İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆՈՅԵՄԲԵՐ-ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021ի 6ՐԴ ՇՐՋԱՆԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ

Ինչպէս ծանօթ է, Թագաժահրի (քորոնա) համավարակի առաջին իսկ օրերուն, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրահանգով

հաստատուած էր Պատրիարքական Աթոռոյ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը։ Յիշեալ Յանձնախումբը կազմուած էր կամաւորներէ եւ մեր եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու հետ համագործակցաբար ճշդելով կարիքաւորները,

անոնց կանոնաւոր կերպով (ամէն երկու ամիսը անգամ մը, տարին վեց անգամ) կը բաժնէ սնունդի ծրարներ։ Մեր քսան մէկ

եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու եւ կամաւորաբար ծառայողներու մասնակցութեամբ, աւելի քան ութ հարիւր ընտանիքներու օժանդակութիւն կը բաշխուի։

2021 տարւոյ 6րդ (Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր) շրջանի պարէններու պատրաստութիւնը կատարուած է Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս.

Աստուածածնի Եկեղեցւոյ աղքատախնամի ներդրումներով եւ անոնց բաշխումը աւարտած է 29 Դեկտեմբեր 2021ին։ Նոյն

շրջանին յանձնուած են նաեւ Ստամպուլի Մայր Քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած առեւտուրի քարտերը։

Օժանդակութեան սոյն ծրագրի շրջագիծէն ներս, սահմանափակ թիւով կարիքաւորներու տրամադրուած են նիւթական եւ դեղօրայքի օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ մեր երկրի զանազան շրջաններուն մէջ «առժամեայ ապաստանեալի» կարգավիճակ

ունեցող ​​ընտանիքներուն տրամադրուած է ամսական վարձքի օժանդակութիւն եւ գնումներու քարտ:

Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերած են կամաւորութեան եւ

նուիրատուութեան սկզբունքով իրականացած վերոյիշեալ ծառայութեան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın