Պատրիարքական Աթոռը ընդառաջելով մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու խնդրանքին, ներկայացուած դպրութեան աստիճաններու թեկնածուները հրաւիրած էր ներկայանալ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր։
Այս առումով Նորին Ամենապատուութիւնը 21 Դեկտեմբեր 2021, Երեքշաբթի, ժամը 19.00-ին ընդունեց բոլորը Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան Սրահին մէջ։ Մեր Հոգեւոր Պետի կողքին ներկայ էին Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ կայացած հանդիպումը սկսաւ աղօթքով։ Հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան ի Քրիստոս ննջած դպիրները։ Ապա մեր Հոգեւոր Պետը ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց բերած մասնակցութեան համար։ Հայրական յորդորներով ընդգծեց եկեղեցւոյ սպասաւորներու պատրաստութեան կարեւորութիւնը։ Այս առումով յիշեցուց, թէ դպրաց պատրաստութիւնը ամէն բանէ առաջ դպիրներու հոգեւոր զարգացման ու գիտելիքներով հարստացման միջոց էր։ Երբ դպիրներ հաւատքով ու իրենց կատարած արարողութեան իմաստին թափանցելով կը ծառայեն, իրենց համար այդ կ՚ըլլայ իրաւ Աստուածպաշտութիւն, իսկ հակառակ պարագային՝ կը վերածուին մեքենայաբար գործողներու, ինչ որ հոգեւոր առումով ոչ մէկ բան կը շահեցնէ։
Ապա արտայայտուեցաւ Արժ. Տ. Տրդատ Աւագ Քահանան եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց դպրութեան թեկնածուներու պատրաստութեան ծրագրին մասին եւ ներկաներու նկատառման յանձնեց, թէ Պատրիարքական Աթոռին խնդրանք ներկայացուած էր, որ եկեղեցիներու մէջ ծառայող դպիրներ վարժուին երաժշտական մարզին մէջ, դառնալու համար քաջավարժ երաժիշտներ։ Երաժիշտներու պատրաստութեան համար եւս կը մշակուէր յատուկ ծրագիր, առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Էտվին Յարութիւն Սրկ. Կալիպեանի։
Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ վերջ գտաւ հաւաքը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun