Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը մեր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ հանդիսաւորապէս։ Հակառակ թագաժահրի համավարակին, ժողովուրդը աղօթք վերառաքեց Սուրբ Պատարագ մատուցուած մեր եկեղեցիներուն մէջ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Յունուար 2022, Հինգշաբթի առաւօտ, ըստ աւանդութեան, արարողութեանց հանդիսապետեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ եւ Ս. Պատարագ մատոյց, առընթերակայութեամբ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի։ Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց։
Իսկ յաւարտ Ս. Պատարագի, ի նշան Տէր Յիսուս Քրիստոսի Յորդանան Գետի մէջ մկրտութեան, կատարուեցաւ հանդիսաւոր ջրօրհնէք։
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա թափորով առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան, ուր կատարուեցաւ տնօրհնէք։
Տաղաւարի առթիւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան՝ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան՝ Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան՝ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան՝ Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս, իսկ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան՝ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Գաւառի Տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան՝ Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ մատուցին եւ քարոզեցին։
İlk yorum yapan siz olun