Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 2 Յունուար 2022, Կիրակի առաւօտ, Ս. Պատարագին նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ։
Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ Ճիվանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Խաչիկ Սրկ. Սարըլըեան, Բրշ. Գէորգ Սրկ. Ներկիզեան, Բրշ. Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզեան, կիսասարկաւագներ, ուրարակիրներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Սահակեան Դպրաց Դաս-Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Տիար Սեւան Ակօշեանի։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Նորին Ամենապատուութիւնը նախ շնորհաւորեց նոր տարին եւ բարեմաղթանքներ ըրաւ, ապա յիշեցուց կարեւորը, թէ այս բոլորը բարեմաղթանքներու իրականացման համար ի՞նչ պիտի ընենք, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ներդրումը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ. «Աստուած բարիքները մարդոց միջոցաւ կու տայ։ Անոր համար 2022 տարին աւելի լաւ տարի մը կ’ըլլայ, երբ մարդիկ կ’աշխատին այդ բարիքներու իրականացման համար։ Հակառակ պարագային՝ նորութիւն պիտի չըլլայ, քանի նորութիւնը կը սկսի մարդու հոգիին մէջ»։ Ապա բացատրեց օրուան Աւետարանական պարբերութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ Վերջին Ընթրիքի ընթացքին Տէր Յիսուսի եւ Պետրոս Առաքեալի զրոյցին մասին, երբ Առաքեալը կը պնդէր, որ միշտ հաւատարիմ պիտի մնար իր Վարդապետին։ Այս դէպքէն մեկնելով, անդրադարձաւ որ Տէր Յիսուս ուշադրութիւն կը հրաւիրէր այն իրողութեան, որ կեանքը, շրջանակը մարդը կը փորձեն։ Անկումի մէջ ալ իյնանք, եթէ հաւատք ունինք եւ եթէ վառ պահենք այն հաւատքը, անկումը մեր վերջը պիտի չըլլայ եւ պիտի կարենանք վերականգնիլ։ Ամանորի պատգամը կը թելադրէ պահել մեր հաւատքը։ Կրնանք ամէն ինչ կորսնցնել, սակայն պարտինք պահել մեր հաւատքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը նմանութիւն մը ընելով, ըսաւ որ հաւատացեալը կը նմանի գնդակի մը, որ հոգ չէ թէ ջուրի մէջ ընկղմուի, եթէ հաւատք ունի, առաջին առթիւ որ ազատ կը մնայ, անմիջապէս ջուրին երեսը կը բարձրանայ։ Պէտք է հարցնենք թէ այդ հաւատքը ունի՞նք կամ ոչ եւ պահենք մեր հաւատքը։ Հաւատքը ինկած մարդը վերստին ոտքի կը հանէ։ Յիսուս աղօթեց, որ Պետրոսի հաւատքը չսպառի։ Մենք ալ աղօթենք իրարու համար, որ մեր հաւատքը չհատնի։ Նոյնիսկ համավարակի պայմանները սաստկանան, տնտեսական ճգնաժամը աւելի դժուարացնէ մեր կեանքը, մեր հաւատքով միայն կարելի կ՚ըլլայ յաղթել այս բոլորին եւ վերագտնել մեր ներքին անդորրութիւնը։ Այս մէկը պէտք է ընենք թէ որպէս անհատ եւ թէ որպէս հաւաքականութիւն, որպէսզի յարատեւենք ապրիլ։ Այդ հաւատքը պիտի փրկէ մեզ։ Հաւատքով է, որ մեր Արարիչէն բան մը պիտի կարենանք խնդրել։
Պատրիարք Հայրը իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «67 թուականին Իսրայէլի ժողովուրդը ցիրուցան եղաւ, Երուսաղէմը տակնուվրայ եղաւ, տաճարը կործանեցաւ, պատարագի դրոյթը կանգ առաւ։ Այս պարագային ժողովուրդի առաջնորդները ճար մը գտան. Ամէն առիթով, ամէն անգամ երբ քով քովի կու գային ու բաժակ կը բարձրացնէին, անպայման բաժակ մըն ալ կը բարձրանար ըսելով. «Գալ տարի Երուսաղէմի մէջ»։ 1900 տարիներ շարունակ ազգ մը այսպէս ըրաւ, կորսնցուցած հայրենիքին համար հաւատքով շարունակեց մաղթել։ Հաւատքը պէտք է պահենք։ Հաւատքն ալ մեզ պիտի պահէ։ Յոյս պիտի տայ մեզի։ Եթէ հաւատք ունինք, հարցեր ալ ունենանք, չենք կործանիր ու կը յարատեւենք։ Պետրոս ուրացաւ եւ Յուդա մատնեց Յիսուսը։ Երկուքն ալ մեղք գործեցին։ Սակայն Պետրոս պահեց իր հաւատքը, զղջաց ու դարձաւ։ Իսկ Յուդա կորսնցուց իր հաւատքը եւ անձնասպան եղաւ։ Յոյսն է մեզ վերջին լքողը, սակայն հաւատքն է, որ կը սնուցանէ յոյսը։ Այս տարի պիտի մտածենք մեր հաւատքը պահելու մասին։ Ձեր հաւատքին տէր դարձէք։ Նոր Տարուան պատգամս սա է. պահպանեցէք ձեր հաւատքը հովերէն եւ արտաքին զանազան ազդեցութիւններէն։ Տէրը զօրացնէ մեզ, որ մեր հաւատքին տէր դառնանք»։
Նորին Ամենապատուութիւնը, ապա արտայայտուեցաւ տեղական լեզուով։
Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ մեր Հոգեւոր Պետին «Պահպանիչ» աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun