Պատրիարքական Աթոռոյս հովանաւորութեամբ գործող Հայ Մենթի-Մենթոր ծրագիրը սկսաւ իր նոր շրջանին։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 28 Դեկտեմբեր 2021, Երեքշաբթի գիշեր, Մարիոթ Հիւրանոցի մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին մէկտեղուեցաւ նոր շրջանի մենթիներու եւ մենթորներու հետ։ Հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Իսկ Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանար Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Նորա Քումրալի հանդիսավարութեամբ կայացած հաւաքի բարի գալստեան խօսքը արտասանեց ծրագիրներու խորհրդական Տքթ. Մերի Թաքսի Տէվէճիեան եւ արտայայտեց նոր շրջանի պատճառաւ ունեցած ուրախութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ բոլոր մասնակիցներուն։ Ծրագրի համակարգող Ժպիտ Էօղէր յայտնեց, որ Հայ Մենթի-Մենթոր ընտանիքը օր ըստ օրէ կը բազմանայ։ Ան ըսաւ նաեւ որ նոր շրջանին պիտի հաստատուին հանրային զրոյցներ, մասնագիտական բնոյթով աշխատանքներ, մասնագիտական միութիւններ, արուեստի եւ պտոյտներու ճիւղեր։ Էօղէր յարգանքով յիշեց նաեւ Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը։
Ելոյթներ ունեցան Ծրագրաւորման ներկայացուցիչ Ժպիտ Լոյս Կէզէր, ծրագիրներու մասնակիցներ՝ Տոց. Տքթ. Քոզէթ Ավանուս, Երազ Չաղլայեան, Այգ Կէզէր, Շիլա Փաքեիւզ, Լեռնա Մէզիրճեան Չանքըրը, Արիս Տիգրան Նշան եւ Ռուտի Էքսէր։
Ծրագիրներու համակարգողի օգնական Գարոլին Իւչէր Իչլիեիւրէք յայտարարեց 2021-2022 շրջանի Մենթի եւ Մենթոր խմբաւորումները։
Հաւաքի ընթացքին խօսեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ շեշտեց Հայ Մենթի-Մենթոր ծրագրի կարեւորութիւնը, զայն նկատելով սուրբ գործ, որուն գոյութեան պատճառաւ ուրախ էր։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ միշտ զօրավիգ է ու պիտի շարունակէ ըլլալ երիտասարդներու ուղղեալ ամէն աշխատանքի, քանի որ երիտասարդներն են մեր ապագան։ Մինչեւ լիսէական շրջան համայնքային մեր վարժարաններուն մէջ ջանք չենք խնայեր, որ մեր երիտասարդներուն սորվեցնենք ու ներարկենք իրենց պապերուն հաւատքը, լեզուն ու մշակոյթը, նման ծրագիր մը կարեւոր է, որպէսզի նոյն գործը շարունակուի երիտասարդներու համալսարանական շրջանին եւս։ Մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ վայրաշարժ մեքենայի ու ձիւնեգնդակի նմանութիւններով անդրադարձաւ Տքթ. Մերի Թաքսի Տէվէճիեանի օրինակին, որ վայրաշարժ մեքենայի նման յառաջ կը տանի խումբը եւ սակաւաթիւ խումբը ձիւնեգնդակի նման մեծնալով, այսօր աւելի քան 80 անդամներով յոյս կը ներշնչէ բոլորիս։ Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց նաեւ, որ այս ծրագիրը աւելի բազմանալով ապագային հասնի մեր բոլոր երիտասարդներուն, որու համար տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։
Հաւաքը շարունակուեցաւ ծրագրի համակարգողներու ելոյթներով եւ Երազ Չաղլայեանի հայերէն երգերով։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun