İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԷՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ «ԴԷՊԻ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԵՐԹՈՒԴԱՐՁԻ ՆՕԹԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՄԱՍ ԿԱԶՄԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅԻՆ

Ուրախ ենք մեր ընթերցողներուն տեղեկացնելու, որ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած վերջին գիրքը՝ «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր»ը արդէն տեղ գտած է Մայր Աթոռի Մատենադարանի հաւաքածոյին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ տարուայ վերջին օրերուն յիշեալ մատենաշարը համալրուած էր այս գիրքով, որ կը բովանդակէ պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի Հանրապետական շրջանի տիրական դէմքերէն Թորոս Ազատեանի կողմէ գրի առնուած յօդուածաշարքը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ։ Երանաշնորհ Տ.Տ. Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան համար գումարուած Ազգային-պատգամաւորական ժողովին՝ որպէս պոլսահայ պատգամաւոր մասնակցած էր Թորոս Ազատեան, որ այդ շրջանին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակից ըլլալու առընթեր Պատրիարքարանի դիւանապետն էր։ Խորհրդային Հայաստանէ վերադարձին ան գրի առած էր տպաւորութիւններ եւ այդ յօդուածաշարքը, որ անժամանցելի վկայութիւն մը կը համարուի, գիրքի մը ձեւաչափին մէջ հրատարակութեան պատրաստուած էր բանասէր ու գրականագէտ Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ։ Գործը լոյս տեսած էր Տէրողորմեաճեան ընտանիքի մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ հոգելոյս Ռուբէն Տէրողորմեաճեանի։

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան վերջին օրերուն մեր խնդրանքին ընդառաջ նոր հրատարակուած գիրքէն օրինակներ տարած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր անոնք յանձնուած են «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի տնօրէն եւ հրատարակչութեան բաժնի վարիչ Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեանին։ Այս կապակցութեամբ երէկ Մատենադարանը այս նոր համալրումին վերաբերեալ գրառում մը հրապարակած է ընկերային ցանցերու՝ իր պաշտօնական հաշիւին վրայ։ Այս գրառման մէջ նշուած է հետեւեալը.

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի գրքային հաւաքածոն պարբերաբար կը համալրուի նոր գրականութեամբ։ Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի ջանքերով Մատենադարանի մէջ արդէն հասանելի է Թորոս Ազատեանի «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր» յօդուածաշարքը։ Գիրքը կազմած ու խմբագրած է Սեւան Տէյիրմենճեան։ Տպագրուած է Տէրողորմեաճեան ընտանիքի մեկենասութեամբ։ Յօդուածաշարքին մէջ ամփոփուած են գրական գործիչ Թորոս Ազատեանի Հայաստան, յատկապէս՝ Էջմիածին կատարած այցի տպաւորութիւնները, որոնք շատ տարիներ առաջ լոյս տեսած էին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի էջերուն։

Մայր Աթոռի Մատենադարանը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ նուիրատուին՝ ակնկալելով ապագայ համագործակցութիւնը։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/18-01-2022-«ժամանակ-100»-մատենաշարէն-լոյս-տեսած-«դէպի-էջմիածին-երթուդարձի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın