İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԵՐՋԱԲԱՆ՝ ԳԱՆՁԱՏԱՆ ՄԱՍԻՆ (ՄԱՍ 5 եւ վերջ)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Այցելութեան աւարտին, տեսած ըլլալով գանձատան գոյքերու տակաւին միայն մէկ մասը, արդէն իսկ ոգեւորուած կը զգայի Տէր Հօր հետ միատեղ։ Հիասքանչ նկարներ, գոյքեր, զգեստներ, գորգեր, ձեռագործեր, խաչեր, գաւազաններ կը ցուցադրուէին, իսկ միւս կողմէ տակաւին դասաւորման գործընթացի մէջ էին տակաւին ինչ ինչ գոյքեր։

Մինչ այդ, Թանգարանի Տեսուչ՝ Ասողիկ Աբղ. Կարապետեանի հետ զրուցելու եւ թանգարանի մասին ամփոփիչ տեղեկութիւններ ստանալու առիթն ունեցանք։ Թանգարան – Գանձատունը յետ վերաշինութեան աշխատութիւններու ընդարձակուելով, առաւել եւս ճոխ նմոյշներով պիտի շարունակէ ներկայանալ այցելուներուն։ 

Այս բոլորին մէջ, անգամ մը եւս կրկնեցի, թէ՝ արժան եւ իրաւ են այն բոլոր ծախսերը, որոնց շնորհիւ այս գանձերը կը ներկայանային թէ՛ օտար եւ թէ՛ հայազգի այցելուներուն։ Առ հասարակ, այս այցը, առիթ եղաւ որ «գանձ» բառի տարբեր երեսակները արժեւորեմ եւ այս բոլորին մէջ անգամ մը եւս յիշեմ, թէ՝ մեր նախնիք Աստուծոյ ընծայման մէջ գտեր են իրենց գանձը։ Անոնք, գործեր են իրենց ձեռքերով նիւթականը եւ վերածեր են զայն աննիւթականը պատմող իրեղէնի ի սպաս դնելով տաղանդն ու ոսկին։ 

Ուստի, կը մնայ կատարել բարեմաղթութիւն ըսելով. «Տէր, անսասան պահէ քու փառքդ պատմող այս գանձատունը եւ կանգուն պահէ իր մէջ ամփոփուած բոլոր գանձերը»։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ, 

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին 

16 Դեկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın