İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի չորրորդ օրուան առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութեանց։

Սուրբ Պատարագը մատոյց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Արամ Սրկ. Պարոնեան, կիսասարկաւագ եւ ուրարակիրներ ու դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ Ս. Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու մասնակցութեամբ, ղեկավարութեամբ՝ Սերճան Կազէրօղլուի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ բացատրեց Քրիստոսի Յորդանան Գետին մէջ Յովհաննէս Մկրտիչի ձեռամբ մկրտուելու դէպքը։ Բացատրեց, թէ Յովհաննէս Մկրտիչ անապատին մէջ կը ձայնէր ըսելով. «Ապաշխարեցէք, որովհետեւ մօտ է Աստուծոյ արքայութիւնը»։ Բոլոր անոնք որոնք կու գային Յովհաննէս Մկրտիչի առջեւ կը խոստովանէին թէ ապաշխարած են եւ կը մկրտուէին ջուրով։ Ջուրը ունի երկու մասնայատկութիւն. կը ծառայէ մաքրութեան, նաեւ կեանքի աղբիւր է։ Քրիստոս ինչո՞ւ եկած էր մկրտուելու։ Քրիստոս, որ սուրբ էր, տարբեր էր այն անձերէն որոնք ապաշխարութեան մկրտութիւնը կ՚ընդունէին։ Անոնք իրենց մեղքերը կը ձգէին իրենց մկրտութեան պահուն։ Յովհաննէս Մկրտիչ տեսնելով մկրտուելու եկած Քրիստոսը, ըսած էր. «Ահա Գառն Աստուծոյ, որ կը բառնայ աշխարհի մեղքը»։ Քրիստոս ձգուած մեղքերը կը հաւաքէր իր անձին վրայ, որպէսզի մարդիկ արդարանային։ Քրիստոս կը խոնարհէր մեղքերը վրան առնելով եւ երբ յետ մկրտութեան Աստուծոյ Հոգին աղաւնիի կերպարանքով կ՚իջնէր Իր վրայ, երկինքէն կը լսուէր Հօր Աստուծոյ վկայութիւնը. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաճեցայ»։ Քրիստոսի առաքելութիւնը կը յայտնաբերուէր, որ էր մեղքերը լուալ իր Սուրբ Արեան շնորհիւ։ Քրիստոնեաներու համար Յորդանանի մկրտութիւնը ընդունելի չէ այլ Սուրբ Աւազանի մկրտութիւնը, ուր ջուրին մէջ ընկղմուելով Քրիստոսի հետ կը թաղուինք ու ջուրէն ելլելով Անոր հետ յարութիւն կ՚առնենք նորոգուած  կեանքով։ Աստուած կը սիրէ մեղաւորը եւ չի կամենար անոր կորուստը, սակայն կ՚ատէ մեղքը։  Հետեւաբար քրիստոնեայ հաւատացեալներ իրենց կեանքի տեւողութեամբ կը կարօտին տեւապէս մաքրուելու։ Քանի որ Սուրբ Մկրտութիւնը անկրկնելի է, մշտական մաքրութեան համար կը կարօտինք ներքին ջուրի մը, որ կը պարգեւուի Քրիստոսի նկատմամբ անշեղ հաւատքով. «Ով որ կը հաւատայ ինծի, – ինչպէս որ Գիրքը կ՚ըսէ, – անոր մէջէն կենդանի ջուրերու գետեր պիտի բղխին» ըսած էր Քրիստոս։ Այս պիտի իրականանար Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց խոնարհելով բարձրանալու կարեւորութիւնը եւ թելադրեց լաւագոյնս ըմբռնել Քրիստոսի մկրտութեան դէպքը։

Նորին Ամենապատուութեան քարոզի աւարտին կատարուեցաւ պաշտօն եկեղեցւոյ եւ վարժարանի բարերարներէն հոգելոյս Վահրամ Փապուճճեանի հոգւոյն ի հանգիստ։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, թաղային խորհուրդը հիւրասիրեց Նորին Ամենապատուութիւնը։ Պատրիարք Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ու գնահատեց թաղային խորհուրդի աշխատանքները եւ յաջողութիւն մաղթեց։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın