայ քանդակուած էին բազմապիսի գրողներու դիմանկարները, իսկ մուտքին արդէն իսկ կանգնած էր Եղիշէ Չարենցի արձանը։ Սիլվա Կապուտիկեանի մնացած 101 թիւ սենեակին մօտ կանգնածներուս առջեւ կը հնչէր իր «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը եւ յատկապէս առաջին եւ վերջին տուները կը կրկնուէին որպէս սրբազան պատգամ. 

«Լսիր, որդիս, պատգամ որպես, Սիրող քո մոր խոսքը սրտանց, Այսօրվանից հանձնում եմ քեզ, Հայոց լեզուն հազարագանձ:… Ու տես որդիս, ուր էլ լինես, Այս լուսնի տակ ուր էլ գնաս, Թե մորդ անգամ մտքից հանես, Քո Մայր լեզուն չմոռանա’ս»։ 

Այս հիւրանոցի մէջ կը կազմակերպուէին նաեւ բազմապիսի գիտաժողովներ, իսկ մեր իրականութեան մէջ Ս. Ստեփաննոսի Տօնին ընդառաջ պիտի կազմակերպուէր «Սարկաւագի առաքելութիւնը 21-րդ դարուն» խորագրեալ երկօրեայ համաժողովը։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Հայաստանի Կլոր Սեղան Հիմնադրամի համագործակցութեամբ կատարելի ժողովին ընթացքին տարբեր երեսակներով պիտի քննարկուէր սարկաւագութեան աստիճանի նշանակութիւնը։ Հետեւաբար հայ գրականութեան սպասարկուներու քայլերով զարդարուած պատմական տունը այս անգամ պիտի վերածուէր սարկաւագատունի, ուր բարձրաստիճան եկեղեցականներու գլխաւորութեամբ վերաթարմացման առիթ պիտի ունենային Հայ Եկեղեցւոյ սպասարկուները։ Անշուշտ, թէ՝ բոլոր հանդիպումները, զեկուցումները, արտայայտութիւնները, սիրոյ սեղանները, նաեւ պիտի նպաստէին ներկայ վեղարաւորներուս առիթ ընձեռելով ծառայութեան ուղիին եւ հոգւով ու մտքով զօրանալու։ 

Երբ բարձրացայ դէպի սենեակս, նախ պատուհանէն դիտեցի շրջակայքը եւ այդ պահուն ինքզինքս բախտաւոր կը զգայի, քանի լաւագոյնս առիթը ունեցած էի սպիտակ սարերու մէջ շողացող Կեչառիսի Վանքը առաջին անգամ տեսնելու։ Վանական համալիր մը, որ հարուստ էր փոքր թէ մեծ եկեղեցիներով, բարձրաթռիչք հայեացքով առիթն էր տեսնելու ձիւնապատ կաթուղիկէները եկեղեցեաց։ Կանանչ ու ճերմակը իրարու գիրկընդխառնուած, նոր երանգով ու գեղեցկութեամբ կը ներկայանային որպէս վանական համալիրը շրջապատող բնութիւն։ Ի տես այս հիասքանչ պատկերին, պահ մը քարացայ եւ լուռ դիտեցի ինձ համար աննախընթաց տեսարան մը։ 

Կեչառիսի վանական եկեղեցիներն են, որ կը ծածանին լեռներուն վրայ ու կը շարժեն հաւատախառն զգացումները ունկնդիրներուս։ Հեռուներէն ողջունեցի այս տեսարանի գանձարանը եւ յաջորդաբար պատրաստուեցայ օրակարգին։
Հաճելի էր այն պահը, երբ բոլորս Լուսարարապետ Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ նախ համախմբուեցանք սեղանատան մէջ եւ երկար ճանապարհորդութենէ յետոյ սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուելու առիթն ունեցանք։ Այս մէկը առիթ էր, որ բոլորս անմիջական մթնոլորտի մէջ վարժուէինք միջավայրին։ 

Յաջորդաբար բոլորս համախմբուեցանք հիւրանոցի ժողովասրահին մէջ, ուր ներկայ էին Հայաստանի Կլոր Սեղանի ներկայացուցիչներն ու պատասխանատուները, վեղարաւորներս եւ սարկաւագաց դասու անդամները։ Այս համաժողովը իր տեսակին մէջ գրեթէ աննախընթաց կրնար համարուէր, քանի Մայր Աթոռոյ բարձր հովանաւորութեամբ Ս. Ստեփաննոսի Տօնի առիթով նման հանդիպումը սարկաւագաց խնդրանքին ընդառաջ կը կազմակերպուէր։ Իսկ, նիւթը բաւականին հետաքրքրական էր, քանի այժմէական բովանդակութեամբ սարքուած էր։ Բաց աստի, այս ժողովը առիթ ընծայած էր, որ սարկաւագներ առանց վարանելու իրենց հարցումները ուղղեն եւ ստանան իրենց պատասխանները, կատարուին նաեւ քննարկումներ։ 

Հանդիպումը սկիզբ առաւ աղօթքով եւ Լուսարարապետ Մուշեղ Սրբազան Հօր օրհնութեան խօսքով։ Այս մէկը առիթ եղաւ որ, Սրբազան Հայրը նախ փոխանցէ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հայրական օրհնութիւնները եւ յաջորդաբար ներկայացնէ երկօրեայ հանդիպման նպատակն ու սահմանները։ Այստեղ մանրամանօրէն չեմ անդրադառնար ժողովական զեկուցումներուն նիւթերուն եւ անդրադարձերուն, բայց կրնամ ըսել, թէ՝ սարկաւագներ ուրախ ու զուարթ էին նման մթնոլորտի մաս եւ բաժինները դառնալով, Սրբազան Հայրը գոհ էր սարկաւագաց դասու ընկալումը դիտարկելով, Կլոր Սեղանի ներկայացուցիչները բաւարարուած էին ժողովին նպատակայարմար ընթանալը տեսնելով։ Եւ այս բոլորին մէջ, ուրախութիւն էր մօտէն ականատես ըլլալը եւ սարկաւագաց հետաքրքրական գաղափարներուն ու մտածումներուն իրազեկ դառնալը։ 

Հետեւաբար, մօտաւորապէս երեք ժամ տարբեր թեմաներու շուրջ քննարկումներ կատարուեցան եւ ժամանակը հասաւ դէպի Կեչառիսի վանական համալիրը ուղղուելու։ Ահա, ժամանակը հասած էր, որ սպասաւորներ միատեղուին վանքի մէջ եւ իրենց հանապազօրեայ ապրումներուն համար փառք վերառաքեն Քրիստոսի։

Ժամը արդէն իսկ կը հասնի 17.30-ի եւ բոլորս պատրաստ ենք հիւրանոցէն ուղղուելու դէպի վանական համալիր։ Ճանապարհ մը, որ գրեթէ պիտի տեւէ տասնըհինգ վայրկեան եւ վստահաբար հաճելի ուղեւորութիւն մը պիտի ըլլայ, քանի որ պիտի անցնի ձիւնապատ ճանապարհներէն անցնելով, մերթ զրուցելով, մերթ կատակելով։ Սակայն ուշադիր պէտք է ըլլալ, քանի որ ձիւներու բարձրութիւնը այնքան ալ ցածր չէ եւ անուշադրութեան պարագային կրնանք սահիլ անզգալաբար։ 

Շրջակայքը նաեւ դահուկներով շրջելու եւ հաճելի պահեր անցնելու համար կ՚օգտագործուի եւ վայրը ամայի չէ քանի բազում անձինք եկած են նաեւ ձիւնին գեղեցկութիւնը վայելելու։ Ճանապարհը հետեւեալն է. Բարձունքէն դէպի զարիվար կ՚ուղղուիք ու կը հասնիք շրջանի փոքր հրապարակը։ Կը դառնաք դէպի ձախ ու յաջորդաբար դէպի աջ։ Կը հասնիք Խաչատուր Կեչառեցիի անուան պողոտան ու կը կը բարձրանաք դէպի վեր ու ճանապարհի ընթացքին արդէն իսկ տեսանելի կը դառնայ վանական համալիրը։ Ուստի բոլորս հետեւեցանք այս ճանապարհորդութեան ուղիին եւ ուրախութեամբ հասանք վանքը։ 

Օդը արդէն կամաց կամաց մութնալ սկսած էր մթնադէմ պահուն, ցուրտը իր ազդեցութիւնը առաւել եւս զգացնել կուտար եւ այս մթնոլորտը պատճառ կը դառնար որ առաւել եւս խորհրդաւոր մթնոլորտի մը մէջ գտնէինք մենք զմեզ։ Փա՜ռք Տիրոջ, ահա մեր առջեւն է արդէն իսկ աւելի քան հազարամեայ պատմութեամբ՝ Կեչառիսի Վանական Համալիրը։ 

Համալիրի պատմականի մասին մտորելէ առաջ անկեղծօրէն կը յիշեմ Խաչատուր Աւետիսեանի յօրինած այն երգը, որ ձիւնապատ եկեղեցիներու առջեւ առաջին հերթին միշտ կը մտաբերեմ եւ առանց բարձրաձայնելու ցածր ձայնով կ՚երգեմ. 

«Հարսի նման ճերմակ հագար, Ծաղկած բալենի, Կարծես հույսի ճամփով եկար, Իմ հույս բալենի, Ինձ առ ճերմակ թևերիդ մեջ, Իմ քույր բալենի:… Քեզ տեսնելիս լցվում եմ ես Անուշ մուրազով, Քեզ տեսնելիս ապրում եմ ես Բարի երազով»:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
28 Յունուար 2022, Ուրբաթ
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

ՄԱՍ 1: ԿԵՉԱՌԻՍԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ Ս. ՍՏԵՓԱՆՆՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄՈՎ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın