İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 24 Դեկտեմբեր 2021, Ուրբաթ երեկոյեան, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ նախագահեց Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագինախատօնակին։

Աթոռոյս միաբան Հայր Սուրբեր ժամը 18.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդեցին ՄայրՏաճար, որու մուտքին քահանայից, սարկաւագաց եւ կիսասարկաւագաց դասերը թափօր կազմածկը սպասէին։ 

Նախ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։ Ապա սկսաւ նախատօնակը։ Սարկաւագներ եւկիսասարկաւագներ սաղաւարտներով եւ մոմեր ի ձեռին շարուեցան։ Ապա զոյգ զոյգ խնկարկեցինՍ. Աւետարանին, ապա՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, մինչ այդ քահանայից դասուն հետ երգուեցան Ս. Ստեփանոսի շարականները։

Հանդիսաւոր ժամերգութեան աւարտին քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը, բնաբան ունենալովՍ. Ստեփանոս Նախասարկաւագի վերջին խօսքերը. «Տէր Յիսուս, ընդունէ՛ իմ հոգիս» (Գործ. Է.58)։Մեր Հոգեւոր Պետը նախ ծանրացաւ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի քարկոծման պահունաղօթքին եւ այդ աղօթքի Տէր Յիսուս Քրիստոսի վերջին խօսքերուն նմանութեան։ ՆորինԱմենապատուութիւնը շեշտեց, որ Ս. Ստեփանոս կը ջանար նմանիլ իր Տիրոջ՝ Տէր Յիսուսին, մինչեւիսկ մահուան պարագային եւ ընդգծելով Ս. Ստեփանոսի նախասարկաւագ ըլլալու պարագան, ըսաւ որ Սուրբը տիպարը պէտք է ըլլայ բոլոր սարկաւագներուն անխտիր իր կեանքովն ու վարքովը։Նորին Ամենապատուութիւնը իր խօսքը աւարտեց մեր բոլոր սարկաւագ ու կիսասարկաւագներունարեւշատութիւն եւ արդիւնաբեր ծառայութիւն մաղթելով։ 

Ժամերգութիւնը իր աւարտին հասաւ միաբերան արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։

Ապա ներկաներ անցան եկեղեցւոյ յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահը, ուր հաւաքուեցանՊատրիարքական Աթոռոյ եկեղեցասէր տիկիններու կողմէ պատրաստուած սիրոյ սեղանին շուրջ։

Այստեղ նախ յանուն քահանայից դասուն խօսք առաւ լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ անգամ մը եւս շեշտեց սարկաւագութեան եւ սարկաւագներուն կարեւորութիւնը մերեկեղեցւոյ եւ պաշտամունքի մէջ։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց ներկայ մեր սարկաւագներուն ուկիսասարկաւագներուն ծառայասիրութեան համար եւ յարատեւութիւն մաղթեց բոլորին։

Ապա յանուն սարկաւագաց դասուն հանդէս եկաւ Բրշ. Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան եւ երգովմասնակցեցաւ սիրոյ սեղանին։ Յանուն կիսասարկաւագներուն խօսեցաւ Բրկ. Գարեգին Կսրկ. Պարսամեան։

Երգուեցան հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգեր։ 

Յանուն վեղարաւոր հայրերու ուղերձ արտասանեց Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան։

Իսկ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան հանդէս գալով յիշեց այն սարկաւագներն ուկիսասարկաւագները, որոնք առողջական պատճառներով կը բացակայէին սոյն հանդիսութենէն։Հայր Սուրբը յարգանքով յիշեց ու յիշեցուց իրենց ծառայութիւնը, սկսեալ ամենաաւագ սարկաւագէն՝Բրշ. Յակոբ Սրկ. Փափազեանէ, արտասահմանի մեր ամենաաւագ եւ ամենաերէց սարկաւագէն՝Բրշ. Արտաշէս Սրկ. Նշանեանէ, մինչեւ աւելի կրտսերները, բոլորին առողջութիւն ու արեւշատութիւնմաղթեց։

Հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ անգամ մը եւս շնորհաւորեց բոլորը եւյարատեւութիւնը մաղթեց բոլորին իրենց աստուածահաճոյ եւ եկեղեցանուէր ծառայութեան մէջ։

Ապա մեր Հոգեւոր Պետը սարկաւագներուն ու կիսասարկաւագներուն 2022 տարւոյ օրացոյցներէննուիրելով, այժմէն շնորհաւորեց նոր տարին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın