Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակէ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ դառնալ բոլոր երեսակներով։ Այս շրջանակին մէջ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը տեղ տուած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի յայտարարութիւններուն։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնած է, որ Թուրքիոյ հայերը ուրախ են Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ ձեռնարկուած՝ կարգաւորման ուղղեալ քայլերով։
Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուած է, որ երկու հարեւան երկիրները ունին խոր պատմութիւն մը եւ արժէքաւոր կը համարուին այն բոլոր քայլերը, որոնք թէ՛ ներդրումներու եւ թէ մշակութային առումով կրնան ապահովել անոնց յարաբերութիւններու ամրացումը։
«Իսթանպուլի հայերուն տեսակէտէ ալ ծայր աստիճան կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որպէսզի երկու հասարակութիւնները զիրար ճանչնան, կարողանան իրարու հետ աշխատանքներ իրականացնել, ներդրումներ կատարել եւ այս ուղղութեամբ հարուստ մշակութային արժէքներու հասարակաց յայտարարի մը վրայ համատեղման տեսակէտէ յարաբերութիւնները օրէ օր բարելաւուին», ըսած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը նոյն կապակցութեամբ շօշափած է նաեւ մեր համայնքէն շարք մը աշխարհական գործիչներու տեսակէտը, որոնց շարքին կը գտնուին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, «Ակօս»ի հրատարակութեան տնօրէն Եդուարդ Տանձիկեան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան։
Նոյն հարցազրոյցին մէջ ներկայ գործընթացին շուրջ դրական խորհրդածութիւններ ըրած են նաեւ պատմաբան փրոֆ. Իլպէր Օրթայլը, փրոֆ. Ահմէտ Քասըմ Հան, փրոֆ. Նեճմէտտին Ալքան եւ տոց. Այլին Իւնվէր Նօի։
Իլպէր Օրթայլը այս առթիւ նշած է, որ Թուրքիա Հայաստանի նկատմամբ հեռաւորութիւն պահած էր՝ քանի որ միշտ Ատրպէյճանի զգայնութիւնները նկատի առած էր։ Բայց եւ այնպէս, այժմ կացութիւնը փոխուած է։ Երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման խոչընդոտներէն մին՝ Ղարաբաղի բռնագրաւումը վերջացած է։ Իր խօսքով՝ Հայաստան շատ դժուար վիճակի մը մէջ է թէ՛ տնտեսական եւ թէ ժողովրդագրական առումով։ Իր երթը շարունակելու համար պայման է, որ այս յարաբերութիւնները առողջ ընթանան։ «Այժմու մօտեցումը դրական է։ Ես կը մտածեմ, թէ ա՛լ աւելի լաւ պիտի ըլլայ», ըսած է Օրթայլը։
Տիգրան Կիւլմէզկիլ յայտնած է, որ լաւ են վերջին իրադարձութիւնները։ «Այժմու կէտէն սկսեալ Թուրքիա այլեւս ամէն նիւթի շուրջ պէտք է ձեռք երկարէ Հայաստանին ու պէտք է վարուի մեծ եղբօր նման», ըսած է ան։
Փրոֆ. Ահմէտ Քասըմ Հանն ալ դիտել տուած է, որ յարաբերութիւններու բնականոնացումը նպաստաւոր է երկու երկիրներուն տեսակէտէ, սակայն, առաւել եւս՝ Հայաստանի համար։ Արդարեւ, հիմնական խնդիրները ծագում առած են Հայաստանէն։ Ղարաբաղի հարցը անոնցմէ մին էր, այդ մէկը լուծուած է։ «Սակայն Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ առնուած կարգ մը որոշումներ կան։ Անոնք եւս պէտք է վերցուին։ Նման պնդումներէ չհրաժարած Հայաստանի մը հետ Թուրքիա արդէն չի կրնար յարաբերութիւնները բնականոնացնել», ըսած է ան։
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F21-01-2022-ուրախացուցիչ-քայլեր
İlk yorum yapan siz olun