Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 26 Դեկտեմբեր 2021, Կիրակի, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց եկեղեցւոյ տօնախմբութեան։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ Ուզունեանի եւ Մուրատ Էօզչէլիքի գլխաւորած թաղային խորհուրդի անդամները հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը: Թագաժահրի (քորոնա) համավարակի պատճառաւ տօնախմբութիւնը սահմանափակուած էր միայն Ս. Պատարագով եւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ։
Առաւօտեան ժամերգութենէն ետք, Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ Ուզունեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սարկաւագներ՝ Սեդրաք Տավութհան եւ Սարվէն Պըչաքճը, ուրարակիրներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Զուարթնոց Դպրաց Դաս – Երգչախումբի եւ Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս – Երգչախումբի միացեալ կազմին կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Տիար Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Տիար Հերման Փորթաքալեանի։ Ներկայ եղաւ նաեւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Պատրիարք Հայրը քարոզեց «Ես եկայ, որ դուք կեանք ունենաք,աւելի եւս կեանք ունենաք» բնաբանով։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց կեանքին կարեւորութիւնը եւ մարդ արարածին իր կեանքը երկարելու մարմաջը։ Յետոյ խօսելով հիւանդութիւններու մասին, ըսաւ որ անոնք ոչ թէ ճակատագրական պէտք է ընդունիլ, այլ անոնց դէմ պէտք է պայքարիլ։ Տէր Յիսուս ալ երբ հիւանդներու հանդիպեցաւ, բժշկեց զանոնք եւ ո՛չ թէ համբերութեան հրաւիրեց։ Մինչեւ իսկ մահացածին վերստին կեանք տուաւ։ Մեր հաւատքին մեծագոյն հրաշքն ալ այս է. յարութիւնը։ Քանի կեանքը ամենաթանկագին բանն է, պէտք է դիմադրել հիւանդութեանց ու մահուան դէմ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ներկաները ուշադրութեան հրաւիրեց իրենց առողջութեան վրայ։ Նման է պարագան հաստատութիւններու համար եւ անոնց համար ալ պայքար պէտք է մղել։ Մեր Հոգեւոր Պետը ուշադրութիւն հրաւիրեց Կէտիկփաշայի վրայ, որ հայաթափ եղած ըլլալով հանդերձ կենսունակ եկեղեցի ունի։ Մօտակայ Գոց Շուկայի աշխատաւոր մերազն հաւատացեալներու ալ մասնակցութեամբ եւ յատկապէս Աստուծոյ Խօսքի քարոզութեամբ այս Ս. Եկեղեցին կը գոյատեւէ։ Գնահատեց ու շնորհաւորեց ներկայ թաղային խորհուրդի կազմը, որ իմաստութեամբ կը շարունակէ իր աշխատանքը։ Շնորհաւորեց նաեւ Եկեղեցւոյ Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբը։ Գնահատեց նաեւ տեղւոյն հովիւ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ Ուզունեանը եւ ըսաւ թէ Կէտիկփաշան մահուան դիմադրելու եւ յարութեան խորհրդանիշ է մեզի համար։
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա անդրադարձաւ հանգուցեալ Թաթուլ Ծ. Վրդ.ի քառասունքին մասին եւ ըսաւ, «Ան իր ցաւերուն մէջ իսկ հաւատքով պայքարած էր մահուան դէմ եւ մինչեւ իր վերջին շունչը, նոյնիսկ հիւանդանոցի սենեակէն բարաւ իր ծառայութիւնը։ Յարգանքով ու հանգստեան աղօթքով կը յիշենք զինքը. դուք ալ աղօթեցէք սիրելի Հայր Թաթուլին հոգիին համար՝ քառասունքին առթիւ»։
Պատրիարք Հայրը ապա արտայայտուեցաւ տեղական լեզուով։
Քարոզի աւարտին, ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց Բրկ. Կարէն Դպ. Յովհաննէսեանին։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն, հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան եկեղեցւոյ հիմնադիրները, քարոզիչները, հոգեւոր հովիւները, բարերարները եւ ժողովուրդը։ Քառասունքին առթիւ յատկապէս յիշատակուեցաւ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, որ տարիներ շարունակ Կէտիկփաշայի Եկեղեցւոյ մէջ անձնուիրաբար ծառայած էր։
Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ մեր Հոգեւոր Պետին «Պահպանիչ» աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։
Եկեղեցւոյ յարակից Մեսրոպեան սրահին մէջ Թաղային Խորհուրդը Նորին Ամենապատուութիւնը եւ արարողութեան մասնակիցները հիւրասիրեց սիրոյ սեղանի շուրջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun