Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի քառասունքին առթիւ, Գաւառի Տեսուչ եւ Հաթայի եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, 26 Դեկտեմբեր 2021, Կիրակի, Մուսա Լերան Վաքըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց։
Տէր Հայրը ի ժամ Ս. Պատարագի խրատական խօսեցաւ եւ վեր առաւ Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կեանքն ու վաստակը։ Ան յիշեց, որ ան որքան կը հետաքրքրուէր գիւղով եւ դեռ քանի մը ամիս առաջ Հայր Սուրբը քանի մը օրով եկած էր գիւղ՝ հանգստանալու համար։
Յաւարտ Ս. Պատարագի հանգստեան կարգ կատարուեցաւ հանգուցեալ Հայր Սուրբի հոգւոյն ի հանգիստ։ Իսկ եկեղեցական արարողութենէ ետք, հոգեճաշ բաժնուեցաւ հաւատացեալներուն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun