Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 22 Դեկտեմբեր 2021, Չորեքշաբթի, ժամը 18.00-ին Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ ընդունեց Պոլսոյ մէջ համայնքի ծիրէն ներս գործող աշխատանքային խումբերու ներկայացուցիչները։ Նորին Ամենապատուութեան հրաւէրին ընդառաջած էին «Բարի Լոյս», «Մեր Հայեր», «Միասին» եւ Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի ծիրէն ներս գործող երիտասարդաց յանձնախումբը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։
Ինչպէս ծանօթ է, Նորին Ամենապատուութիւնը նախապէս հանդիպումներ ունեցած էր համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, այս անգամ փափաքած էր նաեւ հանդիպում ունենալ սոյն աշխատանքային խումբերու ներկայացուցիչներուն հետ մօտէն ծանօթանալու առաջադրութեամբ։
Մեր Հոգեւոր Պետը ողջունեց մասնակիցներու ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ ընդառաջած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնի հրաւէրին։ Բացատրութիւններ տուաւ մեր համայնքային կառոյցին մասին, մի առ մի ներկայացնելով այն բոլոր պաշտօնական մարմինները, որոնք կը գլխաւորէին համայնքէն ներս կատարուած կրօնական, վարչական, կրթական, բարեսիրական, մշակութային գործունէութիւնները եւ ներկայ խումբերու ներկայացուցիչները մի առ մի հրաւիրեց, որ իրենց խումբերու առաքելութեան եւ աշխատանքներուն մասին արտայայտուին։
Նորին Ամենապատուութիւնը հետաքրքրութեամբ լսեց տրուած տեղեկութիւնները եւ ծանօթացաւ ցարդ իրենց ունեցած գործունէութեանց հետ։ Ըստ տրուած տեղեկութեանց «Բարի Լոյս» խումբը ունէր ընկերային գործունէութիւն եւ իրենց կազմութեան առաջին իսկ մէկ օրէն ստեղծուած ընկերային միասնականութիւնը ցարդ կը շարունակուէին պահել եւ համացանցային դրութեամբ ունէին բազմաթիւ համակիրներ եւ կը հետաքրքրուէին կարիք ունեցող անհատներու հետ եւ ի պահանջել հարկին անոնց ուղղութիւն կու տային դիմելու պատկան մարմիններուն, որոնց անկ էր իրենց հարցերուն լուծում գտնելը։
«Մեր Հայեր» խումբը ունէր ընկերային օժանդակութեան առաքելութիւն եւ ցարդ օժանդակութիւն հասցուցած էին կարօտ ընտանիքներու կամ անհատներու եւ կամ կրթական ու բարեսիրական հաստատութիւններու։ Իրենց առաքելութիւնը կ՚իրականացնէին քաղաքապետութիւններու եւ բարերար անհատներու ընձեռած օժանդակութեամբ։
«Միասին» խումբը ունէր համացացնացային դրութեամբ մշակութային գործունէութիւն եւ կ՚օժանդակէր անոնց, որոնք կը փափաքէին Հայերէն սորվիլ։ Իրենք կը ջանային օգտակար ըլլալ Հայերէնի բոլորովին անգիտակ եւ կամ նուազ ծանօթ անհատներու։
Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի ծիրէն ներս գործող երիտասարդաց յանձնախումբի ներկայացուցիչները յայտնեցին, թէ իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալէին օժանդակ հանդիսանալով Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբին։
Սրբազան Պատրիարք Հայրը, բոլորը լսելէ յետոյ յայտնեց իր գաղափարը, ըսելով թէ որպէս Պատրիարք կ՚ողջունէր համայնքի անդամներուն ուղղեալ աշխատանքները, մանաւանդ բարեսիրական նպատակաւ, եւ կը գնահատէր այս ուղղութեամբ աշխատողները։ Թելադրեց որ ընկերային օժանդակութեանց նպատակաւ տարուած աշխատանքները ունենան պաշտօնական կառոյցներ, որպէսզի կանխուին մանաւանդ նիւթական առումով յառաջանալի դիւրիմացութիւնները։ Բոլորին յայտնեց, թէ Պատրիարքարանը իրենց տունն է եւ կրնան հարկաւոր պարագաներուն այցելել եւ նոյնիսկ իրենց խորհրդակցութիւնները ունենալ Պատրիարքարանի երդիքին տակ եւ ինք անձնապէս պատրաստ է ոչ միայն հովանաւորելու, այլ նաեւ իր հայրական թելադրութիւններով ուղղութիւն տալու բոլորին։ Իր գոհունակութիւնը յայտնեց, անոր համար որ աշխատանքային խումբեր այս հանդիպումին առիթը ունեցած էին նաեւ զիրար մօտէն ճանչնալու եւ հաղորդ դառնալու իրենց աշխատանքային դրութեան։
Ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր, որ հայրական մերձեցումով հրաւիրած էր զիրենք ու առիթ ընծայած՝ արտայայտուելու իր գլխաւորութեամբ իրականացած այս հանդիպումին։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր կարգին հայրական օրհնութիւնը տալով բարեմաղթութիւններ ըրաւ մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun