Քորոնաժահրի համաճարակին զոհ գացած լուսանկարիչ Նիքոլաս Մանկինաս շաբաթավերջին վերյիշուեցաւ յատկանշական ձեռնարկով մը, որ տեղի ունեցաւ Զողրաֆիոն յունաց լիսէի, Կալաթասարայ, հանդիսասրահի երդիքին տակ։ Հաւաքոյթը հովանաւորեց Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։
Նիքոլաս Մանկինասի ցաւալի կորուստէն վերջ կազմակերպուած էր լուսանկարչութեան մրցոյթ մը՝ «Մենք եւ մեր աւանդութիւնները» վերնագրով։ Նկատի ունենալով, որ ան Ֆէնէրի Պատրիարքարանի պաշտօնական լուսանկարիչն էր եւ իբր այդ յաճախ կը նկարահանէր Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու կեանքին վերաբերեալ դրուագներ՝ իր ոգեկոչման համար ծրագրուած լուսանկարչական մրցոյթն ալ համապատասխան ձեւաչափի մէջ նախատեսուած էր։ Այսինքն, մրցոյթի դատակազմը բաղկացած էր այնպիսի լուսանկարիչներէ, որոնք հոգելոյս Նիքոլաս Մանկինասի նման՝ կ՚աշխատէին Թուրքիոյ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու վերաբերեալ առաջնահերթութիւններով եւ համագործակցած էին անոր հետ։ Մեր համայնքէն անոնց շարքին էր վարպետ լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեան։
«Մենք եւ մեր աւանդութիւնները» խորագրեալ լուսանկարչութեան մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ՝ համավարակի սահմանափակումներուն համապատասխան։ Նորին Սրբութեան կողքին էին շարք մը հոգեւորականներ։ Յունաստանի լրատուամիջոցներն ալ լուսաբանեցին այս յատկանշական իրադարձութիւնը, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սոթիրիս Փոլիցոսի եւ Միխայիլ Հաննութօղլուի։
Ներկաներու շարքին էին Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Եորկիա Սուլթանափուլու, RUMVADER-ի նախագահ Եորկօ Փափալիարիս, յայտնի իրաւաբան Քեզպան եւ Հիւսէյին Հաթեմի ամոլը, Յունաստանի Կրթութեան փոխ-նախարար Զեթա Մաքրի, հիւրընկալ վարժարանի տնօրէն Եանի Տեմիրճիօղլու, Ենիգիւղի Փանաիա յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լաքի Վինկաս, մրցոյթի կարգադիր յանձնախումբի անդամները, մրցոյթի հովանաւոր փրոֆ. Տիմիթրիոս Իլիոփուլոս եւ շարք մը մրցանակակիրներ։ Դափնեկիրներէն ոմանք ալ առցանց միացան այս հաւաքոյթին։
Ձեռնարկի տեւողութեան հանգուցեալ Նիքոլաս Մանկինասի վերաբերեալ վկայութիւններ փոխանցեցին Լաքի Վինկաս, Եանի Տեմիրճիօղլու, Քեզպան Հաթեմի, Մկրտիչ Արծիւեան եւ այլք։ Ներկաները հետաքրքրութեամբ դիտեցին Մանկինասի մասին պատրաստուած տեսանիւթը՝ մանաւանդ, որ ան եղած էր Զողրաֆիոն լիսէի սաներէն մին։ Թուրքիոյ Լուսանկարչութեան արհեստի կեդրոնի ներկայացուցիչ Իպտահիմ Կէօքսունկուր բացատրութիւններ տուաւ կազմակերպուած մրցոյթի մասին։ Պարգեւներու յանձնուելէն վերջ սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց ծրագրի հովանաւորը՝ Տիմիթրիոս Իլիոփուլոս, որուն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։
Փակման խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնն ալ արտայայտուեցաւ խորապէս զգացուած՝ Մանկինասի հետ յուշերը վերյիշելու ժամանակ։
Կը ծրագրուի յառաջիկայ տարի այս մրցոյթը կազմակերպել միջազգային մակարդակի վրայ։
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F25-01-2022-մրցոյթով-վերյիշում
İlk yorum yapan siz olun