Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Չանքայայի ապարանքին մէջ ընդունեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն եւ փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանը, որոնք միօրեայ այցելութիւն մը տուին մայրաքաղաք Անգարա։ Նախագահականի պաշտօնական կայքէջին վրայ մատնանշուած է՝ Պետրոս Շիրինօղլուի Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ERVAB) ատենապետի հանգամանքը։ Հանդիպման ժամանակ նկարահանուած դրուագ մը հրապարակուած է կայքէջին վրայ, իսկ զրոյցի բովանդակութեան շուրջ որեւէ տեղեկութիւն չէ ներկայացուած։ Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ լայնօրէն արձագանգ հանդիսացած են այս տեսակցութեան, որու կապակցութեամբ Պետրոս Շիրինօղլու ամփոփ բացատրութիւններ ալ տուած է «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին։
Մայրաքաղաքէ վերադարձի ճանապարհին ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ ունեցանք հեռախօսազրոյց մը, որ մեզի տեղեկութիւններ տուաւ զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։ Իր խօսքով, իրենց առիթ կը ներկայանայ պարբերաբար ներկայանալու Հանրապետութեան նախագահին եւ քաղաքավարական այցելութիւններու ձեւաչափին մէջ խորհրդակցութիւններ ունենալու մեր համայնքի առկայ հարցերուն եւ անոնց լուծման հեռանկարներուն շուրջ։ «Այս անգամ ալ նման բնոյթ մը ունեցաւ մեր այցելութիւնը, որ դրական մթնոլորտի մը մէջ անցաւ՝ ինչպէս միշտ։ Երախտապարտ ենք պարոն նախագահին կողմէ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին համար։ Ան միշտ զգայնութիւն կը ցուցաբերէ մեր հարցերուն նկատմամբ ու կամք կը դրսեւորէ, որպէսզի լուծումներ գտնուին արդար ու իրաւական ձեւով», նշեց Շիրինօղլու, որ աւելցուց, թէ երէկուան հանդիպման ներկայ գտնուած է նաեւ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար դեսպան Հասան Տողան։
Անգարայէ վերադարձի ճանապարհին Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ նախագահ Էրտողանին հետ երէկ առիթն ունեցած են քննարկելու՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆներու վաղուց առկախեալ ընտրութիւններու հարցի այլեւս կարգաւորման վերաբերեալ պարագաներ։ Երկրի ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ պատկան մարմինները կը շարունակեն աշխատանք տանիլ այս հարցին վրայ։ Ան շարունակեց. «Մենք արդէն տեղեակ ենք, որ պետական մարմինները քանի մը ամիսէ ի վեր խտացուցած են համապատասխան աշխատանքները, որոնց նպատակն է ընտրական նոր կանոնադրութեան մը պատրաստուիլը։ Երէկ ալ մենք, ըստ էութեան, շօշափեցինք այս գործընթացի այժմու վիճակը։ Պատկան մարմինները կրնան՝ որպէս կմախք ներկայացնել նոր կանոնադրութեան նախագիծ մը, որ գործադրութեան փուլին կրնայ համապատասխանեցուիլ իւրաքանչիւր համայնքի առանձնայատկութիւններուն։ Պարզ է, որ իւրաքանչիւր փոքրամասնական հաւաքականութիւն ունի իր առանձնայատկութիւններուն համապատասխան լուծման պատկերացում մը՝ ըստ ժողովրդագրական վիճակի կամ այլ հանգամանքներու։ Ժամկէտներու մասին կանխատեսումներ ընել դժուար է, սակայն, մենք տեղեակ ենք, որ պետական մարմիններու նախապատրաստութիւնները վերջին ամիսներուն թափ ստացած են։ Կրնայ շուտով ալ պետութեան կողմէ ներկայացուիլ կանոնադրութեան նախագիծը եւ աւելի վերջ կրնան քննարկումներ կամ աշխատանքներ սկսիլ՝ իւրաքանչիւր համայնքի սպասումներուն յարմար ձեւով այդ մէկը համապատասխանեցնելու համար։ Նոր կանոնադրութիւնով կրնայ բոլորովին նոր համակարգ մը հաստատուիլ։ Այս բոլորին շուրջ տակաւին յստակութիւն չկայ, կը խուսափիմ նաեւ ժամկէտներու շուրջ կանխատեսումներ ընելէ, սակայն, առարկայական տուեալը այն է, որ այս խնդրի լուծման վերաբերեալ աշխատանքները յառաջ կը տարուին թափով։ Պարոն նախագահին հետ երէկ մեր ունեցած զրոյցի ընթացքին ալ ունեցանք այս տպաւորութիւնը, հերթական անգամ համոզուեցանք այս ուղղութեամբ»։
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին հարց տուինք, թէ արդեօք ուրիշ որեւէ խնդիր չէ՞ քննարկուած երէկուան զրոյցի ընթացքին. օրինակ՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց պատմական բանջարանոցի ընդարձակ համայնքապատկան տարածքի սեփականութեան իրաւունքին շուրջ յառաջացած թնճուկը։ Ի պատասխան, Պետրոս Շիրինօղլու յայտնեց, որ երէկուան զրոյցի առանցքը բացառապէս կազմած է ընտրութեան հարցը։ «Մենք սկզբունքօրէն նպատակայարման չհամարեցինք պարոն նախագահին հետ արծարծել խնդիր մը, որու շուրջ կ՚ընթանայ դատավարութիւն մը։ Յամենայնդէպս, շատ կարճ ակնարկ մը կատարուեցաւ այս հարցին։ Մենք հակիրճ ձեւով կրկնեցինք մեր սպասումները՝ վերահաստատելով մեր վստահութիւնը դատական մարմիններուն եւ պետական համակարգի դրական վերաբերմունքին նկատմամբ։ Պարոն նախագահն ալ ամփոփ ձեւով յայտնեց, որ տեղեակ է խնդրին ու կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Միայն այսքանն էր», նշեց ատենապետը։
Ըստ երեւոյթին, ներկայ տարեմուտի դրութեամբ երէկ տեղի ունեցած այս գագաթնային հանդիպումը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն եւ կրնայ բնորոշել՝ թրքահայութեան լուծման կարօտ առկայ խնդիրներու ընդհանուր հունը՝ առնուազն տեսանելի ապագայի կտրուածքով։ Պետրոս Շիրինօղլու սովորաբար վերապահ համայնքային վարիչ մըն է եւ միշտ կը նախընտրէ զուսպ ըլլալ պետական աւագանիի հետ տեղի ունեցած շփումներուն շուրջ մանրամասնութիւն հաղորդելու ժամանակ։ Յամենայնդէպս, փաստ է, որ վերջին շրջանին նախագահ Էրտողան զանազան առիթներով արծարծած է փոքրամասնութիւններու առկախեալ ընտրութեան հարցը՝ այդպէսով իսկ զգալի դարձնելով իր կամքն ու յանձնառութիւնը լուծման ուղղութեամբ։ Երէկուան տեսակցութեան վերաբերեալ տրուած բովանդակային բացատրութիւններուն մէջ ալ այս խնդրին վրայ կատարուած շեշտադրումը, բնականաբար, համայնքային շրջանակները կը յուսադրէ, թէ այս խնդիրը այլեւս կ՚երթայ դէպի եզրայանգում։
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F26-01-2022-դէպի-եզրայանգում
İlk yorum yapan siz olun