İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՀ՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏՆԻ ՄԵՆԱԿԱՏԱՐ ՔԵՆԱՆ ՄԵՆԵՔՇԷԻ

Ցաւով տեղեկացանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ ժողովրդական երաժշտութեան խորհրդանշական դէմքերէն՝ յայտնի մեներգիչ Քենան Մենեքշէ։ Ան հասած է Տիարպաքըրի նշանաւոր «Կեավուր մահալլէսի»էն, եղած է որդին՝ Կարապետ Պուպօ Մենեքշէի։ Քենան Մենեքշէ բարի համբաւ ձեռք բերած էր իր տպաւորիչ ձայնով ու կատարողական կարողութիւններով։ Իր կորուստը խոր յուզում յառաջացուցած է համայնքային շրջանակներէն ներս՝ ներառեալ ժողովրդական երաժշտութեան համակիրները։

Նորոգ հանգուցեալ Քենան Մենեքշէի յուղարկաւորութիւնը նախատեսուած է վաղը։ Յայտնի երգիչին մարմինը պիտի ամփոփուի Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/11-01-2022-մահ՝-ժողովրդական-երաժշտութեան-յայտնի-մենակատար-քենան-մենեքշէի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın