İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ 28 Դեկտեմբեր 2021, Երեքշաբթի, շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ Ասորի Ուղղափառ եւ Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներուն։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանային Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց Վարիչ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Առաջին այցելութիւնը տրուեցաւ ժամը 14.00-ին Թարլապաշըի Առաջնորդարանին մէջ Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիւքսինոս Սրբազան Մետրոպոլիտին։ Նորին Ամենապատուութիւնը Առաջնորդարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ Սրբազան Մետրոտոլիտի գլխաւորութեամբ քահանաներու եւ սարկաւագներու խումբէ։ Դիմաւորութեան եկած էին նաեւ եկեղեցւոյ վարչութեան անդամները։ Սրբազան Մետրոպոլիտը եւ հոգեւորականներ Ասորի ծէսի շարականներով ողջունեցին Նորին Ամենապատուութիւնն ու հետեւորդները։ Ապա առաջնորդարանի սրահին մէջ ընդունելութիւն կայացաւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը հանդէս եկաւ շնորհաւորական պատգամով եւ ներկաներուն փոխանցեց իր, Կրօնական Ժողովի, հոգեւորականներու եւ պաշտօնական մարմիններու ու հաւատացեալ ժողովուրդի բարեմաղթութիւնները։ Սրբազան Մետրոպոլիտը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց մաղթանքներուն համար եւ ընդգծեց, թէ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան աւետիսը առաւել եւս զօրացնէ եւ սերտացնէ երկու քոյր եկեղեցիներու դարաւոր բարւոք յարաբերութիւնները։

Ընդունելութեան աւարտին երկու հոգեւոր պետեր, իրենց հետեւորդներով իջան Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի եւ միասնաբար աղօթեցին վասն խաղաղութեան ամենայն աշխարհի եւ բարօրութեան՝ համայն մարդկութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հետեւորդները հրաժեշտ առնելով, ժամը 15.00-ին այցելեցին Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ապտիւլահատ Օրհան Չանլը Քորեպս.ը, Այասփաշայի Պատրիարքական Փոխանորդարանին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հետեւորդները փոխանորդարանի մուտքին դիմաւորուեցան մեծահանդէս արարողութեամբ։ Տիկնանց Յանձնախումբի անդամուհիները Ասորիներու աւանդական «զըլղըթ»ներով ու ծափահարութեամբ սկսած հանդիսաւոր դիմաւորումին կը մասնակցէին նախկին Պատրիարքական Փոխանորդը՝ Մոնս. Եուսուֆ Սաղ Քորեպս.ն ու սարկաւագներ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շուրջառ զգեցաւ եւ Ասորի շարականներու երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցի, ուր բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Մոնս. Ապտիւլահատ Օրհան Չանլը Քորեպս.։ Իր խօսքին մէջ ընդգծեց Նորին Ամենապատուութեան դրական կեցուածքը եկեղեցիներու բարւօք յարաբերութեանց մշակման ուղղութեամբ։ Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած այս բացառիկ հանդիսաւոր ընդունելութեան համար եւ իր կարգին անդրադարձաւ եկեղեցիներու միասնականութեան կարեւորութեան եւ մաղթեց, որ օր մը իրականանայ եկեղեցիներու ցանկալի միութիւնը, ընդ հովուապետութեան Յիսուս Քրիստոսի։

Եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որու աւարտին Մոնս. Չանլը Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց Աստուածամօր սրբանկար մը, նաեւ գաղթական Ասորիներու վկայութիւնները ներկայացնող գիրքէն օրինակներ։

Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը հրաժեշտ առնելով վերադարձաւ իր Աթոռը։

http://Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın