Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ երկարաշունչ գործընթացը երէկ թեւակոխեց նոր հարթութիւն։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ բեկում ապահովելու ուղղեալ նոր փորձի մթնոլորտին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու կողմէ նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի առաջին հանդիպումը։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ վերստին աշխուժացած էր երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը՝ Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ շուրջ տարիէ մը ի վեր ստեղծուած աշխուժութիւնը երէկ գործնական ու շօշափելի դրսեւորում մը ունեցաւ՝ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումով, որ տեղի ունեցաւ Մոսկուայի մէջ։ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան տեսակցեցան՝ իրենց հետ ունենալով Մոսկուայի մօտ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի դեսպանները։ Ըստ տեղական մամուլի հաղորդած մանրամասնութիւններուն, երէկ ժամը շուրջ 11.00-ին երկու պատուիրակութիւնները ժամանեցին հանդիպման վայր։ Դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ դռնփակ տեսակցութիւնը տեւած է շուրջ մէկուկէս ժամ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդունելութիւններու տան՝ Մորոզովի դղեակի երդիքին տակ կազմակերպուած է տեսակցութիւնը։ Այս վայրը պատմական մեծ նշանակութիւն ունի եւ Ռուսաստանի ղեկավարին կողմէ յաճախ կ՚օգտագործուի միջազգային շփումներու համար։ Թրքական մամուլը կը գրէ, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին ժամադրութեան առթիւ այդ դղեակին բացուած ըլլալը ազդանշան մը կը համարուի՝ Ռուսաստանի կողմէ այս շփումին վերագրուած կարեւորութեան տեսակէտէ։
Քըլըչի եւ Ռուբինեանի հանդիպումէն անմիջապէս վերջ երեք մայրաքաղաքները արձագանգեցին՝ արտաքին գործոց նախարարութիւններու կողմէ հրապարակուած ամփոփ յայտարարութիւնով։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններու յայտարարութիւնը գրեթէ բառացիօրէն նոյնն էր։ Այդ յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծուած է, որ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը դրական ու շինիչ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած է։ Մատնանշուած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բնականոնացման գործընթացը երկխօսութեան ճանապարհով յառաջ պիտի մղուի եւ յատուկ ներկայացուցիչներու երէկուան հանդիպման ժամանակ այդ կապակցութեամբ կարծիքի սկզբնական փոխանակումներ տեղի ունեցած են։ Կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի լիարժէք բնականոնացման առաջադրութեամբ բանակցութիւնները շարունակուին առանց նախապայմանի։ Յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ տեսակցութեան վայրն ու թուականը յառաջիկային պիտի ճշդուին դիւանագիտական ճանապարհով։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման լոյսին տակ։ Այս առթիւ մատնանշուած է, որ Քըլըչ եւ Ռուբինեան պայմանաւորուած են երկխօսութիւն վարել շինիչ եւ ապաքաղաքական առանցքով, որպէսզի գտնեն ընդհանուր եզրեր։ Այդ երկխօսութիւնը պիտի ըլլայ բաց ոգիով ու միտուած գործնական արդիւնքի՝ ընթանալով փոքր քայլերով՝ պարզէն դէպի բարդի անցնելու ճանապարհով։ Կողմերու միջեւ ըմբռնում գոյացած է շարունակելու համար ընդհանուր եզրերու որոնումը՝ ի շահ երկու երկիրներու ժողովուրդներու, ի շահ տարածաշրջանի կայունութեան ու տնտեսական բարգաւաճման։
Նախարարութեան կողմէ հրապարակուած այս յայտարարութեան առընթեր, նոյն նիւթին շուրջ երէկ օրուայ տեւողութեան Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Իր խօսքով՝ Մոսկուա կ՚աջակցի Երեւանին եւ Անգարային՝ ուղիղ երկխօսութիւն հաստատելու հարցին մէջ։ Ռուսական կողմը կը յուսայ, թէ սա կը պսակուի յաջողութեամբ։ «Հայաստան եւ Թուրքիա նշանակած են իրենց յատուկ ներկայացուցիչները։ Ռուսաստան նպաստած է այդ համաձայնութեան գոյանալուն։ Մենք շատ ուրախ ենք, որ այսօր առաջին հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ։ Մեր դերն է օգնել ուղիղ երկխօսութեան հաստատման», նշեց Լաւրով։
Մինչ ռուս նախարարի այս յայտարարութիւնները արձագանգ գտած են նաեւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ՝ Անգարայի եւ Երեւանի յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին ժամադրութեան օրուան մթնոլորտին մէջ Մոսկուայէն հերթական բարձր մակարդակի անդրադարձն ալ կատարուած է՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակին շուրջ։ Լաւրովի համոզմամբ՝ Հարաւային Կովկասէ ներս թշնամական գործողութիւններու դադրեցումը եւ բոլոր հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը պիտի ընձեռէ հնարաւորութիւններ, որոնք հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն՝ Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Իրանի, Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տեսակէտէ։ Ան յիշեցուց, որ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը նախատեսուած է՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ գոյացած պայմանաւորուածութիւններով։ Լաւրով մատնանշեց, որ եթէ Վրաստան միանայ «3+3» ձեւաչափին, ապա պիտի չպարտաւորուի իր քաղաքական դիրքորոշումները փոփոխութեան ենթարկել։ «Մենք կրնանք պայմանաւորուիլ, որ այդ ձեւաչափի շրջանակներէն ներս քննարկուին բացառապէս այն նիւթերը, որոնք կը հետաքրքրեն բոլոր մասնակիցները», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով՝ այն հանգամանքի լոյսին տակ, թէ Մոսկուայի եւ Թիֆլիզի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ գոյութիւն չունին եւ այս պատճառով շատ հնարաւորութիւն չկայ վրացական կողմին բացատրելու համար՝ համագործակցութեան նշեալ ձեւաչափի առաւելութիւնները։ Այս պատճառով Ռուսաստան սոյն հարցին շուրջ կը դիմէ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի գործընկերներուն, որպէսզի անոնք իրենց հարեւան Վրաստանին բացատրեն այդ առաւելութիւնները։ Լաւրովի խօսքով՝ վրացական կողմի շահերէն ալ կը բխի առանց նախապայմանի «3+3»ին միանալը։
Դիւանագիտական այս բազմակողմանի երթեւեկի մթնոլորտին մէջ Սերտար Քըլըչի հետ տեսակցելէ առաջ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքոյի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։
Միջազգային շահագրգիռ դերակատարներն ալ անմիջապէս արձագանգել սկսած են Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի առաջին հանդիպման։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ Եւրոմիութիւնը, որ թէ՛ հանդիպումէն առաջ եւ թէ հանդիպումէն վերջ արտայայտեց իր վերաբերմունքը։ Մոսկուայի երէկուան տեսակցութենէն անմիջապէս առաջ, Հարաւային Կովկասի հարցերով ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար ողջունեց Քըլըչ-Ռուբինեան տեսակցութիւնը։ Ան տեղեկացուց, որ ԵՄ լիովին կ՚աջակցի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Իր խօսքով՝ յարաբերութիւններու կարգաւորումն ու հաղորդակցութիւններու բացումը կարեւոր նպատակ է եւ Եւրոմիութիւնը լիովին կ՚աջակցի։ Իսկ տեսակցութենէն վերջ ԵՄ ողջունեց յատուկ ներկայացուցիչներու պատրաստակամութիւնը՝ աշխատելու համար երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան բանբեր Փեթեր Սթանօ դէպի առաջ կարեւոր քայլ որակեց բանագնացներու առաջին հանդիպումը։ Ըստ իրեն, ԵՄ Թուրքիային եւ Հայաստանին կոչ կ՚ուղղէ՝ շարունակել ջանքերը նոյն ուղղութեամբ։ Բանբերի խօսքով՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ապագային առնուելիք որեւէ յստակ քայլ լաւ նորութիւն մը պիտի ըլլայ տարածաշրջանային կայունութեան եւ հաշտեցման, ինչպէս նաեւ տնտեսական զարգացման հեռանկարներուն տեսակէտէ։
Փեթեր Սթանօ ընդգծեց, որ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու բնականոնացումը ԵՄ-ի տեսակէտէ առանցքային նշանակութիւն ունի՝ անոնց հետ Պրիւքսելի համագործակցութեան առումով։ Բանբերը յիշեցուց, որ 2014 թուականէն ի վեր ԵՄ աւելի քան 4.5 միլիոն եւրօ յատկացուցած է զանազան նախագիծերու համար, որոնց նպատակը եղած է հող նախապատրաստել շարք մը ոլորտներէ ներս յարաբերութիւններու կարգաւորման համար. օրինակ՝ տնտեսութիւն, մշակոյթ, կրթութիւն եւ տեղեկատուութեան փոխանակում։ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է ապագային եւս աջակցութիւն ցուցաբերել եւ հաւանական կը նկատէ յաւելեալ քայլերու ձեռնարկելը յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ ողջունեց Անգարա-Երեւան երկխօսութիւնը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը այս առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ «Մենք ջերմօրէն կ՚ողջունենք հայ-թրքական երկխօսութիւնը եւ երկու երկիրներու ներգրաւումը դիւանագիտութեան ու երկխօսութեան մէջ՝ իրարու միջեւ առկայ տարակարծութիւնները կարգաւորելու համար», նշուած է ամերիկեան կողմի յայտարարութեան մէջ։
ՆԱԹՕ-ն ալ ողջունեց Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երէկ տեղի ունեցած բանակցութիւնները։ Դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի՝ Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Հավիէր Քոլոմինա տեղեկացուց, որ ՆԱԹՕ կ՚աջակցի Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կը խրախուսէ անոնց ապագայ քայլերը այդ ուղղութեամբ։ Իր խօսքով՝ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի նպաստէ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատման։
Միջազգային այս վառ ուշադրութեան մթնոլորտին մէջ այժմ կը սպասուի գործընթացի շարունակութեան։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդած են, որ յատուկ ներկայացուցիչներու միջեւ երկրորդ եւ երրորդ հանդիպումները Անգարայի եւ Երեւանի մէջ տեղի կրնան ունենալ։ Բաց աստի, Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան քննարկած են ուղղակի շփման մէջ գտնուելու հնարաւորութիւնները։
İlk yorum yapan siz olun