Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Օրուան առիթով, 21 Յունուար 2022, Ուրբաթ, ժամը 18.00-ին, Թաքսիմի Այիա Թրիատա Յունաց Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջեկեղեցական պաշտամունք։
Արարողութեան հանդիսապետեց ու քարոզեց Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտամունքին մասնակցեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Աթոռոյս Հոգեւորական Դասէն մասնակցեցան Արժ. Տ. Տ. Նաթան Արապեան եւ Ներսէս Այվազեան Քահանայ Հայրերը, որոնց կ՚ընկարանար Բրկ. Արտա Կսրկ. Փնարճըեան։
Զանգակներու ղօղանջներով, Յոյն Եկեղեցւոյ երաժիշտներու խումբի երգեցողութեամբ հոգեւորականներ թափորով եկեղեցի մուտք գործեցին եւ արարողութիւնը սկսաւ Նորին Սրբութեան աղօթքով։ Արարողութեան «Սուրբ Աստուած»ի բաժինը Եկմալեան քառաձայն դաշնաւորումով երգեցին Բրշ. Էտվին Սրկ. Կալիպեանի գլխաւորութեամբ Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամներ։
Յոյն Եկեղեցւոյ եպիսկոպոս, վարդապետ եւ քահանայ ու սարկաւագներու առընթեր պաշտամունքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ասորի Ուղղափառ, Լատին Կաթոլիկ, Հայ Կաթողիկէ, Աւետարանական եկեղեցիները եւ Ս. Գրոց Ընկերութեան ներկայացուցիչներ։ Համավարակի պայմաններու ներքեւ կատարուած սոյն պաշտամունքին հետեւեցան նաեւ փոքրաթիւ հաւատացեալներ։
Քոյր եկեղեցիներու անդամներու կարդացած Ս. Գրային ընթերցումներէն յետոյ քարոզեց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը եւ յիշեցուց թէ այս տարուան արարողութեան բնաբանն էր «Անոր աստղը տեսանք արեւելքի մէջ եւ եկանք անոր երկրպագելու» (Մատթէոս, 2.2) աւետարանական համարը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, թէ Քրիստոս աշխարհի լոյսն էր (Յովհաննէս, 8.12), ճշմարիտ լոյսը՝ որ կը լուսաւորէ մարդկութիւնը (Յովհաննէս, 1.9)։ Յիշեցուց, թէ Քրիստոնեայ հաւատացեալներ իրենց հաւատքին ուղղութեամբ նաեւ են աշխարհի լոյսը (Մատթէոս, 5.14)։ Անդրադարձաւ, թէ եկեղեցին գոյացած էր համայն աշխարհի համար, եւ Քրիստոնէութիւնը պէտք չէր սահմանափակել քարերով, տեսարաններով եւ շէնքերու կառոյցներով։ Յիշեցուց Պետրոս Առաքեալի խօսքերը, թէ «Մօտեցէ՛ք անոր, այն կենդանի Վէմին որ թէպէտ մարդոցմէ անարգուած է, բայց Աստուծմէն ընտրուած ու պատուական է, Դուք ալ կենդանի քարերու պէս շինուիք հոգեւոր տաճար մը, սուրբ քահանայութիւն մը, Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով Աստուծոյ հաճելի հոգեւոր պատարագներ մատուցանելու» (Ա. Պետրոս, 2.4-5)։ Կարեւորեց, թէ այս ապրող քարերը պէտք են իրենց սկզբնական ու ծաղկած շրջաններուն մէջ գոյութիւն ունենան։ Յիշեցուց, թէ Միջին Արեւելքի մէջ Քրիստոնեաներու վիճակը իրական ողբերգութիւն մըն է։ Քանի որ կրօններու համար սուրբ նկատուած այս շրջանին մէջ կը տիրապետեն քաղաքական բաղխումներ ու տնտեսական շահու նկատումներ եւ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ հաւատացեալներ այս պայմաններու ներքեւ իրենց ունեցած իրարմէ տարբեր մշակոյթներով ու իրենց հաւատքի վկայութեամբ մեզ կը կապեն մեր հոգեւոր արմատներուն։ Միջեկեղեցական շարժման կարեւորութեան եւս անդրադառնալով, ըսաւ թէ այս շարժումին ապագան կապուած է սիրոյ լոյսի իւրացումին, որ կարելիութիւն կ՚ընծայէ նոր հանդուրժողութեան եւ համակեցութեան խորհդանիշներու առօրեայ մեր կեանքին ներգրաւման, պայքարելու համար կանխակալ մտածումներու եւ խտրականութեան դէմ։ Որպէս վերջաբան յիշեցուց, թէ երկխօսութիւնը պէտք է նկատել հարթակ մը, ուր եկեղեցիներ իրենց միջեւ ունեցած տարբերութիւնները ուղղամտութեամբ կը բաղդատեն ու իրարու հետ կ՚առերեսուին եւ զանոնք կ՚ընկալեն որպէս, վարդապետական, պաշտամունքային, Սուրբ Գրական եւ հովուական առաքելութեան առումով ուսումնասիրութեան դրութիւն։
Քարոզի աւարտին Վրացերէնով կատարուած «Նիկիական Հանգանակ»ի երգեցողութեան ընթացքին եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եկեղեցւոյ ատեանի աջակողմի կանթեղէն մոմեր վառեցին, որպէս խորհրդանիշ աշխարհի լոյսով լուսաւորուելու եւ այդ լոյսով աշխարհը լուսաւորելու։
Պաշտամունքի մասնակիցներ իրենց լեզուներով արտասանեցին «Տէրունական Աղօթք»ը։ Արարողութիւնը վերջացաւ Նորին Սրբութեան օրհնութեամբ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun