Պատրիարքական Աթոռոյս միաբանութեան անդամներէն՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, որվերջերս Ստանպուլէն ուղղուեցաւ դէպի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, ճամբու վրայ ենթարկուեցաւարկածի։
13 Յունուար 2022, Հինգշաբթի, երեկոյեան, Սեւանէն դէպի Երեւան ճամբուն վրայ, ձիւնամաքրմանկառք մը ակնթարթի մէջ Հայր Սուրբին գտնուած կառքին առջեւ յայտնուեցաւ եւ իրենց կառքըերթեւեկի արկած անցուց։ Արկածի ընթացքին շարժավարն ու Հայր Սուրբը վիրաւորուեցան։ Առ այդ, երբ արկածահարներ դուրս ելան, յայտնի դարձաւ, թէ՝ Հայր Սուրբը յօնքին վրայ փոքր վէրքով դուրսելած էր եւ արդէն իսկ չկար այլ վատառողջ երեւոյթ։ Հասան շտապօգնութեան պաշտօնեաներ եւտեղւոյն վրայ կատարեցին քննութիւն, որմէ յետոյ Հայր Սուրբը փոխադրեցին դէպի ԱբովեանիՀիւանդանոցը։ Այստեղ կատարուեցան հարկաւոր քննութիւնները եւ յայտնի եղաւ որ Հայր Սուրբըչունէր լուրջ խնդիրներ։
Հայսուրբը, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին ժամանելէ յետոյ եւս արժանի դարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի եւ Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապաեանի անմիջական խնամքին, որով Հայր Սուրբը Մայր Աթոռոյ հովանիին ներքեւ գործող ԵրեւանիԻզմիրլեան Հիւանդանոցին մէջ եւս աւելի ընդարձակ քննութիւններէ անցաւ։ Այստեղ եւս յայտնիդարձաւ, թէ՝ առողջապահական որեւէ կարեւոր խնդիր չկար։
Հայր Սուրբը, ներկայիս ապաքինման շրջանը կը բոլորէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հովանիին ներքեւարժանանալով հոգեւոր հայրերու եւս անմիջական հետաքրքրութեան։ Իսկ միւս կողմէ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը եւս իրազեկ դառնալով սոյն եղելութեան, կապ հաստատեց ՀայրՍուրբի հետ եւ յանուն հոգեւորականաց դասու անդամներուն արագ ապաքինման մաղթանքներըփոխանցեց իրեն։
İlk yorum yapan siz olun