ՄԱՐՄԱՐԱ.- Մեր խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեան եւ կողակիցը՝ Տիկին Սիւզան Հատտէճեան մօտաւորապէս շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուին Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին մէջ։ Տիկին Սիւզան Հատտէճեան առողջական խնդիրներու պատճառով առնուած է դարմանումի տակ։ Երկուքը միասին այս օրերուն մեր Գթութեան Տան բժիշկներու խնամքին տակ են։
Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը »անցեալ ըլլայ«ի համար այցելութիւն տուաւ մեր Խմբագրապետին ու իր Տիկնոջ։ Հիւանդասենեակի մէջ էր նաեւ մեր Հրատարակութեան Տնօրէն Պր. Արի Հատտէճեան եւ Տիկինը՝ Գարոլին։
Պատրիարք Հայրը շուրջ կէս ժամ մնաց Հատտէճեան ամոլին մօտ, հետաքրքրուեցաւ անոնց առողջական վիճակով, շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Տիկին Սիւզանին, նաեւ հիւանդներու համար Պահպանիչով ու Հայր Մեր աղօթքներով գօտեպնդեց զանոնք։
Շնորհակալ ենք սիրելի Պատրիարք Հօր՝ սրտամօտ կեցուածքի եւ մաղթանքներուն համար։
Աղբիւր։ ՄԱՐՄԱՐԱ
İlk yorum yapan siz olun