Հոգեւորականաց ամանորեան գոհաբանական աղօթքը 31 Դեկտեմբեր 2019, Ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ եկեղեցականաց դասը ժամը 16.00-ին մուտք գործեց Մայր Տաճար, ուր տեղի ունեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն։
Յաւարտ արարողութեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան կարդաց Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեան գիրը, ուր մեր Հոգեւոր Պետը գնահատելով Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեանի վաստակն ու ծառայութիւնը, իրեն կը շնորհէր աւագութեան պատիւ։
Պատրիարք Հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Տէր Հայրը եւ արեւշատ տարիներ մաղթեց իրեն։
Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ ծնկաչոք եւ միասնաբար երգուած «Տէր Ողորմեա»ով ու Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնով։
Ապա հոգեւորականաց թափօրը ուղղուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց դասու ամանորեան հաւաքը։
Սրբազան Պատրիարք Հայրը, այս առթիւ ներկայ հոգեւորականներուն Ամանորի պատգամը փոխանցեց։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց թէ՝ եկեղեցւոյ համար դժուար եւ յուզումնալի տարի մըն էր 2021 թուականը։ Նոյն տարուան մէջ վախճանած էին հոգեւորականաց դասու երկու անդամները՝ Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանն ու Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ներկաները հրաւիրեց աղօթելու, որ Աստուած նոր մշակներ հանէ իր անդաստանին համար։
Մեր Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ անցեալ տարուան մասին եւ բարեմաղթանքներ ըրաւ, որ սպառի համավարակի ազդեցութիւնը եւ յառաջիկայ տարին ըլլայ աւելի պտղաբեր թէ իւրաքանչիւրին համար յատկապէս եւ թէ համայնքիս եւ եկեղեցւոյ համար ընդհանրապէս։
Հաւաքը իր աւարտին հասաւ, Նորին Ամենապատուութեան վերջին օրհնութեամբ, անուշապուրի հիւրասիրութեամբ եւ փոխադարձ շնորհաւորանքներով։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun