«Արեւելք»ի հացումներուն կը պատասխանէ պոլսահայ երգչուհի՝ Սիպիլ։
– Ի՞նչ է ձեր կարծիքը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին:
Եթէ այս հարցումը պատերազմէն (Նկատի ունի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը խմբ.՝«Արեւելք») առաջ հարցնէիք, աւելի հանգիստ ձեւով կը պատասխանէի: Բայց հիմա գիտնալով հազարաւոր զոհերու ու վիրաւորներու մասին, սիրտս կը ցաւի ու կը մտահոգուիմ թէ ինչ կրնայ ըլլալ այս յարաբերութիւններուն արդիւնքը: Երանի թէ պատերազմը ըլլալէն առաջ քաղաքական գործիչները լուծում կարենային գտնել առանց զոհեր տալու եւ առանց ընտանիքները զաւակազուրկ ընելու: Ժամանակը ետ վերադարձնելու կարելիութիւնը չունինք: Հիմա դեռ բանակցութիւններու ժամանակ նոյնիսկ զոհեր կ’ունենանք: Ես քաղաքական գործիչ չեմ, ես իմ մարդկային տեսանկիւնէն կը ջանամ մօտենալ այս ամէն ինչին: Բոլորիս նպատակը մէկ է: ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ, ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ, ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ: Բայց այս խաղաղութիւնը ոչ թէ մակերեսային, այլ իսկական պէտք է ըլլայ, եւ երբեք պէտք չէ վնաս հասցնէ Հայու արժանապատուութեան:
-Վերջերս ձեր արուեստով հետաքրքրուող ծանօթներու ըսած էիք, որ ձեզի համար շատ մեծ կարեւորութիւն ունի «Աւրորայի աղօթքը» երգն ու այդ երգին տարածումը:
«Աւրորայի Աղօթքը» երգս աղօթք է Տիրամօր: Աշխարհի պատերազմներու պատճառով որբացած երեխաներու ձօնուած երգ է: Այս երգը մինչեւ հիմա իմ երգած երգերէս կը տարբերի իր խորհուրդով ու նպատակով: Կրնամ ըսել, թէ իմ ամէնէն մտածուած եւ անոր վրայ ամէնէն շատ աշխատանք տարուած երգն է, տեսահոլովակի նկարահանման համար ամիսներ մտածած ու անքուն գիշերներ անցուցած ենք:
Երգի հեղինակ՝ Յասմիկ Հախվերտեանը մօտաւորապէս 4 տարի առաջ ստեղծած էր այս երգը, նկատի ունենալով աշխարհի պատերազմները: Յատկապէս այդ շրջանին տեղի կ’ունենար Սուրիոյ պատերազմը: Ցաւօք սրտի յետոյ տեղի ունեցաւ Արցախեան պատերազմը:
Պատերազմի վերջին օրերուն կը գտնուէի Հայաստան: Ինչպէս բոլորին հոգեվիճակը, իմս ալ շատ վատ էր ու երգելու ի վիճակի չէի: Բայց Յասմիկ ստիպեց, որ պէտք է ճիշդ այս հոգեվիճակով երգեմ եւ ես երգը արձանագրեցի, մտածելով որբացած երեխաներու եւ որդեկորոյս մայրերու մասին: Տեսահոլովակի նկարահանումը կատարեց յայտնի բեմադրիչ՝ Հրանդ Մովսիսեան: Լուրջ աշխատանք տարուեցաւ նկարահաանման ժամանակ, քանի որ մենք պիտի փորձէինք այս երգին ու նաեւ տեսահոլովակին միջոցաւ պատեարզմներու դաժանութիւնը ներկայացնելու։Հրանդ Մովսիսեան նկարահանումի ընթացքին 3,5 րոպէի մէջ փորձեց պատմութիւնը փոխանցել հանդիսատեսին: Յատկապէս անձիս համար շատ մեծ նշանակութիւն ունէր պատերազմի ձօնուած երգի մը համար ձայն տալ, քանի որ ծնած եմ ու կ’ապրիմ Պոլիս: Ուզեցի երգի միջոցով իմ սրտի խօսքը ըսել ու տարածել, նաեւ նպատակս է իմ երգի միջոցով ամբողջ աշխարհին այս պատգամը հասցնել:
Յատկապէս այս շրջաններուն բոլորս կարիքը ունինք խաղաղութեան, քանի որ աշխարհի մէջ խաղաղութենէ լաւ բան չկայ:
İlk yorum yapan siz olun