İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԵՉԱՌԻՍԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ Ս. ՍՏԵՓԱՆՆՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄՈՎ (ՄԱՍ 1/6)

Տարուան ընթացքին տարբեր պաշտօններ իրենց տօնակատարութեանց համար սահմանուած յատուկ օրեր կ՚ունենան, ինչպիսին են վարդապետաց տօնը, քահանայից տօնը, ուսուցչաց տօնը, բժշկաց տօնը եւլն.։ Այս տօները, առիթներ կը դառնան որպէսզի հոգեւոր եւ ընկերային տօնակատարութիւններով յատուկ անդրադարձ կատարուի յիշեալ ասպարէզներու պարտաւորութիւններուն եւ պատասխանատուութեանց։ 

Նմանապէս եկեղեցւոյ առաջին մեծ աստիճանը հանդիսացող սարկաւագութեան աստիճանը եւս, առաւել մեծ շուքով կը տօնուի երբ կը հասնի Ս. Ստեփաննոսի Տօնակատարութիւնը եւ սարկաւագներ շնորհաւորանք կ՚ընդունին իրենց երէցներէն ու հարազատներէն։ Բաց աստի, այս տօնը առիթ կը դառնայ որ սարկաւագութեան մեծ աստիճանին արժանացած սպասաւորներ, հայեացք մը նետեն իրենց ծառայութեան, քննեն իրենց կոչումները եւ վերաթարմացման միջոցներ գտնեն իրենց ծառայական կեանքէն ներս։ 

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի բարձր հովանաւորութեամբ այս տարի Ս. Ստեփաննոսի Տօնը յատուկ իմաստով նշուեցաւ Կեչառիսի պատմական վանական համալիրէ ներս եւ այս մէկը դարձաւ աննախադէպ տօնակատարութիւն։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Լուսարարապետ Մուշեղ Սրբազան Հօր նախաձեռնութեամբ եւ Կոտայքի Թեմի Առաջնորդ Առաքել Սրբազան Հօր հիւրընկալութեամբ, Ս. Ստեփաննոսի Տօնի սեմին անմոռանալի պահեր ապրեցան Մայր Աթոռոյ սարկաւագաց դասու անդամները։ 

Առաւօտեան ժամերգութենէ յետոյ, սարկաւագաց դասու անդամներ համախմբուեցան փոխադրամիջոցին մէջ եւ իրենց միաւորումով արդէն իսկ զգալի դառնալ սկսած էր եղբայրական ջերմութիւնը։ Սարկաւագաց կառքին ուղեկիցներն էինք ես եւ Հայր Անդրէասը, իսկ խումբին կը գլխաւորէր Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը։ Մայր Աթոռէն դէպի Ծաղկաձոր գրեթէ երկու ժամուան ճամբորդութիւն ունէինք։ Կառքը շարժելէ յետոյ, նախ ուղղուեցանք դէպի Երեւան եւ տակաւ առ տակաւ զգալի կը դառնար ձմրան եղանակի սաստկութիւնը։ 

Երբ Երեւանի շէնքերով լի սահմաններէն դուրս եկանք արդէն իսկ ձմրան սաստկութիւնը մոռնալ սկսանք, քանի ի յայտ եկած էր ձիւնածածկ սպիտակազգեստ բնութիւնը։ Լեռներ ու ձորեր, ամէն տեղ ճերմակ գոյնով կը ներկայանար եւ այս մէկը ինծի համար հետաքրքրական տեսարան դարձած էր, քանի երկար ժամանակէ ի վեր նման ձեւով ձիւնի ծածկոյթ մը չէի տեսած։ Արդէն իսկ ամայացած էին բնարակարանները եւ բնութեան գեղեցկութեան հետ դէմ յանդիման մնացած էինք։ Կարծէք դրախտավայր մը ըլլար այս մէկը, իսկ մենք վայելողները այս հիասքանչ տեսարանին։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

28 Յունուար 2022, Ուրբաթ

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın