13 Յունուարին, դէպի Մայր Աթոռ ճանապարհորդութեան ընթացքին դժբախտաբար անցուցած էի երթեւեկի արկած մը։ Փառք Աստուծոյ, որ այս ահռելի դէպքէն ազատեցայ նուազագոյն վնասով եւ ապաքինմանս շրջանը անցնելով Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին հովանիին ներքեւ ներկայիս առաւել եւս լաւ կը զգամ ինքզինքս։ Այս առիթով նախ փառք կուտամ Աստուծոյ, որ իր փրկարար ձեռամբ զերզ պահեց սարսափազդու հետեւանքներէ։ Ապա, կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր այն անձերուն, որոնք աշխարհի զանազան երկիրներէն իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին եւ բարեմաղթական արտայայտութիւններով զօրավիգ կեցան նուաստին։
Այս բոլորին մէջ, յատուկ ձեւով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ, որ հայրախնամ մերձեցմամբ տնօրինեց ամէն ինչ, որպէսզի Մայր Աթոռոյ օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը զգամ ամէնուրէք։ Այս մերձեցումը անգամ բաւ է որ, անգամ մը եւս Վեհափառ Հայրապետի անձին մէջ խոնարհիմ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ սուրբ անունին եւ առաքելութեանը առջեւ։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Մայր Աթոռոյ Լուսարարապետ ԳԵՐՇ. Տ. ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ գլխաւորութեամբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի վանաբնակ եպիսկոպոսներուն, վարդապետներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, պաշտօնէութեան, որոնք հայրական ու եղբայրական հետաքրքրութեամբ միշտ սփոփեցին նուաստս եւ միշտ ջանացին պարտն ու պաշտաճը կատարել ապաքինմանս համար։ Բաց աստի, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր բարձրաստիճան եկեղեցականներուն եւ հոգեւոր եղբայրներուս, որոնք թէ՛ արտասահմանէն եւ թէ՛ Հայաստանէն հասան նուաստիս եւ իրենց զօրակցութիւնները յայտնեցին։ Ձեր բոլորին վարձքը կատար։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Տավուշի Թեմի Առաջնորդ ԳԵՐՇ. Տ. ԲԱԳՐԱՏ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ հայրական մերձեցման համար, քանի իր տնօրինութեամբ Իջեւանէն ճամբայ ելայ եւ դժուարին պահուն իսկ Առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը զբաղուեցաւ առողջութեանս հետ։
Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ ԱԲՈՎԵԱՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ԵՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌՈՅ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑի պատասխանատուներուն եւ բժիշկներուն, որոնք լաւագոյնս հետաքրքրուեցան նուաստիս վիրաբուժման հետ։
Անշուշտ, այս բոլորին մէջ, կարելի չէ մոռնալ, ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ, որուն միաբանութեան անդամներէն մին է նուաստս։ Նախ, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել կ՚ուզեմ ՊՈԼՍՈՅ Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ, որ դէպքի մասին իմանալով, առաջին առիթով իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց նուաստիս։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Աթոռոյս այն բոլոր եպիսկոպոսներուն, վարդապետներուն, քահանանաներուն, սարկաւագներուն եւ պաշտօնէութեան որոնք անձնապէս հասան նուաստիս եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին։ Ողջ մնան նաեւ եկեղեցեաց սպասաւորները, որոնք եւս լսելով պատահարի մասին յայտնեցին իրենց ցաւակցութիւնները։ Բացի Եկեղեցոյս սպասաւորներէն ու ժողովուրդէն, ուրախացուցիչ տեսարան էր լսել քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներէն եւ հաւատացեալներէն եւս լսել բարեմաղթական արտայայտութիւններ։
Այս բոլորին մէջ կ՚առանձնանայ անշուշտ որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած՝ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՐԻՉ եւ Ս. ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ եւ որպէս քարոզիչ ծառայած Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ վարչայինները եւ անխտիր բոլոր յարակից մարմիններն ու միութիւնները, գլխաւորութեամբ իրենց ատենապետներուն։ Իսկ ընդհանուր ձեւով կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել հեռաւոր ԱՄՆ-է մինչեւ Հայաստան, Ստանպուլէ մինչեւ Անատօլու, իրենց ցաւակցութիւններով ու բարեմաղթութիւններով նուաստիս զօրակցած հաւատացեալ եղբայրներուս եւ քոյրերուս։ Ձեր ձայնը լսելը, ձեր գրութիւնը ընթերցելը, իրապէս մեծ երջանկութիւն եւ մխիթարութիւն է նուաստիս համար։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ անշուշտ Պատրիարքական Աթոռոյս Կայքէջին եւ Պոլսահայ Մամուլին, որոնք արձագանգեցին այս դէպքին եւ իրենց սիւնակներուն մէջ տեղ տրամադրեցին ու մերազն ժողովուրդը ճիշտ ձեւով տեղեակ պահեցին, իրենց բարեմաղթութիւնները եւս կցելով։ Այս մէկը կարեւոր էր, քանի շատեր ճիշտ ձեւով լսեցին պատահարի մասին եւ մամլոյ միջոցները եւս գործածելով գրաւոր ձեւով իրենց մտահոգութիւնները յայտնեցին։
Ահաւասիկ այս խօսքերով երբ կը դիմեմ բոլորիդ, հուսկ կը խնդրեմ որ յարատեւօրէն շարունակէք ձեր աղօթքներուն եւ յատկապէս անձնական ձեր աղօթքներուն մէջ տեղ տրամադրէք նուաստիս։ Օգնեսցէ մեզ Աստուած. Ամէն։
Աղօթախառն մաղթանօք
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Միաբան՝ Պոլսոյ Պատրիարքութեան
23 Յունուար 2022, Մայր Աթոռ
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun