Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 31 Դեկտեմբեր 2021, Ուրբաթ միջօրէին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Պատրիարքարանի անձնակազմը։
Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ հակառակ դեռ չսպառած թագաժահրի համավարակին, Ամանորի սեմին առիթը կը ներկայանայ Պատրիարքարանի անձնակազմին հետ մէկտեղուելու։ Հակառակ զանազան խոչնդոտներու, անձնակազմը կը շարունակէ իր պաշտօնը՝ ծառայելով աւելի քան 560-ամեայ պատկառելի այս հաստատութեան երդիքին տակ։ Կու գան բացասական դէպքեր եւ օրեր, սակայն Աստուծոյ կամքով եւ օրհնութեամբ հոգեւոր այս կեդրոնը կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Մեր Հոգեւոր Պետը հակիրճ անդրադարձ ըրաւ 2021 թուականին ու անցուդարձերուն վրայ եւ յոյս յայտնեց ու մաղթեց, որ յառաջիկայ նոր տարին ամէն ինչով ըլլայ նոր ու երջանկաբեր թէ իւրաքանչիւրին համար եւ թէ համայնքիս համար։
Հաւաքը իր աւարտին հասաւ աւանդական անուշապուրի հիւրասիրութեամբ եւ տօնածառի շուրջ հաւաքական նկարահանումով։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun