İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐ՝ ԱՐԺ. Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, գնահատելով իր տարիներու քահանայական վաստակը, ինզպէս նաեւ իր գրչի վաստակը, օրհնութեան գիր շնորհեց Արժ. Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանին։

Յանուն Նորին Ամենապատուութեան՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան տարեվերջի կէսօրին Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մէջ այցելեցին Արժ. Տ. Մաշտոց Քահանան։

Հայր Սուրբը կարդաց Ամենապատիւ Տիրոջ օրհնութեան գիրը, ուր գրուած էր.

«Աստուծոյ կամքով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ  անդաստանին մէջ որպէս քահանայ ծառայութեան կոչուեցաք ձեռամբ Երանաշնորհ Տ. Գարեգին  Ս. Պատրիարք Հօր։

Դուք, նախ քան Ձեր քահանայ ձեռնադրուիլը, գործած էք որպէս իրաւաբան, որուն մասին ազգայիններէ տեղեկացած ենք թէ Ձեր ասպարէզը կիրարկած էք խղճմտութեամբ եւ ուղղամտութեամբ։

Հոգեւոր վերին իշխանութիւնը տեսած էր նաեւ Ձեր հաւատաւոր կեցուածքը ի մէջ Սուրբ Եկեղեցւոյ, մանաւանդ Ձեր ընտանեկան կեանքին մէջ տիրող հոգեւոր ու ազգային արժէքներու մթնոլորտը։ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, Ձեզի յանձնարարուած պատրաստութեան շրջանին սիրով ենթարկուեցաք ու ի վերջոյ արժանացաք քահանայական սուրբ աստիճանին։

Ձեր քահանայական պարտականութիւնները կատարած էք այն չափով, որչափ որ Տէրը շնորհած էր Ձեզի։ Սակայն ունեցած էք առաքինութիւն մը, որով հետեւած էք մեր Սուրբ Թարգմանիչ Վարդապետներու ուղիին եւ  Ձեր գրիչը ի սպաս դրած էք ստորագրելով բազմաթիւ յօդուածներ, «Ժամանակ» օրաթերթի սիւնակներուն մէջ։ Վստահ ենք, թէ Հայ լեզուին ու գրականութեան ինչպէս նաեւ հոգեւոր արժէքներու հանդէպ Ձեր նախանձախնդրութիւնը, որպէս հօրենական աւանդ ի տղայ տիոց արծարծուած են Ձեր ընտանեկան յարկին տակ ու զարգացած՝ Մխիթարեան հայրերու շունչով։

Ձեր ստորագրած յօդուածները ունեցած են դաստիարակիչ ու ուսուցանող արժէք, որոնք գնահատուած են ընթերցող հասարակութեան կողմէ։

Մեզ համար ուրախացուցիչ պարագայ մըն է տեղեկանալ թէ Ձեր յօդուածները պիտի վերածուին գիրքի, որ վստահաբար իր արժանի տեղը պիտի գտնէ մատենադարաններու մէջ։ Ուստի այս առթիւ կը գնահատենք Ձեր ծառայութիւնը եւ Ձեզի կը շնորհենք սոյն ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐը, կցելով անոր Մեր աղօթքները։ Ամենակալն Աստուած Ձեզի պարգեւէ քաջառողջ կեանք։

«Որ վարձահատոյցն է հաւատարիմ պաշտօնէից եւ սիրողացն Եկեղեցւոյ Իւրոյ սրբոյ, Երկնաւոր Քահանայապետն մեր Յիսուս Քրիստոս, լցուսցէ զՁեզ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ արժանի արասցէ Ձեզ երկնաւոր պարգեւացն անապականութեան։

Ողջ լեր ի խնամս Տեառն, զօրացեալ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ։ Ամէն»։

Հայր Սուրբը փոխանցեց նաեւ Նորին Ամենապատուութեան հայրական օրհնութիւններն ու արագ ապագինման մաղթանքները։

Տէր Հայրը խորապէս զգացուած՝ որդիական երախտիքը յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան եւ արեւշատութիւն մաղթեց իրեն, շնորհաւորելով նաեւ մօտալուտ ամանորը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın