İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԸ

Կ՚ըսուի, որ ծնող մը կը կարողանայ տասը զաւակ խնամել, բայց, չափահաս դառնալէ վերջ այդ տասը զաւակը կը դժուարանայ ծնողը պահել… Ժողովրդական իմաստութիւնը, սուր դիտարկումներով ու դիպուկ բանաձեւումներով կը ցոլացնէ կեանքի ճշմարիտ պատկերները։

Նահապետական ընտանիքի աւանդութիւններն ու սահմանումները մէկ կողմէ թէեւ որոշ պահպանողականութիւն մը կ՚ենթադրեն, միւս կողմէ, սակայն, ժամանակներու հոլովոյթին մէջ կը պայմանաւորեն հաւաքական զօրակցութեան մտայնութիւն մը։ Հօր կերպարը առանցքային է այնտեղ, կ՚անդրանցնէ ֆիզիքական կամ արենակցական հանգամանքները։

Հօր խրատը լաստանաւ է ալեկոծեալ ծովուն մէջ նաւարկելու համար, յորդորը՝ փիլիսոփայական բանալի մը աշխարհը հասկնալու անվերջ ճիգերուն տեսակէտէ։ Հօր մաղթանքը աւիշ է ինքնավստահութեան, աղօթքը ունի բացառիկ ուժ։ Հօր հովանին այնպիսի ազդեցութիւն մը կը գործէ, որ մարդ կ՚անդրադառնայ սեփական կարողութիւններուն։ Անբացատրելի հանգստութեան, աննկարագրելի ապահովութեան մը զգացումը կ՚առթէ հայրը, որ համախմբող է, բարի կամեցողութեան խորհրդանշան ու զօրակցութեան կերպար։

Հայրը նուիրումի մարմնացումն է, որ նաեւ իր մէջ պարփակած է բնական օրէնք մը։ Առանց տալու ստանալ չկայ կեանքի կանոնին մէջ։ Հօր կերպարին նկատմամբ հաւատարմութիւնը ուրիշին համար զոհողութիւն է՝ մետայլի միւս երեսակին։ Չէ՞ որ հայրը կ՚երաշխաւորէ նաեւ եղբայրութիւնը։ Եւ առանց եղբօր նկատմամբ սիրոյ՝ մարդ դժուար թէ խնամէ կեանքի ծառը թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական առումով…

*

Այսօր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան երկրորդ տարեդարձն է։ Պատրիարքական Աթոռի գահակալը այս առթիւ հերթական անգամ առարկայ կը դառնայ իր հօտի սիրոյ ու համակրանքին։ Մենք եւս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը շնորհաւորեանք ջերմօրէն՝ արեւշատութեան մաղթանքով։ Նորին Ամենապատուութեան բազում տարիներ կը մաղթենք գահուն վրայ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/11-01-2022-եղբայրութեան-երաշխաւորը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın