İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Եթէ մէկի յանցանքով շատեր մեռան,

որչա՜փ աւելի մէկ մարդու՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհով,

Աստուծոյ շնորհն ու պարգեւները աւելցան շատերու մէջ» 

(Հռոմ., 5.15)

Սուրբ Ծնունդի եւ կաղանդի եղանակը սերտօրէն աղերսուած է «նուէր»ի գաղափարին հետ, որուն հոմանիշներն են «շնորհք», «պարգեւ» եւ մասամբ «ողորմութիւն» բառերը: Նուէրներ տալն ու առնելը վերածուած է այս եղանակին հետ առընչուած գողտրիկ աւանդութեան մը, որ ինքնին կը ստեղծէ ոգեւորութիւն ու խանդավառութիւն: Այս տօնական օրերը շատ բան կը պարտին նուէրներ տալու աւանդութեան տարածուն իրագործումին, ջերմ ու զուարթ մթնոլորտներ ստեղծելու առումով: Շատ քիչեր սակայն կ’անդրադառնան, որ Բեթղեհէմի մանուկին կը պարտինք այս սիրունիկ աւանդութիւնը:

Յովսէփ եւ Մարիամ Նազարէթ քաղաքէն ելլելով հարիւր քիլոմեթր տեւող դժուար ճամբորդութենէ յետոյ երբ հասան Բեթղեհէմ՝ որպէս աղքատիկ օտարականներ տեղ մը չունէին հոն մնալիք առանց ունենալու ոչ մէկ ազգական կամ ծանօթ բարեկամ մը օգնութեան հասնելիք: 

Անոնց առաջին «նուէր»ը տուաւ իջեւանին տէրը՝ բանալով քարայր-ախորին դռները որպէսզի գիշերեն հոն:

Ուրիշ նուէր մը եկաւ անասուններէն, որոնք իրենց շունչին ջերմութեամբ ցուրտէն պահպանեցին մանուկ Յիսուսը:

Բայց լաւագոյն նուէրները հարկաւ թէ հովիւները բերին խրատուելով հրեշտակներէն, գտնելով խանձարուրի մէջ փաթթուած, մսուրի մէջ դրուած Փրկիչը՝ Օծեալ Տէրը: Իրենց հօտին արտադրութիւններէն՝ կաթ, պանիր, մածուն եւ հաց դրին սուրբ ընտանիքին առջեւ: Ի հարկէ իրենց եւ իրենց ընտանիքներու բարեկամութիւնը մատուցին եւ մինչեւ բաժնուեցան Բեթղեհէմէն խնամեցին զանոնք, ով գիտէ, թերեւս իրենց տուներուն մէջ հիւրասիրեցին զանոնք աւելի լաւ պայմաններու տակ բնակելու համար: 

Իսկ մոգերը՝ Մելքոն, Գասպար, Պաղտասար տեսնելով աստղը Մեսիային՝ երկարատեւ ու դժուար ճամբորդութիւն մը յանձն առնելով ուզեցին պաշտել Երկնային թագաւորը: Իրականացաւ իրենց փափաքը «երբ տեսան մանուկ Յիսուսը իր մօրը՝ Մարիամի հետ, եւ երեսի վրայ իյնալով՝ երկիրպագեցին անոր. Ապա բանալով իրենց գանձերը՝ մատուցին նուէրներ՝ ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս» (Մատթէոս, 2.10-12): Իրենց նուիրած այս գանձերը շատ էական դեր պիտի կատարէին դէպի Եգիպտոս կատարելիք փախուստի եւ տարագրութեան երկար տարիներու ընթացքին:

Այս բոլորը մարդկութեան անունով Մանուկ Յիսուսին մատուցուած նուէրներ էին փոխադարձ՝ Աստուծոյ մեծագոյն նուէրին՝ մեղաւոր մարդկութեան շնորհուած: «Քանի որ Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յովհաննէս, 3.16): Սուրբ Ծնունդին ահա՛ Աստուածային այս պարգեւն է որ կը տօնենք: Սակայն խանձարուրի մէջ մեզի պարգեւուած մանուկի հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլար մեզ ալ պարգեւատու անձերու վերածել: «Որովհետեւ անոր շնորհիւ փրկուածներ էք հաւատքի միջոցով եւ ասիկա ձեզմէ չէ, այլ պարգեւն է Աստուծոյ, ոչ ալ գործերէն է, որպէսզի ոչ ոք պարծենայ. որովհետեւ մենք անոր արարածներն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուածներ՝ բարի գործերու համար, որոնց համար ալ Աստուած նախապէս պատրաստեց մեզ, որպէսզի անոնցմո՛վ ընթանանք» (Եփեսացիս, 2.8-10):

Մենք մեր Արարիչէն կը սորվինք նուէրներ տալու արուեստը, ըստ այնմ «Ան իր արեգակը կը ծագեցնէ չարերուն ու բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ արդարներուն եւ մեղաւորներուն հաւասարապէս» (Մատթէոս, 5.45): Կեանքի աղբիւրն է Ինք. «Քանի որ ամէն բարի շնորհ եւ ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն են, իջած լոյսի Հօրմէն, որուն մէջ չկայ փոփոխում, կամ՝ փոփոխութեան ստուեր» (Յակոբոս, 1.17): Եւ այս նուիրատու Հայրը մեր, կը փափաքի որ մենք եւս նմանինք իրեն՝ առատաձեռնութեամբ վարուելով իրարու հանդէպ, յատկապէս աղքատ ու ընկերութեան ողորմելի խաւերուն, որոնք ուրիշ օգնութեան ճար չունին բացի սրտաբուղխ ողորմութեան նուէրներէն՝ իրենց «մա՛րդ» եղբայրներու կողմէ կատարուած: 

Նուիրաբաշխումի Տօն մըն է Սուրբ Ծնունդը մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի: Աստուած Իր սիրոյ անգին Նուէրը՝ Իր Որդին կու տայ մեզի, եւ մեզմէ մեր նուէրները կը սպասէ Իր Որդիին ձօնուած: Ծննդեան սուրբ տրաման բացայայտ կ’ընէ այս իրականութիւնը վերեւ մատնանշած մեր օրինակներով: Տօնական այս օրերուն մենք բոլորս մեր երախտապարտութեան նուէրները պէտք է որ մատուցանենք Տէր Յիսուսին, այնպէս ինչպէս ըրին հովիւները եւ մոգերը: Բայց ինչպէ՞ս պիտի գտնենք Յիսուսը՝ մեր նուէրները փռելու համար իր ոտքերուն առջեւ: Յիսուս ինքն է, որ կը պատասխանէ. «Եկէ՛ք, իմ Հօրս օրհնեալները, ժառանգեցէ՛ք աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած արքայութիւնը. Վասնզի անօթեցայ, եւ ուտելիք տուիք ինծի, ծարաւեցայ, եւ խմելիք ջուր տուիք ինծի, օտար էի, եւ ձեր մէջ առիք զիս. Մերկ էի, եւ հագուեցուցիք զիս, հիւանդ էի, եւ զիս տեսնելու եկաք, բանտի մէջ էի, եւ մօտս եկաք»: Թերեւս հարց պիտի տաք արդարօրէն թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ըրիք այս բոլորը երկու հազար տարի առաջ ապրած Յիսուսին, որուն պատասխանը շատ յստակ է ու գոհացուցիչ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս փոքրիկ եղբայներէս մէկուն ըրիք՝ ինծի՛ ըրիք» (Մատթէոս, 25.31-41):

Ուրեմն Ծնունդի Սուրբ Տօնը լաւագոյնս կրնաք տօնել գտնելով մեր նուէրներուն կարօտ մեր եղբայրներն ու քոյրերը եւ օգնելով անոնց: Աստուածորդին այնքան խոնարհեցաւ, որ նուէրներ ընդունեց մարդոցմէ եւ այդ նուէրներու օգնութեամբ սկսաւ իր փրկագործութեան առաքելութեան: Փրկութեան ճամբան սարքուած է սիրոյ սրտաբուղխ նուէրներով։

Ծնաւ մեզի այսօր Փրկիչ մը, որ մեղապարտ մարդկութեան փրկութեան ճամբան ցոյց կու տայ: Աստուծոյ մեզի տուած շնորհքները բաժնել ուրիշներուն հետ ազատօրէն, որպէսզի տիրէ աշխարհի վրայ սէրն ու եղբայրութիւնը, որոնց պիտի հետեւին բնականաբար արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը՝ դրախտավայրի վերածելու մեր ռազմադաշտի վերածուած մրցամոլ երկիրը: Խաւարին մէջ ահա այսպէս կը փայլի փրկչական լոյսը՝ ծնեալ Արքային:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ.

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

*

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան կենսանորոգ տօներուն առիթով կ’ողջունենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։ Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ’ողջունենք նաեւ մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի, Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի եւ իրեն ենթայանձնախումբերու, Տիկնանց եւ Հայ Մենթի-Մենթոր Յանձնախումբերու անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով բոլորին երջանիկ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։

Յատուկ օրհնութեամբ կ’ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասն պայծառութեան Աթոռոյս։

Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։

Մեր հայրական սրտագին սէրն ու ողջոյնները կ՚առաքենք սփիւռքի մէջ գործող Ս. Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեան ու Մխիթարեան Վարժարաններու Սանուց Միութեանց Վարչութիւններուն ու մերազն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք նեղ պայմաններու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց աւանդութիւններուն։

Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

ՍԱՀԱԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Ս. Ծնունդ, 2022

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın